Բռնարարքներու զոհերը լսելը՝ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ժեսթ․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
«Վերականգնման ուղին, որուն Եկեղեցին կոչուած է, չի կրնար սահմանափակուիլ ձեւական պարտաւորութիւններու շարքով։ Ընդհակառակը, ան կը պահանջէ անձնական, հովուական եւ պաշտօնական արդարութեան իրական դարձ»։ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը այս խօսքերով կը դիմէ Լատին Ամերիկայի Անչափահասներու Պաշտպանութեան Միջառարկայական Հետազօտութեան եւ Ձեւաւորման Կեդրոնի (CEPROME) Ե․ համաժողովի մասնակիցներուն, որ կը կայանայ այս օրերուն՝ Մարտ 3էն 5ը Սան Խոսէի մէջ, Քոսթա Ռիքա։
Յանձնառութիւն, որ կը վերաբերի ամբողջ Եկեղեցւոյ
Սրբազան Հայրը կ’ողջունէ ուղին, զոր սկսած է դիմագրաւելու համար չարիքի մը, «որ կը դպչի Քրիստոսի Մարմնի ամենախոր եւ ամէնէ ցաւոտ վէրքերէն մէկուն»։ Ուղի, որ «իսկական նորոգութեան նշան մըն է» եւ գործնական յանձնառութիւն՝ ըլլա՛յ զոհերուն, ըլլա՛յ Եկեղեցւոյ հանդէպ։ Այս դաշտը չէ «սահմանափակուած քանի մը մասնագէտներով, այլ էական հարթութիւն մըն է Եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան, որ կը դիմէ իւրաքանչիւր հովիւի եւ եկեղեցական համայնքի խղճին», կը շարունակէ Քահանայապետը։
Խնամքի մշակոյթ՝ բռնարարքները կանխարգիլելու համար
Շնորհակալութիւն յայտնելով, ապա, Քոսթա Ռիքայի Եպիսկոպոսական Համաժողովին՝ տարբեր թեմերէն ներկայացուցիչներու ներկայութեան համար, Սրբազան Պապը կը շեշտէ, թէ վերականգնումը չի կրնար սահմանափակուիլ կանոններով եւ արձանագրութիւններով, այլ կը պահանջէ խոր դարձ, ուր տեղական Եկեղեցիներուն պատասխանատուները ունին «յատուկ եւ անփոխանցելի պատասխանատուութիւն»՝ կանխարգիլելու բռնարարքները, լսելու զոհերը եւ վկայելու Քրիստոսի քնքշութիւնը՝ «վէրքերը փոխակերպելով յոյսի շողերու»։ Վերջին տարիներու փորձառութիւնը, կը նշէ Լեւոն Պապը, ցոյց կու տայ, որ այդ յանձնառութիւնը ստանձնելով Եկեղեցին կը դառնայ «աւելի վստահելի, աւելի մարդկային եւ աւելի աւետարանական»։
Լսել՝ օգնելու բժշկութեան
«Զոհերը լսելը ընտրովի արարք մը չէ, այլ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ժեստ», կը շեշտէ իր գիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը՝ շարունակելով թէ․ «Եկեղեցւոյ մէջ վերականգնումը չի կրնար բաժնուիլ ո՛չ ողորմութենէն, ո՛չ ալ օրէնքին յարգանքէն, բայց նաեւ չի կրնար սահմանափակուիլ միայն անոնցմով։ Ան կը պահանջէ յստակ եկեղեցաբանական տեսլական՝ հիմնուած ճշմարտութեան, պատասխանատուութեան ստանձնման եւ ժամանակի ընթացքին յարատեւ ուղեկցութեան վրայ»։ Ուղի, որ ըստ Նորին Սրբութեան կը պահանջէ խիզախ ու հաստատ որոշումներ։
Համագործակցութիւնը՝ կարեւոր
Այս ծիրին մէջ Սրբազան Հայրը կը շեշտէ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, տուեալ պարագային՝ Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսական Խորհուրդին (CELAM) եւ Լատին Ամերիկայի Կրօնական Համադաշնութեան (CLAR) հետ՝ այդպիսով միաւորելով «CEPROME»ի եպիսկոպոսներու հովուական պատասխանատուութիւնը, նուիրեալ կեանքի շնորհացիր հարստութեան եւ միջառարկայական կարողութիւններու հետ։
Խորհրդածութիւն, ձեւաւորում եւ գործողութիւն
Աւելցնենք, թէ՝ Լատին Ամերիկայի Անչափահասներու Պաշտպանութեան Միջառարկայական Հետազօտութեան եւ Ձեւաւորման Կեդրոնի հինգերորդ Համաժողովին նպատակն է ըլլալ խորհրդածութեան, ձեւաւորման եւ երկխօսութեան վայր՝ խթանելու աւելի ապահով, պատասխանատու եւ յանձնառու Եկեղեցի մը՝ նուիրուած արդարութեան եւ վերականգնման։ Քննարկուող հիմնական նիւթերէն են՝ վերականգնման աստուածաբանութիւնը վէրքերու ժամանակաշրջանին մէջ, Եկեղեցւոյ ներսը բռնարարքները բուժելու հնարաւորութիւնն ու նշանակութիւնը, ուղեկցութիւնն ու վերականգնումը, մխիթարութեան հովուականութիւնը եւ վերականգնման իրաւունքի աստուածաբանական ու իրաւական հիմքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
