Լեւոն ԺԴ պիտի այցելէ Քասթրօ Փրեթորիոյի Յիսուսի Սուրբ Սիրտ ժողովրդապետութիւնը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Ամէն ինչ պատրաստ է Հռոմի Քասթրօ Փրեթորիօ շրջանին մէջ գտնուող Յիսուսի Սուրբ Սիրտ ժողովրդապետութեան մէջ՝ ընկալելու համար Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը։
Արդարեւ Կիրակի, 22 Փետրուարին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Վիա Մարսալա 42 հասցէի վրայ գտնուող համայնքը, որ վստահուած է Տոն Պոսքոյի Սալէզեան միաբանութեան։
Ան պիտի ժամանէ առաւօտեան 8.15-ին եւ անմիջապէս պիտի դիմաւորուի բակին մէջ ծխական տարբեր խումբերու ներկայացուցիչներու կողմէ։
Ներկայ պիտի ըլլան, ի միջի այլոց, Լսման Կեդրոնը, «Տաղանդներու Դրամատուն» խումբը, երիտասարդները, քրիստոնէականի մանուկները, ժողովրդապետութեան կողմէ աջակցութիւն ստացող աղքատները, եւ հինգ «երախաներ», որոնք Զատկական Գիշերուան ընթացքին պիտի ստանան սուրբ խորհուրդները։
Սուրբ Պատարագը
Ժամը 9-ին Լեւոն ԺԴ Ժողովրդապետութեան Եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցէ սուրբ Պատարագը։ Համապատարագիչներու շարքին պիտի ըլլան կարդինալ Պալտօ Ռէյնա՝ Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը, Եկեղեցւոյ տիտղոսակիր կարդինալ Ճուզեփփէ Վերսալտի՝ Կաթողիկէ Կրթութեան Վերատեսչութեան նախկին նախագահը, Սալէզեաններու Գերագոյն Վերատեսուչ Հայր Ֆապիօ Աթթարդը եւ այլ հոգեւորականներ։
Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ երեք խումբ քոյրեր, որոնք կը մասնակցին համայնքի կեանքին՝ Մարիամ Օժանդակութեան Դուստրերը, Ամենասուրբ Խորհուրդի Ֆրանչիսկեան Միսիոնար Քլարիսները եւ Քրիստոսի Յարութեան Միսիոնարները։
Եկեղեցւոյ մէջ պիտի գտնուին մանաւանդ թաղամասի հաւատացեալները, բազմաթիւ տարեցներ եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հանդիպումներ համայնքին եւ տարբեր իրականութիւններուն հետ
Տօնակատարութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը «պիտի ուղղուի մատուռ, ուր պիտի հանդիպի Սալէզեան համայնքի անդամներուն հետ, ապա այլ սրահի մը մէջ պիտի հանդիպի հովուական խորհուրդին, երիտասարդներուն եւ հուսկ՝ քահանաներուն հետ»։ Այս մասին կը յայտնէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը քահանան, որ կիրակնօրեայ այցելութիւնը կ՛որակէ «մեծ շնորհք եւ Սրբազան Պապին կողմէ մեզի տրուած պարգեւ»։
«Ան կու գայ մեր մօտ,— նշեց Հայր Խաւիէն,— մենք թէեւ կեդրոնի մէջ ենք, բայց իրականութեան մէջ ծայրամասի նման ենք։ Գեղեցիկ է զգալ մեր հովիւին եւ Հռոմի մեր Եպիսկոպոսին մերձաւորութիւնը։ Կը յուսանք, որ այս այցելութիւնը պիտի օգնէ նոր թափ տալու ամբողջ հովուական գործին եւ յատկապէս հասնելու միայնակ անձերուն, որովհետեւ ունինք շատ տարեցներ, ու նաեւ մօտեցնելու անոնք որ հեռացած են»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
