2026.03.15 Visita pastorale alla Parrocchia â  Sacro Cuore di Gesù a Ponte Mammoloâ

Լեւոն ԺԴ. Աւետարանը կոչ կ՛ընէ հիւրընկալելու, ոչ թէ դռները փակելու

Սրբազան Պապը Կիրակի 15 Մարտին այցելեց Հռոմի Փոնթէ Մամմոլոյի Յիսուսի Սուրբ Սիրտ Յիսուսի ժողովրդապետութիւնը հանդիպումներ ունենալով ժողովրդապետութեան զանազան խումբերուն հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի 15 Մարտ 2026-ի կէսօրէն ետքը Հռոմի Փոնթէ Մամմոլոյի Յիսուսի Սուրբ Սիրտ Եկեղեցւոյ տուած իր այցելութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. հանդիպեցաւ Ժողովրդապետութեան զանազան խումբերուն հետ սկսեալ մանուկներէն ու երիտասարդներէն անցնելով հիւանդներուն ու տարեցներուն ապա հովուական խորհուրդի անդամներուն հետ։

Այս առիթներով Քահանայապետը վերահաստատեց ընդունելութեան եւ ընդելուզման արժէքները՝ շեշտելով, թէ Աւետարանի պատգամը կը հրաւիրէ դռները բանալ ուրիշներուն առջեւ, մանաւանդ ամենէն խոցելիներուն դիմաց։

Ան գնահատեց ծխական համայնքի անդամները անոնց նուիրումին համար աղքատներուն, անօթեւաններուն, տարեցներուն, օտարականներուն եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն նկատմամբ։

Հաւատացեալներուն հետ հանդիպման ժամանակ ան ժողովրդապետութիւնը որակեց «յոյսի նշան»՝ աշխարհի մը մէջ, որ յատկանշուած է տառապանքով եւ դժուարութիւններով։

Այս առիթով երեխաները իրեն յանձնեցին իրենց մտածումները պարունակող գիրք մը, մինչ երիտասարդները ներկայացուցին համայնքային ծառայութեան եւ կազմակերպուած գործունէութիւնները։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ այսօր աշխարհի շատ վայրերու մէջ կը տարածուի ուրիշներուն առջեւ դռները փակելու միտումը, սակայն քրիստոնեաները կոչուած են հետեւելու Յիսուսի օրինակին՝ ընդունելով օտարականը եւ կարիքաւոր մարդը։

Այցելութեան ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Սուրբ Պատարագը որմէ առաջ հանդիպեցաւ տարեցներու եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու հետ եւ գովեց օտարականներու ներառման նախաձեռնութիւնները, որոնք կը կազմակերպուին Հռոմի բազմաթիւ ծխական համայնքներու կողմէ։

Ան ապա Հովուական Խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ քաջալերեց ժողովրդապետութեան Ռեպիպիա բանտի կալանաւորներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը՝ յիշեցնելով, որ նոյնիսկ անոնք, որոնք սխալներ գործած են, կրնան փոխել իրենց կեանքը։

Այցելութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ ընտանիքներու եւ կամաւորներու կողմէ, որոնք Պապին ներկայութիւնը որակեցին որպէս մերձաւորութեան նշան եւ խրախուսանք՝ շարունակելու համերաշխութեան եւ հիւրընկալութեան գործունէութիւնը։

Նախ քան Վատիկան վերադառնալը Քահանայապետը վերջին խօսք մը ուղղեց հաւատացեալներուն նշելով որ «Սուրբ Սրտի այս ծխական համայնքի անդամ ըլլալը իսկական վկայութիւն մըն է Աստուծոյ սիրոյն՝ աշխարհին մէջ եւ այստեղ՝ Հռոմի մէջ»։

«Շնորհակալութիւն այն ամէն բանին համար, զոր դուք կ’ընէք։ Շնորհակալութիւն այս կենդանի վկայութիւնը ըլլալուն համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը իր ուրախութիւնը յայտնելով այնտեղ գտնուելուն համար ապա մաղթեց որ «մինչեւ յաջորդ այցելութիւնը քառասուն տարի եւս պիտի չանցնի» տրուած ըլլալով որ Ժողովրդապետութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապէն առաջ ընդունած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի այցը 1986 թուականին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2026, 07:30