Որոնել

Քոյր Ռաֆֆայէլլա Փեթրինի Քոյր Ռաֆֆայէլլա Փեթրինի  (@Vatican Media)

Քոյր Ռաֆֆայէլլա Փեթրինի նշանակուեցաւ Վատիկանի «Վերապահուած Նիւթերու Յանձնաժողովի» անդամ

Լեւոն ԺԴ. Պապը Քոյր Ռաֆֆայէլլա Փեթրինին նշանակեց «Վերապահուած Նիւթերու Յանձնաժողովի» անդամ՝ վստահելով իրեն Սուրբ Աթոռի զգայուն պայմանագիրներու եւ ելեւմտական գաղտնապահութեան հսկողութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, թէ Լեւոն ԺԴ. Պապը նոր նշանակում մը կատարած է «Վերապհպանուած Նիւթերու Յանձնաժողովի» կազմին մէջ։ Նոր անդամն է Քոյր Ռաֆֆայէլլա Փեթրինին, որ արդէն իսկ կը վարէ Վատիկան Քաղաք-Պետութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովի եւ Կառավարչատան նախագահի պաշտօնները։

Յանձնաժողովին դերն ու առաքելութիւնը

Վերահպապահուած Նիւթերու Յանձնաժողովը հաստատուած է 2020 թուականին՝ նախագահութեամբ Կարդինալ Քեւըն Ֆարելլի։ Ասիկա մարմին մըն է, որ կ’որոշէ քահանայապետական գաղտնապահութիւնը կիրառել իրաւական, տնտեսական կամ ելեւմտական բնոյթի հարցերու վրայ. անիկա կը հսկէ թափանցիկութեան եւ վերահսկողութեան՝ Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան Քաղաք-Պետութեան հանրային պայմանագիրներու շնորհման ընթացակարգերուն մէջ, ինչպէս նաեւ կը հսկէ Սուրբ Աթոռի ընդհանուր պայմանագիրներուն։»

Ո՞վ է Քոյր Ռաֆֆայէլլա Փեթրինին

Քոյր Ռաֆֆայէլլա Փեթրինի կը պատկանի «Էվքարիստիայի Ֆրանչիսկեան» քոյրերու միաբանութեան. ծնած է Հռոմ, 15 Յունուար 1969-ին։ Ան վկայուած է Քաղաքական Գիտութիւններու ճիւղին մէջ՝ «Guido Carli» Միջազգային Համալսարանէն (LUISS), եւ ստացած է իր Դոկտորական աստիճանը Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի անուան Քահանայապետական Համալսարանէն։ 2022 թուականէն ի վեր վարած է կառավարչատան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։ Անցեալ Փետրուար 15-ին, Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ նշանակուեցաւ Վատիկան Քաղաք-Պետութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովի Նախագահ, ինչպէս նաեւ կառավարչատան նախագահ՝ սկսեալ 1 Մարտ 2025-էն։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2026, 15:04