Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը կը ձեռնադրէ 32 քահանաներ Լեւոն ԺԴ. Պապը կը ձեռնադրէ 32 քահանաներ  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը Մատրիտի քահանաներուն. «Եղէք Քրիստոսի կենդանի պատկերը արդի աշխարհին մէջ»

Լեւոն ԺԴ Պապը Մատրիտի քահանաներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը յորդորէ ըլլալ Քրիստոսի կենդանի պատկերը արդի աշխարհիկացած հասարակութեան մէջ՝ օգտագործելով Մայր Տաճարի խորհրդանիշը որպէս հոգեւոր ուղեցոյց: Ան շեշտը կը դնէ քահանայական սրբութեան, եղբայրական միութեան եւ առաքելական աւանդութեան հաւատարմութեան վրայ՝ որպէս միակ դարման մարդկային սրտի դատարկութեան եւ հոգեւոր ծարաւին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Թովմաս Աքունիացիի տօնին առիթով, Լեւոն ԺԴ. Պապը նամակը մը ուղեց Մատրիտի կղերական դասի անդամներուն՝ անդրադառնալով եկեղեցական առաքելութեան արդի մարտահրաւէրներուն եւ քահանայական ինքնութեան էութեան։

Մշակութային ճգնաժամ եւ նոր յոյս

Քահանայապետը իր նամակին մէջ իրատեսական հայեացքով վերլուծած է այսօրուայ հասարակարգը, ուր «աշխարհիկացումն ու բեւեռացումը» զգալիօրէն տկարացուցած են քրիստոնէական հաւատքի հիմքերը, մատնանշելով որ այլեւս գոյութիւն չունին այն բարոյական ընդհանուր հասկացողութիւնները, որոնք նախապէս կը դիւրացնէին Աւետարանի քարոզչութիւնը։

Այսուհանդերձ, Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ, որ նիւթական բարօրութիւնն ու սանձարձակ ազատութիւնը չեն կրցած լրացնել մարդկային սրտի ծարաւը։ «Շատեր, յատկապէս երիտասարդներ, դարձեալ սկսած են փնտռել Քրիստոսը՝ յոգնած աշխարհի դատարկութենէն», նշած է Պապը՝ յորդորելով քահանաները չընկրկիլ, այլ ըլլալ ներկայութիւն եւ յոյսի սպասաւոր։

Տաճարը որպէս քահանայութեան խորհրդանիշ

Լեւոն ԺԴ Պապը օգտագործած է Մատրիտի Մայր Տաճարի պատկերը՝ բացատրելու քահանայական կեանքի տարբեր երեսները.

Ճակատամասը. Քահանան պէտք է ըլլայ տեսանելի եւ օրինակելի, բայց միշտ առաջնորդէ դէպի ներս՝ դէպի Աստուած։

Սեմը. Կոչումը կ՚ենթադրէ ըլլալ «աշխարհի մէջ, բայց ոչ աշխարհէն», զոր կ՚արտայայտուի կուսակրօնութեան եւ հնազանդութեան ուխտերով։

Սիւները. Քահանայական կեանքը կը հենուի Առաքելական աւանդութեան վրայ եւ ոչ թէ անհատական մեկնաբանութիւններու։

Խորանը. Պապը շեշտած է, որ քահանայական առաքելութեան կեդրոնը Սուրբ Պատարագն ու աղօթքն են։

Կոչ՝ սրբութեան եւ միութեան

Նամակի աւարտին, Քահանայապետը զգուշացուցած է անհատապաշտութեան վտանգէն՝ յորդորելով քահանաները սատար կանգնիլ իրարու եւ ապրիլ եղբայրական սիրոյ մէջ։ Յղում կատարելով Սուրբ Յովհաննէս Աւիլացիին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղած է քահանաներուն՝ ամբողջութեամբ Աստուծոյ պատկանելու եւ ձգտելու սրբութեան։

«Մի՛ ըլլաք լոկ գործավարներ, այլ եղէք այլ Քրիստոս», եզրափակած է Լեւոն ԺԴ, օրհնելով Մատրիտի թեմն ու հոգեւոր հովիւները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2026, 11:36