Որոնել

2026.02.20 Polycarp Pengo è un cardinale e arcivescovo cattolico tanzaniano, dal 15 agosto 2019 arcivescovo emerito di Dar-es-Salaam.

Լեւոն ԺԴ. Պապին ցաւակցագիրը Կարդինալ Փոլիքարփ Փենկոյի մահուան առիթով. Խաղաղութեան եւ միութեան անխոնջ ծառան

Հեռագիրին մէջ Քահանայապետը ակնարկած է Կարդինալ Փենկոյի երկար եւ նուիրական ծառայութեան, յատկապէս հոգեւորականութեան կրթութեան եւ տեղական եկեղեցւոյ ու Ս. Աթոռի մատուցած ծառայութեան: Քահանայապետը իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց եւ հաւաստիացուց իր աղօթական միութիւնը` «այս բարի եւ իմաստուն Հովիւին հոգին յանձնելու Քրիստոսի` Բարի Հովիւին ողորմութեան», յայտնեց Ան իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելով բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան անոր մահը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Տար Էս Սալամի Արքեպիսկոպոս` Յուտէ Թադէոս Ռուվայիչին, Կարդինալ Փոլիքարփ Փենկոյի մահուան առիթով, որ Տար-էս-Սալամի վաստակաւոր առաջնորդ արքեպիսկոպոսն էր:

Հեռագիրին մէջ Քահանայապետը ակնարկած է Կարդինալ Փենկոյի երկար եւ նուիրական ծառայութեան, յատկապէս հոգեւորականութեան կրթութեան եւ տեղական եկեղեցւոյ ու Ս. Աթոռի մատուցած ծառայութեան:

Քահանայապետը իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց եւ հաւաստիացուց իր աղօթական միութիւնը` «այս բարի եւ իմաստուն Հովիւին հոգին յանձնելու Քրիստոսի` Բարի Հովիւին ողորմութեան», յայտնեց Ան իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելով բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան անոր մահը։

Նշենք` որ Կարդինալ Փոլիքարփը հոգին աւանդեց առ Հայր Տար էս Սալամի մէջ, 19 Փետրուարին` 81 տարեկանին։ Ան եղած է խաղաղութեան եւ միութեան անխոնջ խթանողը սատարելով Թանզանիայի մէջ Եկեղեցին դարձնել կարեւոր յղման կէտ մը։

Ծնած էր հինգ օգոստոս 1944-ին. Քահանայ ձեռնադրուած է 20 Յունիս 1971-ին Նաչինկվէայի եպիսկոպոս անուանուած է 1983-ին Ապա Տար էս Սալամի Արքեպիսկոպոս նշանակուած 1992 մինչեւ 2019։ Ան կարդինալական տիտղոսին արժանացած է 1998 թուանիկն։

Մեծ աշխատանք տարած է ընկերային արդարութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ, խթանած է աւետարանական իսկական պատգամին մշակոյթանացումը եւ մասնակցութիւնը բերած է բազմաթիւ սինոտներու եւ եպիսկոպոսական ժողովներու հանդիսանալով միշտ միութեան ու խաղաղութեան ջատագովը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2026, 12:07