Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Ողբերգութիւն է, որ մանուկները զրկուած են խնամքէ եւ տարրական կարիքներէ»

Լեւոն ԺԴ. Պապը, դատապարտելով մանուկներու հանդէպ տիրող անտարբերութիւնն ու աղքատութիւնը, շեշտեց անոնց իրաւունքը՝ մեծնալու սիրալիր ընտանեկան միջավայրի մէջ եւ ստանալու արժանապատիւ կրթութիւն։ Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց միջազգային կազմակերպութիւններուն որդեգրել ներդաշնակ ու գործնական քայլեր, որպէսզի երեխաներուն ֆիզիքական, հոգեբանական եւ հոգեւոր բարօրութիւնը ըլլայ առաջնահերթութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

5 Փետրուար 2026-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց «Ճգնաժամէն դէպի Խնամք. Կաթողիկէ Գործողութիւն ի նպաստ Մանուկներու» նախաձեռնութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին անդամները ու անոնց ուղղած պատգամը սկսաւ ցաւով նշելով, թէ հակառակ միջազգային խոստումներուն, մանուկներու իրավիճակը վերջին տարուան ընթացքին չէ բարելաւուած.

«Իրապէս ողբերգութիւն է, որ մեր աշխարհի մանուկներն ու երիտասարդները՝ անոնք, որոնց Յիսուս կ’ուզէր որ իրեն գան, յաճախ զրկուած են խնամքէ եւ կեանքի տարրական կարիքներու հասանելիութենէ» ըսաւ Սրբազան հայրը ու շեշտեց հետեւեալ մարտահրաւէրները.

Ծայրայեղ աղքատութիւնն ու չարաշահումը, որոնք կը խլեն երեխաներուն արժանապատիւ կեանքը։

Ընտանիքներէն բաժանումը, որ կը յառաջանայ բռնի տեղահանութիւններու պատճառով։

Կրթութեան պակասը, որ կը սահմանափակէ անոնց աստուածատուր կարողութիւններու զարգացումը։

Ընտանիքի սրբութիւնը եւ կեանքի պաշտպանութիւնը

«Ասիկա միտքս կը բերէ Ֆրանչիսկոս Պապին շեշտադրումը երեխայի իրաւունքին մասին՝ «սիրուելու թէ՛ մօր եւ թէ՛ հօր կողմէ. երկուքն ալ անհրաժեշտ են երեխայի ամբողջական եւ ներդաշնակ զարգացման համար» (Amoris Laetitia, 172)։ Եկէք միշտ հաստատենք ու պաշտպանենք «կեանքի խորունկ տեսլականը՝ որպէս նուիրական պարգեւ, եւ ընտանիքը՝ որպէս անոր պատասխանատու պահապանը», համարելով «ցաւալի, որ հանրային միջոցները կը յատկացուին կեանքը ճնշելու, փոխանակ ներդրուելու մայրերուն եւ ընտանիքներուն սատարելու համար» (Պատգամ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, 9 Յունուար 2026)։

Գործնական Յանձնարարականներ

«Ես ձեզ կը յորդորեմ գտնել աւելի ներդաշնակ համագործակցութեան ուղիներ, որպէսզի երեխաները ստանան հաւասարակշռուած խնամք՝ հաշուի առնելով անոնց ֆիզիքական, հոգեբանական եւ հոգեւոր բարօրութիւնը։ Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ Կեանքի Քահանայապետական կաճառը, Ընդհանուր մեծաւորներու միութիւնը (USG) եւ Ընդհանուր մեծաւորուհիներու միջազգային միութիւնը (UISG) կ’ընկերակցին ձեզի այս ջանքերուն մէջ, եւ ես կը քաջալերեմ ձեզ բոլորդ՝ մշակելու գործնական քայլեր եւ գործողութիւններու ծրագիրներ՝ երեխաներու բազմակողմանի կարիքները հոգալու համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու  պատգամը աւարտեց յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապը. 

«Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ մեզի կը յիշեցնէր մանուկներուն մտիկ ընելու անհրաժեշտութիւնը, եւ ան այս առումով հանդիսացաւ օրինակելի վարդապետ մը։ Հետեւաբար, ելոյթս պիտի եզրափակեմ՝ մէջբերելով այն նամակը, զոր մանուկները իրեն ներկայացուցին անցեալ տարուան Գագաթնաժողովին. «Ձեզի հետ միասին, մենք կ’ուզենք մաքրել աշխարհը գէշ բաներէն, զայն գունաւորել բարեկամութեամբ ու յարգանքով, եւ օգնել ձեզի՝ կերտելու գեղեցիկ ապագայ մը բոլորին համար»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2026, 10:48