«Յանուն զինաթափման եւ խաղաղութեան»․ Լեւոն ԺԴ. Մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Զինուած հակամարտութիւններով եւ ռազմական ծախսերու շարունակական աճով յատկանշուած աշխարհի մը մէջ, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը իր Մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը կը նուիրէ զինաթափման եւ խաղաղութեան։ Աղօթքին տեսերիզը հրատարակուեցաւ այսօր՝ 5 Մարտին, եւ տարածուեցաւ Քահանայապետի համաշխարհային աղօթքի ցանցի միջոցաւ՝ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան հետ համագործակցութեամբ։
«Աղօթեցէ՛ք Պապին հետ» արշաւի միջոցաւ Սրբազան Հայրը խաղաղութեան յոյսով լի կոչ կ’ընէ՝ յիշեցնելով, որ Աստուած «հաղորդութեան համար է, ոչ թէ՝ պատերազմի, եղբայրութեան համար է, ոչ թէ՝ աւերումի»։
Լեւոն ԺԴ․ կը հրաւիրէ զինաթափելու «մեր սրտերը ատելութենէ, քինախնդրութենէ, անտարբերութենէ», ընդգծելով, որ իրական անվտանգութիւնը «չի ծնիր վախէն սնուած հսկողութենէ, այլ՝ փոխադարձ վստահութենէ, արդարութենէ եւ ժողովուրդներու միջեւ զօրակցութենէ»։
Նորին Սրբութիւնը, կը խնդրէ Տիրոջ լուսաւորելու ազգերու առաջնորդները, որպէսզի «քաջութիւնը ունենան հրաժարելու մահուան ծրագիրներէն, կանգնեցնելու սպառազինութիւններու մրցավազքը եւ կեդրոնին դնելու ամէնէ խոցելիներու կեանքը», եւ վճռականօրէն մերժելու մարդկութեան ապագան պայմանաւորող հիւլէական սպառնալիքը։
Միշտ աւելիով սպառազինուած աշխարհ
Սթոքհոլմի միջազգային խաղաղութեան հետազօտութիւններու հիմնարկին (SIPRI) վերջին տուեալներու համաձայն համաշխարհային ռազմական ծախսեր մեծ աճ արձանագրած են։ Արդարեւ 2024ը եղած է անընդմէջ աճ արձանագրող տասներորդ տարին, հասնելով 2.7 միլիարդ տոլարի, որ նախորդ տարուայ համեմատ աճած է 9,4 առ հարիւրով՝ «SIPRI»ին կողմէ երբեւիցէ գրանցուած ամենաբարձր մակարդակը։
Լեւոն Պապը կը հաստատէ, որ խաղաղութիւնը իր Քահանայապետութեան մեծագոյն առաջնահերթութիւններէն է: Տակաւին իր Հռոմին ու համայն աշխարհին առաջին օրհնութեան մէջ խօսեցաւ «զինաթափ եւ զինաթափող» խաղաղութեան մասին:
Սրբազան Պապին «Յանուն զինաթափման եւ խաղաղութեան» աղօթքը
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Ամէն։
Կեանքի Աստուած, զոր կերտեցիր ամէն մարդ Քու պատկերովդ ու նմանութեամբդ, կը հաւատանք, որ Դուն մեզ ստեղծեցիր հաղորդութեան համար, ոչ թէ՝ պատերազմի, Եղբայրութեան համար, ոչ թէ՝ աւերումի։
Դուն, որ ողջունեցիր Քո աշակերտներդ «Խաղաղութիւն ընդ ձեզ» բառերով, տու՛ր մեզ Քու խաղաղութիւնդ եւ ուժ տուր՝ զայն իրական դարձնելու պատմութեան մէջ։
Այսօր կը բարձրացնենք մեր աղաչանքը յանուն աշխարհի մէջ խաղաղութեան, կը խնդրենք, որ ազգերը հրաժարին զէնքերէն եւ ընտրեն երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան ուղին։
Զինաթափէ մեր սրտերը ատելութենէ, քինախնդրութենէ, անտարբերութենէ, որպէսզի ի զորու ըլլանք դառնալու հաշտութեան գործիքներ։
Օգնէ մեզի հասկնալու, որ իրական անվտանգութիւնը չի ծնիր վախէն սնուած հսկողութենէ, այլ՝ փոխադարձ վստահութենէ, արդարութենէ եւ ժողովուրդներու միջեւ զօրակցութենէ։
Տէ՛ր, լուսաւորէ ազգերու առաջնորդները, որպէսզի քաջութիւնը ունենան լքելու մահուան ծրագիրները, կանգնեցնելու զէնքերու մրցավազքը եւ կեդրոն զետեղելու ամէնէ խոցելիներու կեանքը։
Թո՛ղ, որ հիւլէական սպառնալիքը այլեւս երբեք չի պայմանաւորէ մարդկութեան ապագան։
Սուրբ Հոգի, մեզ դարձուր հանապազօրեայ խաղաղութեան հաւատարիմ ու ստեղծագործ կառուցողներ, մեր սրտերու, մեր ընտանիքներու, մեր համայնքներու եւ մեր քաղաքներու մէջ։
Թո՛ղ, որ ամէն մէկ սիրալիր բառ, ամէն մէկ հաշտութիւն եւ ամէն մէկ երկխօսութեան ընտրութիւն` ըլլան նոր աշխարհին սերմերը։
Ամէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
