Անկոլայի եպիսկոպոսները կը բացայայտեն Քահանայապետի այցելութեան կարգախօսն ու նշանաբանը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Լեւոն ԺԴ. Պապ՝ յոյսի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան ուխտաւոր», այս է յառաջիկայ Ապրիլ ամսուայ 18-էն 21 Լեւոն ԺԴ. Պապին դէպի Անկոլա կատարելիք ճամբորդութեան կարգախօսը, որ հրաւէր մըն է հաւատացեալներուն՝ իրենց հաւատքը աւելի խորացնելու եւ քրիստոնէական նուիրումը նորոգելու։
«Յոյսի ուխտաւոր» արտայայտութիւնը, կը բացատրեն Անկոլայի եպիսկոպոսները, կը շեշտէ Սրբազան Քահանայապետին դերը որպէս համընդհանուր հովիւ, որ կը բերէ հոգեւոր քաջալերանքի եւ վստահութեան պատգամ մը՝ «արդարութեան, եղբայրութեան եւ համերաշխութեան ապագայի» նկատմամբ։
«Հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն» բառերը նաեւ խոր արձագանգ ունին Անկոլայի պատմութեան մէջ, որ երկար տարիներ յատկանշուած է զինուած հակամարտութիւններով։ Այս տեսանկիւնէն Պապին ներկայութիւնը առիթ մըն է երկրի խաղաղութեան եւ խաղաղ համակեցութեան նուիրուած յանձնառութիւնը նորոգելու, ինչպէս նաեւ բուժելու ազգային յիշողութեան մէջ տակաւին մնացած վէրքերը։
Այցելութեան նշանաբանը
Այցելութեան նշանաբանը ապա կը միացնէ երկրի պատմական, մշակութային եւ աստուածաբանական չափանիշերը։
Անկոլայի քարտէզին կարմիր սահմանագիծը կը յիշեցնէ հակամարտութիւններու ժամանակ թափուած արիւնը։
Նշանաբանի վերին մասին սեւ գիծը միաժամանակ կը խորհրդանշէ օրհնութեան շարժում մը եւ ափրիկեան ցամաքամասը՝ ընդգծելով անոր կարեւոր տեղը Սրբազան Քահանայապետի հովուական տեսլականին մէջ։
Նշանաբանին կեդրոնը զետեղուած է դեղին կիսաշրջանաձեւ ատամնաւոր պատկեր, որ կը յիշեցնէ Անկոլայի ազգային դրօշին վրայի անիւը՝ աշխատանքի եւ յառաջադիմութեան խորհրդանիշը, եւ միեւնոյն ժամանակ կը մատնանշէ Սուրբ Հաղորդութիւնը, քրիստոնէական հաւատքի կեդրոնը։
Պապին այցելութեան համար նախապատրաստութեան աղօթքը
Քահանայապետի սոյն այցելութեան առ ի պատրաստութիւն Անկոլայի եպիսկոպոսները Հաւատացեալներուն առաջարկած են աղօթք մը` որով Աստուծմէ կը հայցուի ամրացնել հաւատքը եւ խթանել միութիւնը անկոլացիներու միջեւ։
Աղօթքը՝ ուղղուած է Երրորդութիւն Աստուծոյ՝ առ ի շնորհակալութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապի այցելութեան համար։ Անոր մէջ խնդրուած է,, որ Աստուած արթնցնէ հաւատքը, դարձը, միութիւնն ու համերաշխութիւնը հաւատացեալներուն մէջ եւ նորոգէ նուիրումը Եկեղեցւոյ հանդէպ։
Աղօթքը պիտի գործածուի ծուխերու, ընտանիքներու եւ կրօնական համայնքներու մէջ՝ Սրբազան Պապին ժամանումէն առաջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
