Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Ալպանիոյ վարչապետը Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Ալպանիոյ վարչապետը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Ալպանիոյ վարչապետը

Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը եւ Սուրբ Աթոռի բարձրաստիճան պաշտօնատարները ընդունեցին Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռաման՝ վերահաստատելով երկկողմանի սերտ ու բարեկամական կապերը։ Հանդիպման առանցքը կազմեցին Արեւմտեան Պալքաններու կայունութեան հեռանկարները եւ Ալպանիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղուած ջանքերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ այսռր հինգշաբթի, 5 փետրուարին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Ալպանիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Տիար Էտի Ռաման:

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, վարչապետ Ռաման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Միջազգային Յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալակէրի հետ:

Հանդիպման գլխաւոր կէտերը.

Կողմերը վերահաստատած են Սուրբ Աթոռի եւ Ալպանիոյ միջեւ առկայ սերտ ու բարեկամական կապերը՝ անդրադառնալով եկեղեցական եւ քաղաքացիական համայնքներու միջեւ գործակցութեան:

Յատուկ ուշադրութեան արժանացած է Արեւմտեան Պալքաններու կացութիւնը եւ շրջանային կայունութեան հեռանկարները:

Զրոյցի ընթացքին կարեւորուած է Ալպանիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան ուղղութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2026, 13:00