Թող դադրի ռումբերուն շառաչիւնը, լռեն զէնքերը և բացուի երկխօսութեան դաշտ մը. Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Կիրակի 8 Մարտ 2026-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներու ներկայութեամբ արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ.
Թող լռեն զէնքերը
Իմ սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, Իրանէն և ամբողջ Մերձաւոր Արևելքէն կը շարունակեն հասնիլ լուրեր, որոնք խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնեն: Աղետալի բռնութեան և աւերումներու դէպքերուն, պառակտուած ատելութեան և վախի մթնոլորտին կ՛աւելնայ նաև այն վախը, որ հակամարտութիւնը կարող է տարածուիլ, եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներ, որոնց շարքին սիրելի Լիբանանը, կարող են կրկին մխրճուիլ անկայունութեան մէջ։
«Մեր խոնարհ աղօթքը բարձրացնենք Տիրոջ, որպէսզի դադրին ռումբերուն շառաչիւնները, լռեն զէնքերը և բացուի երկխօսութեան դաշտ մը, ուր կարելի ըլլայ լսել ժողովուրդներուն ձայնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը իր այս աղերսը վստահելով Մարիամին, Խաղաղութեան Թագուհիին, որպէսզի «Ան բարեխօսէ անոնց համար, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառաւ, և առաջնորդէ սրտերը խաղաղութեան և հաշտութեան ուղիներով»:
Կանանց միջազգային օրը
Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա 8- մարտին յիշատակուող Կանանց միջազգային օրը եւ կոչ ուղղեց նորոգելու յանձնառումը` որ «քրիստոնեաներուս համար հիմնուած է Աւետարանին վրայ, մարդու և կնոջ հաւասար արժանապատուութիւնը ճանաչելու համար»:
«Ցաւօք, շատ կիներ, մանուկ հասակէն, տակաւին ենթարկուած են խտրականութեան և բռնութեան, անոնց է որ յատուկ կերպով կ՛ուղղեմ իմ զօրակցութիւնս եւ աղօթքս» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ապա ողջունեց հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
