Լեւոն ԺԴ Պապ. «Առանց Աստուծոյ՝ կեանքը կը դառնայ հակաբնական»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 28 Փետրուարին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ առանձնայատուկ հանդիպում մը, ուր Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը ընդունեց Սպանիոյ չորս տարբեր նորընծայարաններու (Ալքալա տէ Հենարես, Թոլետօ, Քաթալոնիա եւ Քարթախենա) նորընծաներն ու դաստիարակները։ Իր պատգամին մէջ Պապը շեշտեց քահանայական կազմաւորման էական, բայց յաճախ անտեսուած հիմքը՝ գերբնական հայեացքը իրականութեան վրայ։
Իր խօսքը սկսելով Չեսթերթընի մէկ միտքով («Հանեցէ՛ք գերբնականը եւ պիտի չգտնէք բնականը, այլ՝ հակաբնականը»),Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց այն վտանգէն, երբ հոգեւորականը Աստուծոյ մասին կը խօսի սովորութեան ուժով, բայց կ՚ապրի այնպէս՝ կարծես Աստուած գոյութիւն չունի առօրեայ որոշումներուն մէջ։ Ըստ Քահանայապետին, ասիկա «հակաբնական» վիճակ մըն է, որ կը դատարկէ կեանքին իմաստը։
Ակնարկելով «ոտքի վրայ մեռնող ծառերու» մասին Քահանայապետը նշեց, որ ծառերը երբեմն կը պահեն իրենց արտաքին կանգուն տեսքը, սակայն ներսէն արդէն չորցած են։ Նոյնը կրնայ պատահիլ նորընծային կամ քահանային հետ, երբ հոգեւոր արմատները կը կտրուին Աստուծմէ, եւ անոնք կը սկսին ապաւինիլ միայն մարդկային միջոցներուն կամ արտաքին ձեւականութեան։
«Իսկական պտղաբերութիւնը կախեալ չէ գործունէութեան սաստկութենէն, այլ՝ Աստուծոյ հետ ունեցած կենդանի կապէն», յարեց Լեւոն ԺԴ։ Ան յիշեցուց, որ թէեւ հոգեբանական եւ մարդկային գործիքները օգտակար են, սակայն չեն կրնար փոխարինել Սուրբ Հոգիին դերը, որ կազմաւորման իրական հեղինակն է։
Պատգամի աւարտին, Սրբազան Հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց նորընծաներուն իրենց յանձնառութեան համար՝ յորդորելով զանոնք միշտ «Տիրոջ հետ ըլլալ», որպէսզի իրենց ծառայութիւնը ըլլայ կենսունակ եւ ոչ թէ լոկ պաշտօնական կատարում։ Ան օրհնեց ներկաները՝ վստահեցնելով Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի մշտական զօրակցութիւնը իրենց ճանապարհին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
