Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 2 փետրուարին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական ունկնդրութեամբ ընդունեց Փորթուկալի Հանրապետութեան նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոուզան։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալակեէրի հետ։
Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ խորհրդակցութիւններու ընթացքին երկու կողմերը վերահաստատեցին իրենց գոհունակութիւնը երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններուն եւ տեղական Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ տիրող սերտ համագործակցութեան համար։
Զրոյցին ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ «Քրիսթին» փոթորիկին պատճառած ծանր վնասներուն եւ ցաւալի հետեւանքներուն։ Բացի այդ, քննարկուեցան փորթուգալախօս երկիրներու ընկերային-քաղաքական իրավիճակը եւ միջազգային արդի խնդիրները՝ շեշտելով համաշխարհային խաղաղութեան ի նպաստ մշտական յանձնառութեան կարեւորութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
