Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը. Հրադադար. Իշխանութիւնները երկխօսութեան ուղիով թող աշխատին խաղաղութեան համար
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Հրադադար» և «աշխատիլ խաղաղութեան համար, բայց ոչ թէ զէնքերով», այլ «երկխօսութեամբ՝ իսկապէս փորձելով լուծում մը գտնել բոլորին համար»։ Լեւոն ԺԴ. Պապը նորոգեց իր խաղաղութեան կոչը կարճ յայտարարութեան մը կատարելով, մէջ, 24 մարտի երեկոյեան, հանդիպելով լրագրողներու խումբի մը հետ, որ զինք կը սպասէին Քասթել Կանտոլֆոյի Վիլլա Պարպերինիի Քահանայապետական նստավայրէն դուրս, ուր ան անցուցած էր իր սովորական հանգստի եւ աշխատանքի օրը։
Քահանայապետը ապա նշեց` որ դժբախտաբար միջազգային գետնի վրայ «ատելութիւնը կ՚աւելնայ, բռնութիւնը աւելի եւ աւելի կը վատթարանայ» եւ կան «աւելի քան մէկ միլիոն» մարդ, որոնք «մեկուսացուած են», մինչ կը գրանցուին «շատ զոհեր»։
«Կ՚ուզենք աղօթել խաղաղութեան համար, բայց կը հրաւիրեմ բոլոր իշխանութիւնները իսկապէս աշխատելու երկխօսութեամբ՝ խնդիրները լուծելու համար», հաստատեց Քահանայապետը, որ անցեալ Կիրակի օր եւս Մարեմեան աղօթքի ընթացքին հաստատած էր` թէ «կարելի չէ լուռ մնալ այսքան մարդոց տառապանքի առջեւ, որոնք այս հակամարտութիւններուն անմեղ զոհեր են»։
Քահանայապետը ապա աւելցուցած էր. «Այն, ինչ որ զանոնք կը վիրաւորէ, կը վիրաւորէ համայն մարդկութիւնը։ Այս պատերազմներուն պատճառած մահն ու ցաւը գայթակղութիւն են ամբողջ մարդկային ընտանիքին համար և աղաղակ՝ Աստուծոյ առջև»։ Ասկէ մեկնլաով ան նորգած էր իր կոչը «յարատեւելու աղօթքի մէջ, որպէսզի դադրին թշնամութիւնները և վերջապէս բացուին խաղաղութեան ուղիներ՝ հիմնուած անկեղծ երկխօսութեան և իւրաքանչիւր մարդկային անձի արժանապատուութեան յարգանքի վրայ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
