Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի Վարչապետը Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի Վարչապետը   (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի Վարչապետը.

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի Վարչապետ Պորեանա Քրիշթոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի բարեացակամ յարաբերութիւններն ու տեղական կաթողիկէ եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը երկրի հասարակական կեանքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արեւմտեան Պալքաններու՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու միասնականութեան հեռանկարներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 26 մարտ 2026-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, տեղեկացուց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի Վարչապետ, Վսեմաշուք Տիկին Պորեանա Քրիշթոն:

Վարչապետը այնուհետեւ հանդիպում մը ունեցաւ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութեանց Քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալակեէրի հետ:

Եկեղեցի-Պետութիւն Համագործակցութիւն

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ խօսակցութիւններուն ընթացքին երկուստեք գոհունակութեամբ արտայատուեցան երկկողմանի բարեացակամ յարաբերութիւններուն համար: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ տեղական Եկեղեցւոյ կարեւոր ներդրումին՝ երկրի հասարակական կեանքին մէջ: Քննարկուեցան նաեւ Կաթողիկէ համայնքի կացութիւնը՝ դերն ու ներկայութիւնը երկրէն ներս:

Եւրոպական Հեռանկարներ

Հանդիպման աւարտին կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Եւրոպական Միութեան ընդլայնման շուրջ՝ յատկապէս անդրադառնալով Արեւմտեան Պալքանեան երկիրներու անդամակցութեան հոլովոյթին: Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ միասնականութեան ուղղուած քայլերուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2026, 12:41