Որոնել

2026.03.26 Anniversario 30 anni della Casa Santa Marta

Սուրբ Պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան երեսունամեակին առթիւ

25 Մարտին՝ Տիրոջ Աւետման հանդիսաւոր տօնին օրը, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ վատիկանեան այս հաստատութեան հիմնադրութեան տարեդարձի առթիւ, զոր հիւրընկալած էր Ֆրանչիսկոս Պապը իր ամբողջ Քահանայապետութեան ընթացքին։ Վերջինիս հրովարտակով, 2022էն սկսեալ, Տոմուս Սանթա Մարթան՝ Պօղոս Զ. Միջազգային Տան, Հռոմէական Քահանայական Տան եւ Սան Պենետեթթօ Տան հետ միասին մէկ յարկի տակ միաւորեց քահանաներու համար նախատեսուած այս չորս հիւրատուները՝ անոր կառավարումը վստահելով «Domus Vaticanae»ին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

25 Մարտ 2026-ին՝ Աւետման տօնին օրը, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան հիմնադրման 30ամեակի առթիւ՝ նախագահութեամբ Կարդինալ Անճելօ Աչերպիին։ Համապատարագիչը «Domus Vaticanae»ին նախագահ՝ Գերապայծառ Անտրէա Ռիփան էր։ Արարողութեան ներկայ էր, նաեւ ի թիւս այլոց, Վատիկան Քաղաք Պետութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովի եւ Կառավարչատան նախագահ, ինչպէս նաեւ «Domus Vaticanae»-ի վարչական խորհուրդի անդամ Քոյր Ռաֆֆայէլլա Փեթրինին։

Տոմուսը՝ Պապին սիրոյ եւ քնքշութեան շօշափելի արտացոլում

Պատարագին սկիզբը, «Domus Vaticanae»-ի տնօրէն՝ Գերապայծառ Մարիօ Լեյթէ տէ Օլիվեյրան յիշեց Տոմուսին հիմնադիր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը, Անոր յաջորդը՝ Պենետիկտոս ԺԶ. եւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ այս Տան մէջ բնակեցաւ իր ամբողջ Քահանայապետութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապը, որ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնեց այս Յոբելեանին մասնակիցներուն։

Տնօրէնը նշեց, որ «Domus Vaticanae»-ն իր տարբեր արտայայտութիւններով կոչուած է ոչ թէ միայն ծառայութիւն մատուցելու, այլ՝ հաղորդութիւն ստեղծելու, ոչ թէ ներկայութիւններ կազմակերպելու, այլ՝ յարաբերութիւններ հիւսելու, ոչ թէ տարածքներ կառավարելու, այլ՝ մթնոլորտ կառուցելու եւ մաղթեց, որ անիկա միշտ մնայ այն, ինչ որ կոչուած է ըլլալու՝ «Պապին սիրոյ եւ քնքշութեան շօշափելի արտացոլումը, քահանայական բարեկամութեան պարզ ու լուսաւոր նշան»։

Միշտ կատարել Աստուծոյ կամքը

Կարդինալ Աչերպին իր քարոզին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց «անցեալի եւ ներկայիս սպասաւոր կրօնաւորուհիներուն խնամքին համար», արտայայտեց իր հոգեւոր միութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ եւ յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապը՝ «որ այս տան մէջ ապրեցաւ եւ վախճանեցաւ»։

Ծիրանաւորն յղում կատարելով Տիրոջ Աւետման տօնին եւ Մարիամի պատասխանին հրեշտակին՝ «Ահա Տիրոջ աղախինը, թող ըլլայ ինծի ըստ քու խօսքիդ», շեշտեց, որ հրեշտակին խօսքերն ու Մարիամի պատասխանը մեծ ուրախութիւն կը ներշնչեն։ «Այս տօնը մեզ կը հրաւիրէ առատաձեռն ըլլալու մեր կոչումին պատասխանին մէջ, հնազանդ ըլլալու Աստուծոյ եւ միշտ կատարելու Անոր կամքը», յորդորեց Կարդինալ Աչերպին եւ խնդրեց Սրբուհի Մարթային բարեխօսութիւնը բոլորի համար։

Պատմական ակնարկ

Լեւոն ԺԳ. Պապը 1891ին ստեղծեց «Pontificium Hospitium Sanctae Martae»ն, որ խոլերայի համաճարակի օրերուն ծառայեց, որպէս օգնութեան կարեւոր կեդրոն։ Ներկայիս Սանթա Մարթա Տան հիմնադիրը Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապն է, որ 1996-ին կարգադրեց, որ Պապընտիր ժողովի ատեն կարդինալները բնակին այս շէնքին մէջ։ 1976-ին Սուրբ Պօղոս Զ. հիմնեց «Internationalis Paulus VI - Քահանայականան Միջազգային Տունը» եւ «Domus Romana Sacerdotalis - Հռոմէական Քահանայական Տունը»։ 2008ին Պենետիկտոս ԺԶ. հիմնեց «Casa San Benedetto - Սուրբ Պենետեթթօ Տունը»։ 2022ին Ֆրանչիսկոս Պապը որոշեց, որ այս բոլոր կառոյցները միաւորուին մէկ հաստատութեան մէջ՝ «Domus Vaticanae» անունով։ Տոմուս Սանթա Մարթան (լատիներէն՝ Domus Sanctae Marthae - Սուրբ Մարթայի Տունը) յատկապէս հանրաճանաչ դարձաւ, որովհետեւ , 2013էն ի վեր ան եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի բնակութեան վայր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2026, 09:00