Որոնել

UKRAINE-RUSSIA-CONFLICT-WAR

Սրբազան Պապէն պատասխան՝ ուքրանացի եպիսկոպոսներու օգնութեան յուսահատ խնդրանքին

Հրատապ դեղորայք եւ ելեկտրական ջեռուցիչներ՝ տաքնալու համար։ Լեւոն ԺԴ-ը, Առաքելական Ողորմածութեան Գրասենեակին միջոցաւ, քայլեր առաւ աջակցելու համար Արեւելեան երկրի բնակչութեան, որ արդէն չորս տարիէ ի վեր ծանր կերպով կը տառապի պատերազմէն։ Այս երկար ժամանակաշրջանին ընթացքին Վատիկանը եւ տեղական Եկեղեցին միշտ մօտ կանգնած են տառապողներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Ուքրանացի եպիսկոպոսներու «յանձնառու եւ յուսահատ դիմում»-էն ետք, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Ողորմածութեան Գրասենեակին միջոցաւ գործի լուծուեցաւ աջակցելու համար պատերազմի հետեւանքով չորս տարիէ ի վեր տառապող բնակչութեան։

Ուքրանիա ուղարկուեցան հրատապ դեղորայքներ՝ աւելի քան մէկ միլիոն եւրօ արժէքով, նաեւ «Fondazione Banco Farmaceutico ETS»-ի ներդրումով։

Բացի այդ, Խարքիվ-Զաբորոժիէի եպիսկոպոս Պաւլօ Հոնչարուքի դիմումէն ետք՝ Վատիկանը ուղարկեց աւելի քան 1.000 ելեկտրական իւղային ջեռուցիչներ՝ դիմագրաւելու համար ցուրտի արտակարգ դրութիւնը։ ԱՆոնք  յատկացուեցան աւելի քան 800 ընտանիքներու, որոնք ռմբակոծումներուն պատճառաւ զրկուած էին ջեռուցումէն։

Այս քայլը կը ներկայացնէ գործնական պատասխան մը Սրբազան Քահանայապետի խաղաղութեան կոչին, զոր ան հնչեցուց անցեալ Կիրակի օր` Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, պատերազմի սկիզբին չորրորդ տարելիցին առիթով։ Կոչ մը՝ հրադադարի, աղօթի եւ շտապ յանձնառութեան՝ վերջ դնելու համար հակամարտութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2026, 12:36