Լեւոն ԺԴ. Միայն սիրով միացած կարող ենք յաղթահարել պատերազմի մշտական սպառնալիքները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 7 մարտին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ զինուորական մատրանապետութեան անդամները՝ վերջինիս հիմնադրման հարիւրամեակի առիթով։ Զինուորական բարձրաստիճան սպաներու, նախարարներու եւ մատրանապետներու յղած Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց եւ քաջալերեց ներկաները խորացնելու երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը աշխարհի մէջ տարածուած տարբեր մատրանապետութիւններուն հետ ապա անդրադառնալով «Inter Arma Caritas» (Զէնքերու մէջ՝ սէր) նշանաբանին շեշտեց, որ այս մատրանապետութեան հարիւրամեակը ոչ միայն անցեալի յիշատակում է, այլեւ՝ ապագայի մարգարէութիւն:
«Իսկ Եկեղեցւոյ համար, յիշողութիւնը կենդանի գիտակցութիւն է. ոչ թէ տուեալներու կուտակում, այլ պատասխանատուութեան մշտական կոչ. ոչ թէ կարօտախտ, այլ մարգարէութիւն ծնող արմատ։ Քրիստոնեաներուն համար յիշողութիւնը ունի եզակի հանգամանք. անիկա պատմութեան մէջ մտնող Աստուծոյ փառաբանութիւնն է, որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքը կը հիմնուի պատմական իրողութեան մը վրայ, եւ փրկութիւնը գաղափար մը չէ, այլ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կենդանի անձը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով
«Իտալիոյ Զինուորական մատրանապետութեան հարիւրամեակն ալ կը տեղաւորուի այս տրամաբանութեան մէջ՝ իբրեւ մարմնացած յիշատակը իրական պատմութեան մը։
Զինուորական մատրանապետերուն առաքելութիւնը
Անդրադառնալով զինուորական մատրանապետերուն առաքելութեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսի «amoris officium» (սիրոյ ծառայութիւն) բնորոշումը: Ան շեշտեց, որ մատրանապետին գործը յաճախ լռութեան մէջ կը կատարուի՝ ըլլայ դաշտային վրաններու տակ, թէ ռազմական ակադեմիաներու մէջ: Այսօրուայ բազմամշակութային աշխարհին մէջ, մատրանապետը կը հանդիսանայ երկխօսութեան կամուրջ եւ խաղաղութեան «արհեստաւոր», որ կ’օգնէ ձեւաւորելու զինուորներու խիղճը՝ զայն համեմելով Աւետարանի արժէքներով:
Պապը յատուկ ուշադրութեամբ խօսեցաւ զինուորականի կոչումի մասի նշելով որ քրիստոնեայ զինուորի առաքելութիւնը լոկ մասնագիտութիւն չէ, այլ՝ կոչում: «Պաշտպանել տկարները, հսկել խաղաղ համակեցութեան եւ միջամտել աղէտներու ժամանակ. ասոնք գործողութիւններ են, որոնք կը պահանջեն անձնուրաց սէր», ըսաւ ան: Ան յորդորեց զինուորական օրէնքներն ու կանոնները միշտ ոգեշնչել Քրիստոսի սիրոյ պատուիրանով, որպէսզի հասարակաց բարիքը միշտ ըլլայ առաջնահերթութիւն:
Զինուորական ինքնութիւնը
Զինուորականին ինքնութիւնը կերտուած է առատաձեռնութեամբ, ծառայութեան ոգիով, վեհ ձգտումներով եւ խորունկ զգացումներով։ Սակայն այս արժէքները հիմքի մը կարիքը ունին՝ Շնորհքի պարգեւին, որ ընդունակ է սնուցանելու սէրը (carità) մինչեւ անձի ամբողջական նուիրումը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է Աւետարանի կենսահիւթով ներշնչել զինուորական կեանքի կանոնագիրքերը, նորմերը եւ առաքելութիւնները, որպէսզի ապահովութեան ու խաղաղութեան ի սպաս մատուցուած ծառայութեան մէջ ժողովուրդներու հասարակաց բարիքը միշտ առաջին տեղը գրաւէ»։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը յիշեց «Քառասուն տարի առաջ, Spirituali militum curae Առաքելական Սահմանադրութեամբ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Զինուորական մատրանապետութիւնները ձեւակերպեց իբրեւ մասնաւոր Եկեղեցիներ՝ օժտուած իրենց սեփական աստուածաբանական եւ կազմակերպչական ինքնութեամբ»։
Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը քաջալերեց մատրանապետութեան նոր նախագիծերը, յատկապէս՝ «Հոգեւոր Աջակցութեան Բարձրագոյն Ուսմանց Կեդրոնի» ստեղծումը, որ պիտի քննարկէ գիտութեան, նոր արհեստագիտութեան եւ հաւատքի փոխյարաբերութիւնը: Հայցելով Մարիամ Աստուածածնի՝ Խաղաղութեան Թագուհիի բարեխօսութիւնը, Պապը իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն՝ վերահաստատելով, որ իսկական խաղաղութիւնը ոչ միայն հակամարտութեան բացակայութիւնն է, այլ՝ արդարութեան, ճշմարտութեան եւ սիրոյ լիութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
