Լեւոն ԺԴ. «Անձինք Նուիրեալները պէտք է ըլլան խաղաղութեան թթխմոր եւ յոյսի նշան»

Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը հրաւիրեց կրօնաւորները ըլլալու «խաղաղութեան թթխմոր» ե մարգարէներ, որոնք իրենց անձնուէր ծառայութեամբ կը սրբագրեն մարդոց սիրտերը: Սրբազան Հայրը յատուկ յարգանքի տուրք մատուցեց միաբանութիւններու հիմնադիրներուն եւ վկաներուն, եւ բոլոր այն կարօնաւորներուն որոոնք նոյնիսկ պատերազմներու մէջ կը մնան եղբայրութեան եւ յաւիտենական յոյսի կենդանի օրինակներ:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Երկուշաբթի, 2 Փետրուար 2026-ի կէսօրէն ետքը, Տեառնընդառաջի տօնին եւ Նուիրեալ Կեանքի 30-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հինգ հազարէ աւելի հաւատացեալներ որոնց մեծամասնութիւնը կղերականներ էին։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Սուրբ Պետրոս տաճարի գաւիթին մէջ` ուր տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջը խորհրդանշող մոմերու օրհնութիւնը հուսկ Քահանայապետը մոմը ձեռքը բռնած թափօրով մուտք գործեց Սուրբ Պետրոս տաճար, ուր գլխաւորեց սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ կը խօսէր Յիսուսի տաճար ընծայման դէպքի մասին, որմէ մեկնելով զօրեղ պատգամ մը ուղղեց աշխարհի բոլոր կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն։

Խաղաղութեան թթխմոր

Ան շեշտեց Անձինք նուիրեալներու կեանքի մարգարէական դերը՝ զայն համարելով «խաղաղութեան թթխմոր» ներկայի լարուած աշխարհին համար։

Մարդը կը հանդիպի Աստուծոյ

Մեկնաբանելով Յիսուսի ընծայումը տաճար, ուր մարդը կը հանդիպի Աստուծոյ, Սրբազան Հայրը նշեց, որ այս դրուագը սիրոյ երկու շարժումներու հանդիպումն է. «Աստուծոյ խոնարհութիւնը, որ կը յարգէ մարդկային ազատութիւնը, եւ մարդուն հաւատարիմ սպասումը՝ մարմնաւորուած Սիմէոնի եւ Աննայի կերպարներով»։

«Աստուած կը ներկայանայ աղքատ ընտանիքի մը միջոցաւ՝ առանց պարտադրանքի, այլ իր ձրի սիրոյ զօրութեամբ», ըսաւ Քահանայապետը։

Կոչ՝ ըլլալու արդի մարգարէներ

Լեւոն ԺԴ. յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը պարունակուած անոր Անձինք Նուիրեալներու ուղղած նամակին մէջ, անոնց յատկացուած Տարուան առիթով, 2014 թուականին, ուր հանգուցեալ Քահանայապետը խրախուսած էր զանոնք

«Արթնցնելու աշխարհը»։ Ասկէ մեկնելով Լեւոն ԺԴ,ը նշեց` որ Եկեղեցին անոնցմէ կը խնդէ ըլլալ մարգարէներ, պատգամաւորներ, որոնք կը հռչակեն Տիրոջ ներկայութիւնը եւ կը պատրաստեն ճանապարհը, իրենց կեանքը դարձնելով զոհաբերութիւն եւ ծառայութիւն։

Յարգանքի տուրք հիմնադիրներուն եւ նահատակներուն

Քահանայապետը երախտագիտութեամբ յիշեց միաբանութիւններու հիմնադիրները, որոնք աշխարհի ամենադժուարին վայրերուն մէջ՝ դարձան խաղաղութեան եւ հաշտութեան վկաներ։

«Եկեղեցին կոչուած է վկայելու Աստուած Ներկայութիւնը պատմութեան մէջ` որպէս փրկութիւն բոլոր ազգերուն համար: Հաւատացեալները հրաւիրուած են ճանաչելու ամէն մարդու սրբութիւնը, յատկապէս ամենաթշուառներունը, եւ հանդիպելու անոնց իբրեւ Աստուծոյ Ներկայութեան սրբավայրեր: Կարելի չէ բաժնել հաւատքն ու կեանքը եւ Եկեղեցին կոչուած է վկայելու, որ Աստուած ներկայ է ամէն մարդու եւ ամէն իրավիճակի մէջ», յարեց ի միջի այլոց Քահանայապետը:

Մարդկային կեանքին սրբութիւնը

Ան ապա յատուկէն յիշեց նաեւ այն միաբանութիւնները եւ կրօնաւորները, որոնք չեն լքեր իրենց վայրերը` հակառակ պատերազմներուն եւ ատելութեան, մնալով որպէս կենդանի յիշեցում մարդկային կեանքի սրբութեան։

«Անոնք չեն հեռանար, չեն փախչիր, կը մնան, ամէն բանէ մերկացած, որպէսզի դառնան հազար բառերէ աւելի, խօսուն կոչ մը` կեանքի անխախտելի սրբութեան....Իրենց ներկայութեամբ անոնք արձագանգ կը դառնան Յիսուսի խօսքերուն, նոյնիսկ հոն, ուր զէնքերը կ՛ որոտան եւ ուր կը թուայ թէ կը գերակշռեն բռնութիւնը, շահամոլութիւնը եւ ուժի գործադրումը . «Զգոյշ եղէք, որ այս փոքրերէն մէկն ալ չարհամարհէք, որովհետեւ […] անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն Հօր երեսը» (Մատթ. 18,10)» ըսաւ Լեւոն ԺԴ։

 Հայեացքը կեդրոնացած պահել ապագայի բարիքներուն վրայ 

Ան ապա ակնարկեց Ծերունի Սիմէոնի աղօթքին, որ «մեզի կը սորվեցնէ յաւիտենական իրականութիւնները ապրիլ յոյսով, առանց զանոնք բաժնելու երկրային իրականութիւններէն», նշեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, թէ «անոր պատմութիւնը մեզ կը խրախուսէ մեր հայեացքը կեդրոնացած պահելու ապագայի բարիքներուն վրայ եւ անջատութեամբ ապրիլ անցողիկ բաները»։

«Սիրելի՛ նուիրեալ անձինք Եկեղեցին այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնէ Տիրոջ և ձեզի` ձեր ներկայութեան համար և կը խրախուսէ ձեզ ըլլալու խաղաղութեան թթխմոր եւ յոյսի նշան» ըսաւ ապա քարոզի աւարտին Լեւոն ԺԴ. զանոնք յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ իրենց միաբանութիւններու հիմնադիրներու հովանիին, «մինչ Խորանին առջեւ բոլորս միասին կը նորոգենք մեր կեանքին նուիրումը Աստուծոյ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2026, 18:05