Լևոն ԺԴ. Պապը հանդիպեցաւ Արևելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու երիտասարդ քահանաներու ուսումնական այցի մասնակիցներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Խաղաղութիւն ձեզի բոլորիդ, որ Քրիստոսի մէջ եք» (Ա Պետրոս 5։14): Սուրբ Պետրոսի այս խօսքերով կ՛ ողջունեմ ձեզ՝ քահանաներ և վանականներ, որ կը ներկայացնէք Հայ, Ղպտի, Եթովպական, Էրիթրէական, Մալանկար և Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիները». Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Պապը սկսաւ Արևելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու երիտասարդ քահանաներու եւ վանականներու ուսումնական այցի մասնակիցներուն ուղղած իր ճառը, որոնց հետ հանդիպեցաւ այսօր` Հինգշաբթի 5 Փետրուարի առաւօտեան, Առաքելական Պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ։
Եղբայրական ողջոյն
Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկ եղբայրական ողջոյն մը ուղղեց Արքեպիսկոպոս Խաժակ Պարսամեանին և մետրոպոլիտ Պարնապա Էլ-Սորիանիին, որոնք կ՛ընկերանային ուսանողներուն ապա երախտագիտութիւն արտայայտեց Արևելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու պատուարժան առաջնորդներուն, որոնց նշանակութեամբ է` որ անոնք կը մասնակցին Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած ուսումնական այս այցին:
Իրար ճանչնալ եւ զիրար հարստացնել
Քահանայապետը յոյս յայտնեց` որ անոնց այցելութիւնը հնարաւորութիւն ըլլայ, որ անոնք մօտէն ծանօթանան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, յատկապէս Հռոմի Քուրիային եւ Հռոմի ուսումնական հաստատութիւններուն, վստահութիւն յայտնելով` որ այս այցը փոխադարձ հարստութեան մը առիթ ըլլայ բոլորին։
Քրիստոնեաներու միութեան կարեւորութիւնը
Լեւոն ԺԴ. ակնարկեց ապա վերջերս յիշատակուած Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթուան, որուն այս տարուայ նիւթը առնուած էր Սուրբ Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղուած նամակէն, ուր Առաքեալը կը շեշտէ հաւատքի մէջ միութեան կարեւորութիւնը:
Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը նշեց` որ Սուրբ Պօղոս իր կատարած ճամբորդութիւններու ընթացքին միշտ գիտակից եղած է, «որ ամէն համայնք ունի իր առանձնայատկութիւնները, մշակոյթը, խնդիրներն ու մտահոգութիւնները» բայց եւ այնպէս միշտ ալ զգուշացուցած է որ այդ համայնքները չի կորսուին իրենց առանձնայատկութիւններուն մէջ եւ չմոռանան, որ անոնք մաս կը կազմեն Քրիստոսի միասնական Մարմնին:
Քրիստոնէական ժառանգութեան հրաշալի խճանկար
«Սիրելի բարեկամներ, մեր Եկեղեցիներու պատմական եւ մշակութային տարբերութիւնները կը ներկայացնեն մեր ընդհանուր քրիստոնէական ժառանգութեան հրաշալի խճանկարը, որ բոլորս կրնանք գնահատել» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը խրախուսելով միեւնոյն ժամանակ, շարունակելու օգնել զիրար, «որպէսզի աճինք Քրիստոսի մեր ընդհանուր հաւատքին մէջ, որ մեր խաղաղութեան աղբիւրն է (տե՛ս Եփեսացիներ 2:14):
Վերացնենք մեր ներքին նախապաշարումները եւ զինաթափ ընենք սրտերը
«Այս կը պահանջէ, որ մենք սորվինք «անզէն ըլլալ» հաստատեց Լեւոն ԺԴ. մէջբերելով Աթենակորաս Հայրապետի խօսքերը. «Զինաթափուած եմ արդար ըլլալու կարիքէն, ուրիշները դատելով ինքզինքս արդարացնելու պահանջէն», մղելով «ամենադժուար պատերազմը՝ ես իմ անձիս դէմ պատերազմը»։
«Երբ մենք կը վերացնենք մեր ներքին նախապաշարումները եւ զինաթափ կ՛ընենք սրտերը, կ'աճինք սիրով, աւելի սերտ կը գործենք միասին եւ կ՛ ամրապնդենք մեր միութեան կապերը Քրիստոսի մէջ: Այս ձեւով, քրիստոնէական միութիւնը կը դառնայ թթխմոր երկրի վրայ խաղաղութեան եւ բոլորի հաշտութեան» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը եւ ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց այցելութեան համար ու անոնց հաւաստիացնելով իր աղօթքները ապա հայցեց` որ Աստուած օրհնէ զանոնք եւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը պաշտպանէ զանոնք եւ անոնց Եկեղեցիներուն հաւատացեալները ապ հրաւիրեց միասին աղօթելու Տէրունական աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
