Քրիստոնեայ Ձեռնարկատէրերու եւ Տնօրէններու Շարժումին հարիւրամեակի առիթով, Քահանայապետը հրաւիրեց կազմակերպութիւնը տնտեսութիւնը ըմբռնելու որպէս մարդկային անձի զարգացման միջոց։ Քրիստոնեայ Ձեռնարկատէրերու եւ Տնօրէններու Շարժումին հարիւրամեակի առիթով, Քահանայապետը հրաւիրեց կազմակերպութիւնը տնտեսութիւնը ըմբռնելու որպէս մարդկային անձի զարգացման միջոց։  (REUTERS)

Լեւոն ԺԴ-ը ձեռնարկատէրերուն՝ տնտեսութիւնը պէտք է ծառայէ մարդուն

Կարդինալ Փիետրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ պատգամի մը մէջ, որ ուղղուած էր Քրիստոնեայ Ձեռնարկատէրերու եւ Տնօրէններու Շարժումին՝ կազմակերպութեան հարիւրամեակի առիթով, Լեւոն ԺԴը կը յորդորէ տնտեսութիւնը չդիտել որպէս շահոյթի կուտակման պարզ միջոց, այլ՝ համայնքի բարօրութեան ծառայող գործիք։ Ան նաեւ կը հրաւիրէ ձեռնարկատիրական աշխարհը երիտասարդներուն առաջարկելու «վստահութիւն», «կայուն աշխատատեղեր» եւ «հնարաւորութիւններ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիոն քաղաքի մէջ կայացած Քրիստոնեայ Ձեռնարկատէրերու եւ Տնօրէններու Շարժումի (Edc) հարիւրամեակի նշումին առիթով ուղղուած պատգամի մը մէջ,  Լեւոն ԺԴ Պապը կոչ ուղղեց ձեռնարկատիրական աշխարհին՝ խթանելու համապարփակ մարդկային զարգացում մը, որ կը յարգէ մարդու արժանապատուութիւնը եւ արարչագործութիւնը։

Տնտեսութիւնը ի նպատս համայնքի բարօրութեան եւ մարդոց աճին

Պետական քարտուղար կարդինալ Փիետրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ ուղարկուած պատգամին մէջ Քահանայապետը կը շեշտէ, որ տնտեսութիւնը պէտք չէ դիտել միայն որպէս շահոյթի կամ կուտակման միջոց, այլ որպէս դաշտ մը, որ կրնայ նպաստել համայնքի բարօրութեան եւ մարդոց աճին։

Քրիստոնէական հաւատքը, երբ ապրուի նաեւ տնտեսական աշխարհին մէջ, կրնայ ծնիլ պատասխանատուութիւն, ստեղծագործութիւն եւ յարգանք իւրաքանչիւր աշխատաւորի հանդէպ։

Նորին Սրբութիւնը ձեռնարկատէրերուն  կը յիշեցնէ իրենց հասարակական դերը՝ նշելով, որ ձեռնարկութիւնը մարդոց համայնք մըն է, որոնք կոչուած են միասին զարգանալու։ Այս տեսանկիւնէն, ըստ Քահանայապետին, տնտեսութիւնը պէտք է ամրապնդէ հասարակական կապերը, խթանէ արդարութիւնը եւ պաշտպանէ արարչագործութիւնը։

Յատուկ ուշադրութիւն երիտասրադներուն

Պատգամին մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի նաեւ երիտասարդներուն։ Լեւոն ԺԴ-ը կը հրաւիրէ ղեկավարները անոնց ընծայելու վստահութիւն, հնարաւորութիւններ եւ կայուն աշխատատեղեր, ինչպէս նաեւ խրախուսելու կրթութեան, զարգացման եւ պատասխանատու մասնակցութեան ուղիներ։ Այս պարտաւորութիւնը, ըստ Պապին, պատասխանատուութեան եւ յոյսի շօշափելի նշան մըն է հասարակութեան ապագային համար։

Պատգամի աւարտին Քահանայապետը իր գնահատանքը յայտնեց Քրիստոնեայ Ձեռնարկատէրերու եւ Տնօրէններու Շարժումին աշխատանքին նկատմամբ եւ քաջալերեց անդամները շարունակելու իրենց ճանապարհը՝ տնտեսական աշխարհին մէջ վկայելով Աւետարանի արժէքները եւ նպաստելով հասարակական բարիքի կառուցման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2026, 08:00