2019.01.08 Prostituzione, tratta donne, rapimento, maltrattamento, tortura, schiavitù donna

Խաղաղութիւնը կը սկսի արժանապատուութենէն` համաշխարհային կոչ վերջ տալու մարդավաճառութեան

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան ԺԲ համաշխարհային օրուան առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

8 Փետրուար 2026-ին կը յիշատակուի Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան ԺԲ համաշխարհային օրը, որուն առիթով Լեւոն ԺԴ Պապը նորոգեց Եկեղեցւոյ կոչը պայքարելու եւ վերջ դնելու մարդկութեան դէմ այս ծանր յանցագործութեան։

«Յատկապէս այս տարուան ընթացքին կը ցանկանամ յիշեցնել Յարուցեալ Տիրոջ ողջոյնը`․ «Խաղաղութիւն ձեզի» (Յովհ. 20,19)։ Այս խօսքերը պարզ ողջոյնէ մը աւելին են, կը մատնանշեն նորոգուած մարդկութեան տանող ուղին», կը գրէ Լեւոն ԺԴ. այս առիթով իր ուղղած պատգամին մէջ հաստատելով, որ «Իրական խաղաղութիւնը կը սկսի իւրաքանչիւր անձի՝ Աստուծմէ տրուած արժանապատուութեան ճանաչումով եւ պաշտպանութեամբ»։

«Սակայն բռնութեան աճով յատկանշուած այս ժամանակաշրջանին, շատեր փորձուած են խաղաղութիւնը փնտռելու «զէնքերու միջոցաւ` որպէս պայման հաստատելու համար գերիշխանութիւնը» (Խօսք Սուրբ Աթոռին մօտ Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն, 9 յունուար 2026)» նկատել կու տայ Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ «հակամարտութեան իրավիճակներուն մէջ մարդկային կեանքերուն կորուստը յաճախ կը դիտուի իբրեւ «կողմնակի վնաս», զոհաբերուած քաղաքական կամ տնտեսական շահերու համար»։

Մարդավաճառը զարգացող երեւոյթ

Ան ապա մարդավաճառութիւնը կը համարէ բարդ եւ ողբերգական երեւոյթ մը, որ ամենայն առաջնահերթութեամբ կը թիրախաւորէ կիները, մանուկները, արտագաղթողներն ու խոցելի անձերը:

«Համաշխարհայնացած անկայունութիւնը եւ զինուած հակամարտութիւնները պարարտ հող կը ստեղծեն մարդավաճառներուն համար, որոնք կ՛օգտագործեն աւելիով խոցելի անձերը, մասնաւորապէս տեղահանուածները, գաղթականներն ու փախստականները» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով` որ հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ աճող անհաւասարութիւնը եւս շատերը կը ստիպէ ապրիլ դժուար պայմաններու տակ եւ զանոնք կ՛ ենթարկէ չարաշահումներու եւ բռնութեան։

Տեղեկատուական ստրկութիւն

Ան ապա կ՛ակնարկէ «տեղեկատուական ստրկութեան» մտահոգիչ երեւոյթին, երբ մարդիկ ներգրաւուած են առցանց խաբէութիւններու եւ թմրանիւթի անօրինական վաճառքի մէջ, եւ յաճախ անգիտակից կերպով իրենք կը դառնան յանցագործութեան դերակատարները, աւելիով ծանրացնելով անոնց հոգեւոր վէրքերը։

«Այս բռնութեան ձեւերը կղզիացած դէպքեր չեն, այլ մշակոյթի մը ազդակները, որ մոռցած է սիրել ինչպէս կը սիրէ Քրիստոս» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը։

Աղօթք եւ խորհրդածութիւն` մարդավաճառութեան դէմ զէնքեր

Ասկէ մեկնելով Ան կոչ կ՛ընէ բոլորին աղօթքի եւ խորհրդածութեան դիմելու` հակադարձելու համար մարդավաճառութեան երեւոյթին: Աղօթքը այն «փոքրիկ բոցն է», որ մեզի կու տայ անարդարութեան անտարբերութեան դիմադրելու ուժ, իսկ խորհրդածութիւնը մեզի կը թոյլատրէ բացայայտել շահագործման թաքնուած մեխանիզմները:

Համաշխարհային կոչ կասեցնելու համար մարդավաճառը

Սրբազան Պապը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք կ'օգնեն վաճառքի զոհերուն եւ յարգանք կը մատուցէ անոնց, որոնք զոհեր ըլլալէ ետքը իրենց կարգին դարձան այլ զոհերու պաշտպաններ:

«Տէրը թող զանոնք օրհնէ անոնց քաջութեան, հաւատարմութեան եւ անխոնջ յանձնառումին համար» կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, որ պատգամը կ՛աւարտէ բոլորը յանձնելով Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի բարեխօսութեան, որուն կեանքը զօրեղ վկայութիւն մը եղաւ Տիրոջ վրայ յոյսի։

«Միացէք այն աշխարհի ճանապարհին, ուր խաղաղութիւնը պարզապէս պատերազմի բացակայութիւն չ՛ըլլայ, այլ ըլլայ զինաթափ եւ անզէն` արմատացած ամէն մարդու արժանապատւութեան լիարժէք յարգանքի մէջ» եղան Քահանայապետի պատգամին եզրափակիչ խօսքերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2026, 13:07