Եկեղեցւոյ մէջ արդարութիւնը թող ըլլայ բարեգործութեան մէջ ճշմարտութեան որոնում. Լեւոն ԺԴ.
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ՝ 14 Մարտ 2026-ին, Վատիկան պետութեան դատարանի ներկայացուցիչներուն հետ իր առաջին պաշտօնական հանդիպման ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր կերպով յայտարարեց Դատական նոր տարեշրջանի բացումը։ Արտասանած պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ դատական գործունէութիւնը պարզապէս թեքնիք պարտականութիւն մը չէ, այլ «կարգաւորուած սիրոյ» դրսեւորում մը, որուն նպատակն է պահպանել եկեղեցական համայնքի միութիւնը։
Արդարութիւնը որպէս Սիրոյ կարգ
Քահանայապետը մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոի խօսքերը, վերահաստատեց այն գաղափարը, թէ հասարակութեան կարգը կը ծնի իրոյ կարգէն։ «Իրական արդարութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն իրաւաբանական կանոններով», ըսաւ Ան։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ երբ Աստուած կը դրուի կեդրոնը եւ դրացիին արժանաատուութիւնը կը յարգուի, արդարութիւնը կը դառնայ առաքինութիւն, որ կը կառուցէ հաղորդութիւն։
Յղում կատարելով Սուրբ Թովմաս Աքուինացիին՝ Քահանայապետը յիշեցուց արդարութեան դասական սահմանումը. «իւրաքանչիւրին տալ իր իրաւունքը»։ Այս սկզբունքը, հիմքն է ընդհանուր բարիքին եւ չի կրնար կախեալ ըլլալ ժամանակաւոր շահերէ։
Դատավարութիւնը՝ ճշմարտութեան որոնման վայր
Անդրադառնալով Վատիկան Պետութեան առանձնայատուկ դերին, Լեւոն ԺԴ. Ընդգծեց, որ դատական համակարգը էական է Սուրբ Աթոռի անկախութիւնը երաշխաւորելու համար։ Ան նշեց, որ դատական գործընթացը պէտք չէ դիտուի որպէս հակամատութեան վայր, այլ որպէ «կարգաւորուած տարածք», ուր անկողմնակալ դատաւորի միջոցաւ տարկարծութիւնները կը լուծուին ճշմարտութեան լոյսին տակ։
«Վատիկան պետութեան պարագային, արդարադատութեան իրականացման պարտականութիւնը կը ստանայ առանձնայատուկ կարեւորութիւն։ Արդարադատութեան մատակարարումը, արդարեւ, չի սահմանափակուիր միայն վէճերու լուծումով, այլ կը նպաստէ իրաւական կարգի պահպանման եւ հաստատութիւններու վստահելիութեան։ Դատավարական երաշխիքներու յարգումը, դատաւորին անկողմնակալութիւնը, պաշտպանութեան իրաւունքի գործադրումը եւ դատավարութիւններու ողջամիտ տեւողութիւնը պարզապէս դատական գործընթացի թեքնիք միջոցներ չեն»։
Յորդոր դատաւորներուն
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց քաջալերելով դատական մարմնի անդամները իրենց ծառայութիւնը կատարելու «իմաստութեամբ, հաւասարակշռութեամբ եւ աւետարանական ոգիով»։ Ան յորդորեց իրաւունքը կիրառումը միշտ ուղեկցուի ողորմութեամբ, քանի որ երկուքն ալ իրենց լրումը կը գտնեն Քրիստոսի մէջ։
«Երբ արդարութիւնը կը գործադրուի ամբողջականութեամբ եւ հաւատարմութեամբ՝ հանդէպ ճշմարտութեան, անիկա կը դառնայ կայունութեան ու վստահութեան գործօն մը հասարակութեան ներսը՝ որպէս բնական հետեւանք յառաջացնելով միութիւն։ Հետեւաբար, շարունակեցէ՛ք կատարել այս ծառայութիւնը անաղարտութեամբ, խոհեմութեամբ եւ աւետարանական ոգիով։ Թող արդարութիւնը միշտ լուսաւորուի ճշմարտութեամբ եւ ընկերակցուի ողորմութեամբ, քանի որ երկուքն ալ իրենց լրումը կը գտնեն Քրիստոսի մէջ։ Այսպիսով, իրաւունքը՝ կիրառուած ուղղամտութեամբ եւ եկեղեցական ոգիով, կը դառնայ թանկագին գործիք մը՝ կերտելու համար հաղորդութիւնը եւ ամրապնդելու Աստուծոյ Ժողովուրդին միասնութիւնը»։
Պատգամը աւարտելէ ետք Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց ներկաներուն ու բոլոր անոնց որոնք կը գործեն ի սպաս արդարութեան եւ խաղաղութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
