Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը Օսթիա՝ Սուրբ Մարիամ Թագուհի խաղաղութեան ժողովրդապետութեան։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Օսթիա Լիտոյի Սուրբ Մարիամ Թագուհի Խաղաղութեան ժողովրդապետութիւնը պիտի ըլլայ առաջինը, որ պիտի հիւրընկալէ Լեւոն ԺԴ. Պապին հովուական այցելութիւնը: Յառաջիկայ կիրակի, Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Փալոթեան Հայրերու միաբանութեան վստահուած այս համայնքը:
Այցելութեան յայտագիրը
Պապը վերոյիշեալ ժողովրդապետութիւնը պիտի ժամանէ կէսօրէ ետք ժամը 16:00-ին: Անմիջապէս ժամանումէն ետք, եկեղեցւոյ ետեւի դաշտին մէջ, ան պիտի հանդիպի քրիստոնէական դաստիարակութեան դասընթացքներու հետեւող շուրջ 400 երեխաներու եւ պատանիներու հետ: Այնուհետեւ, մարզասրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի ողջունէ տարեցները, հիւանդները, կարիքաւորները եւ Քարիթասի կամաւորները (ընդհանուր՝ 400 հոգի):
Ժամը 17:00-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին, որուն պիտի ընկերակցին՝Կարդինալ Պալտօ Ռէյնա՝ Հռոմի թեմի Փոխանորդ, Գերապայծառ Ռենաթօ Թարանթելի Պաքարի եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ Հայր Ճովանի Վինչենցօ Փաթանէ։
Արարողութեան պիտի մասնակցին նաեւ Օսթիայի միւս քահանաները եւ տեղական իշխանութեանց ներկայացուցիչներ: Պատարագի աւարտին, Պապը պիտի հանդիպի ծխական հովուական խորհուրդի անդամներուն հետ, իսկ Վատիկան վերադառնալէ առաջ՝ պիտի օրհնէ այն հաւատացեալները, որոնք արարողութեան պիտի հետեւին եկեղեցւոյ դուրսը զետեղուած մեծ պաստառներու միջոցաւ։
Խաղաղութեան եւ ծառայութեան պատգամ
«Յատկանշական է, որ Սրբազան Հօր առաջին հովուական այցելութեան համար ընտրուած ծուխը նուիրուած է Մարիամ Թագուհի Խաղաղութեան», նշած է ժողովրդապետը ընդգծելով, որ իր գահակալութեան սկիզբէն ի վեր Լեւոն ԺԴ. Պապը մշտապէս շեշտած է «զինաթափուած եւ զինաթափող խաղաղութեան» կարեւորութիւնը: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Օսթիայի պաշտպան սուրբը՝ Սուրբ Օգոստինոսը, յատուկ նշանակութիւն ունի Օգոստինեան միաբանութեան անդամ հանդիսացող Քահանայապետին համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
