Սրբազան Պապին աղօթքը Վատիկանի Լուրտի Տիրամօր քարայրին առջեւ

«Այսօր հիւանդներուն նուիրուած այս օրը, կ՛ ուզենք աղօթել բոլոր անոնց հետ որոնք կը տառապին աշխարհի մէջ: Կ՛աղօթենք ձեզի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը աղօթքի այդ պահի ընթացքին ապա Իր սրտի խորքէն շնորհակալութիւն կյայտնեց անոնց` որոնք ճիգը ըրին եւ եկան աղօթելու այդտեղ «մեր մայրիկ Մարիամի, անոր ծիսական տօնի, Լուրտի Տիրամօր տօնին առիթով» ըսաւ Ան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 11 Փետրուարին, Լուրտի Տիրամօր տօնի եւ Հիւանդներու համաշխարհային Օրուան առիթով, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ գլխաւորելէ ետք չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւնը, այցելեց Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ գտնուող Լուրտի Տիրամօր քարայրը այնտեղ պահ մը ամփոփուելով աղօթքի մէջ։

«Այսօր հիւանդներուն նուիրուած այս օրը, կ՛ ուզենք աղօթել բոլոր անոնց հետ, որոնք կը տառապին աշխարհի մէջ: Կ՛աղօթենք ձեզի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը աղօթքի այդ պահի ընթացքին արտասանած հակիրճ ի խօսքին մէջ ուղղուած աղօթքին մասնակցող հիւանդներուն, ապա Իր սրտի խորքէն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` որ ճիգը ըրին եւ եկան աղօթելու այդտեղ «մեր մայրիկ Մարիամի, անոր ծիսական տօնի, Լուրտի Տիրամօր տօնին առիթով։

«Շատ գեղեցիկ օր է, որ մեզի կը յիշեցնէ Մարիամին, մեր մօր մօտիկութիւնը, որ միշտ մեզի կ'ուղեկցի եւ շատ բան կը սովորեցնէ. թէ ի՞նչ է տառապանքը, սէրը, կեանքը Տիրոջ ձեռքերուն մէջ յանձնելը», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելով ներկաներուն, բոլոր հիւանդներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կ'ուղեկցին բժշկական գիտութիւններուն, բժիշկներ, բուժքոյրեր, եւ շատ անձեր, որոնք մեզի մօտ են, յատկապէս ամենադժուար պահերուն» ըսաւ Ան ու հրաւիրեց միասին աղօթել «Ողջոյն Քեզ Մարիամ» աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2026, 13:17