Օսթիայի Խաղաղութեան Թագուհի եկեղեցին Օսթիայի Խաղաղութեան Թագուհի եկեղեցին 

Լեւոն ԺԴ. Պապի Հովուական այցելութիւնը Օսթիայի «Բարձունքին». Յոյսի պատգամ մը ծովափնեայ արուարձանին

Լեւոն ԺԴ. Պապը փետրուար 15-ին հովուական այցելութիւն պիտի տայ Օսթիայի «Սուրբ Մարիամ Թագուհի Խաղաղութեան» ծուխին՝ սկիզբ տալով Մեծ Պահքի նախօրեակին նախատեսուած իր հնգեակ հանդիպումներուն։ Այս այցելութիւնը նպատակ ունի զօրակցելու դժուար պայմաններու մէջ գտնուող արուարձանի բնակչութեան եւ վեր առնելու տեղւոյն համայնքին հոգեւոր ու բարեսիրական կենսունակութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Փետրուար 15-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պիտի սկսի իր հովուական այցելութիւններու շարքը՝ առաջին հանգրուան ընտրելով Օսթիայի Սուրբ Մարիամ Թագուհի Խաղաղութեան եկեղեցին։ Այս այցելութիւնը առաջինն է այն հինգ հանդիպումներէն, զորս Պապը պիտի կատարէ Հռոմի թեմի տարբեր շրջաններու մէջ՝ Մեծ Պահքի կիրակիներուն ընթացքին։

Օսթիայի ամենաբարձր բլուրին վրայ բազմած այս տաճարը, որ շուտով պիտի բոլորէ իր հարիւրամեակը, պարզապէս ճարտարապետական գոհար մը չէ. այն կառուցուած է Պենետիկտոս ԺԵ. Պապի փափաքով՝ առաջին Համաշխարհային պատերազմի օրերուն, որպէս աղօթք առ Աստուած՝ խաղաղութեան հաստատման համար։ Այսօր, այս ծուխը կը գտնուի ընկերային բարդ կացութիւններու կեդրոնը, ուր աղքատութիւնն ու յանցագործութիւնը յաճախ կը ստուերեն բնակիչներու բարի կամքն ու նուիրումը։

«Մենք կենսունակ համայնք ենք դժուար տարածքի մը մէջ», կը հաստատէ տեղւոյն ժողովրդապետ Տէր Ճովաննի Փաթանէն։ Ան կը շեշտէ, թէ Օսթիան միայն լրատուամիջոցներու ներկայացուցած «մութ» պատկերը չէ, այլեւ՝ լեցուն է բարի մարդոցմով եւ երիտասարդական աւիւնով։ Այցելութեան յայտագիրը խիտ է. Սրբազան Հայրը պիտի հանդիպի երեխաներու, հիւանդներու, աղքատներու եւ գաղթականներու հետ, որոնք ամէն օր օժանդակութիւն կը ստանան եկեղեցւոյ «Քարիթաս» միութեան կողմէ։

Հետաքրքրական է, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը, ըլլալով Օգոստինեան միաբանութեան անդամ, յատուկ կապ մը ունի այս վայրին հետ։ Օսթիան այն տեղն է, ուր իր մահկանացուն կնքած է Սրբուհի Մոնիքան՝ Սուրբ Օգոստինոսի մայրը։ Այս հոգեւոր կապը այցելութեան կու տայ աւելի ներձնական եւ ջերմ բնոյթ։

Ժողովրդապետութիւնը, արդարութիւնը յարգելու համար, Սուրբ Պատարագի տոմսերը բաշխած է վիճակահանութեամբ, որպէսզի բոլորը հաւասար առիթ ունենան ներկայ գտնուելու։ Մնացեալ հաւատացեալներուն համար եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ զետեղուած են մեծ պաստառներ։

Այս այցելութիւնը կը միտի վեր առնել Օսթիայի «գեղեցիկ դէմքը»՝ ցոյց տալով, որ նոյնիսկ ամենադժուար արուարձաններուն մէջ եկեղեցին կը մնայ որպէս յոյսի եւ սիրոյ փարոս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2026, 10:27