Որոնել

2022.02.08 Raccolta Banco Farmaceutico

Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ դեղեր նուիրել Իտալիոյ Դեղագործական Դրամատան

Իտալական @Pontifex_it իր էջին մէջ կատարած գրառման մէջ Լևոն ԺԴ-ը ակնարկեց 10 փետրուարէն մինչև 16 տեւող նախաձեռնութեան որով մասնակից դեղատուները դեղեր կը հաւաքէն և զանոնք կը տրամադրեն աւելի քան երկու հազար բարեգործական կազմակերպութիւններուն՝ «առողջապահական աղքատութեան» պայմաններուն մէջ ապրող կէս միլիոնէ աւելի մարդկանց խնամքին աջակցելու համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ ուղղած է դեղորայք նուիրելու «Banco Farmaceutico»-ի կազմակերպած Դեղերու հաւաքագրման օրերու ընթացքին, որոնք տեղի կ՛ունենան 10էն 16 փետրուարին։

Նախաձեռնութիւնը աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Իտալիայի աւելի քան կէս միլիոն մարդու, որոնք կ՛ ապրին «առողջապահական աղքատութեան» պայմաններուն մէջ՝ հաւաքուած դեղերը բաշխելով աւելի քան 2.000 բարեգործական և խնամքի կազմակերպութիւններու միջոցաւ։

2000 թուականից գործող այս ծրագիրը ամէն տարի կը ներգրաւէ հազարաւոր կամաւորներ և դեղագործներ եւ 24 տարուայ ընթացքին նուիրած է գրեթէ 8 միլիոն դեղամիջոց աւելի քան 29,7 միլիոն եւրօ արժէքով։

«Իտալիոյ մէջ, հինգ հարիւր հազար մարդ կ՛ապրի առողջապահական աղքատութեան պայմաններու մէջ։ Կարելի է օգնել անոնց՝ 10-էն մինչև 16-Փետրուարին դեղորայք նուիրելով ««Banco Farmaceutico»-ի նախաձեռնած Դեղահաւաքի Օրերու ընթացքին։ Հաւաքուած դեղերը պիտի յանձնուին աւելի քան երկու հազար բարեգործական և օգնութեան հաստատութիւններու ամբողջ Իտալիոյ մէջ, որոնք պիտի բաշխեն անոնց որոնք անոր կարիքն ունին» գրած է Սրբազան Պապը ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2026, 13:30