Որոնել

TOPSHOT-LEBANON-ISRAEL-US-IRAN-WAR

«Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն անունով. դադրեցուցէ՛ք կրակոցը». Լեւոն ԺԴ.

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Քահանայապետը հրադադարի զօրեղ կոչ մը ուղղեց ուղղուած Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտութիւններու պատասխանատուներուն իր աղօթական մօտիկութիւնը արտայայտելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց սիրելիները կորսնցուցին դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ բնակավայրերու վրայ կատարուած յարձակումներուն ընթացքին ապա հրաւիրեց դիմելու երկխօսութեան ճանապարհներուն հաստատելով որ «բռնութիւնը երբեք չի կրնար բերել այն արդարութիւնը, կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը, զոր ժողովուրդները կը սպասեն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի` 15 Մարտ 2026-ի կէսօրին, Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող եւ լրատուամիջոցներու միջոցաւ աղօթքին հետեւող բիւրաւոր հաւատացեալներուն, նշեց որ «երկու շաբաթէ ի վեր Միջին Արեւելքի ժողովուրդները կը տառապին պատերազմի ահաւոր բռնութենէն» ու «հազարաւոր անմեղ մարդիկ սպաննուած են, իսկ շատեր ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուները»։

«Կը նորոգեմ աղօթական իմ մերձեցումս բոլոր անոնց, որոնք իրենց սիրելիները կորսնցուցին դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ բնակավայրերու վրայ կատարուած յարձակումներու ընթացքին», ըսաւ ապա Քահանայապետը «մեծ մտահոգութեան պատճառ» համարաելով Լիբանանի իրավիճակը։

Ան ապա յոյս յայտնեց, որ երկխօսութեան ուղիներ  բացուին, որ նպաստեն երկրի իշխանութիւններուն ներկայ ծանր ճգնաժամին դիմաց կայուն լուծումներ գործադրելու, ի նպաստ բոլոր լիբանանցիներու ընդհանուր բարիքին»։

«Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ բոլոր բարի կամք տէր կիներու ու մարդոց անունով կը դիմեմ այս հակամարտութեան պատասխանատուներուն. դադրեցուցէ՛ք կրակոցը։ Թող վերականգնուին երկխօսութեան ճանապարհներ։ Բռնութիւնը երբեք չի կրնար բերել այն արդարութիւնը, կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը, զոր ժողովուրդները կը սպասեն» կոչ ուղղեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. ապա ողջունեց հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը եւ աւարտին բարի կիրակի մաղթեց բոլորին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2026, 12:24