2026.02.18 Membri dell'Associazione Pro Petri Sede

Միութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ խաղաղութիւնը՝ Հռոմի Եպիսկոպոսին առաքելութիւնը

Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ կաթողիկէ աշխարհականներու՝ «Pro Petri Sede» ընկերակցութեան անդամներուն հետ։ Այս խռովայոյզ աշխարհին մէջ կարեւոր է, որ «Պետրոսը» ազատօրէն հռչակէ ճշմարտութիւնը, պաշտպանէ տկարները, խթանէ խաղաղութիւնը եւ հռչակէ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսը՝ իբրեւ միակ հորիզոնը հաշտուած մարդկութեան մը, նշած է Նորին Սրբութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 18 Փետրուարին, Վատիկանի Պօղոս Զ․ փոքր դահլիճէն ներս, ընդունեց «Pro Petri Sede - Յանուն Պետրոսի Աթոռի» ընկերակցութեան անդամները։ Ֆրանսերէնով արտասանած իր պատգամին սկիզբը՝ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումին համար ընկերակցութեան Հռոմ կատարած ուխտագնացութեան առիթով, որ ինչպէս նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, կանոնաւոր բնոյթ կը կրէ՝ ամէն երեք տարին մէկ անգամ, որուն ընթացքին անոր անդամները՝ ստանձնած հոգեւոր կոչումին համաձայն, «Պետրոսի իրաւայաջորդին կը յայտնեն իրենց «հաւատարմութիւնը»։

Պատմական անդրադարձ

Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ 1968 թուականին խումբ մը կաթողիկէ աշխարհականներու կողմէ ստեղծուած ընկերակցութեան անդամները «հեռաւոր ժառանգներն» են Պապական Զուաւներուն՝ 1860-ին ստեղծուած նշանաւոր զինուորական գումարտակներուն՝ պաշտպանելու Քահանայապետական Պետութիւնը եւ անվերապահ նուիրումով, մինչեւ իսկ իրենց կեանքը զոհելով, պաշտպանելու համար Հռոմի Քահանայապետին ազատութիւնը, որ այն ատեն վտանգուած էր։

Աղօթքը եւ բարեգործութիւնը՝ Ընկերակցութեան նոր «զէնքերը»

Զոհաբերութիւն, որ ըստ Նորին Սրբութեան, փոփոխուած «հասարակական-պատմական պայմաններուն» մէջ այլեւս անհրաժեշտ չեն, քանի որ, «իրական պայքարն այժմ այլ բնոյթի է» եւ «Պապին անսակարկ նուիրումը այսօր կ’արտայայտուի գլխաւորապէս աղօթքներով, հաւատացեալներուն Սուրբ Աթոռի դերն ու գործողութիւնները բացատրելու ջանքերով եւ նիւթական նուիրատուութիւններով՝ ի մասնաւորի ամէնէ անապահովներուն ի նպաստ։

Նիւթական աջակցութիւն Չիքլայոյի մէջ կրթական կեդրոնին

Լեւոն ԺԴ․ ապա իր յուզմունքը եւ շնորհակալութիւնը արտայայտեց այս տարի «Չիքլայոյի իր սիրելի թեմին» կրթական կեդրոնի մը նիւթապէս աջակցելու ընկերակցութեան որոշումին առթիւ, ինչը, ըսաւ Ան «մեծ օգուտ կը բերէ եւ թոյլ կու տայ, հակառակ հեռաւորութեան, մօտ մնալ այդ բոլոր մարդկանց՝ մտքերով եւ բարեգործութեամբ»։

Փերուի մէջ գտնուող այդ քաղաքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը՝ ժամանակին Գերապայծառ Փրեւոսթը, առաքելական կառավարիչ էր՝ Նոյեմբեր  2014էն, եւ Եպիսկոպոս՝ 2015էն մինչեւ 2023ի սկիզբը:

Կարեւոր է ունենալ ազատութիւն՝ դատապարտելու համար անարդարութիւնները եւ խթանելու խաղաղութիւնը։

Սրբազան Հայրը, ապա, հրաւիրեց ընկերակցութեան անդամները «շարունակելու Առաքելական Աթոռին աջակցելու առաքելութիւնը եւ, ըստ կարելիութեան,  ընդարձակելու զայն, որպէսզի այսօր ալ ամբողջապէս պահէ իր իմաստն ու նշանակութիւնը»։

Հռոմի Եպիսկոպոսը Քրիստոսէն ստացած է միութեան եւ Աւետարանի հռչակման առաքելութիւնը, որուն համար անհրաժեշտ է լիակատար ազատութիւն, հաստատեց այնուհետեւ Լեւոն ԺԴ․ նկատել տալով` որ այս խռովայոյզ աշխարհին մէջ կարեւոր է, որ «Պետրոսը» ազատօրէն հռչակէ ճշմարտութիւնը, պաշտպանէ տկարները, խթանէ խաղաղութիւնը եւ հռչակէ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսը՝ իբրեւ միակ հորիզոնը հաշտուած մարդկութեան մը։

Լեւոն ԺԴ․ խօսքը աւարտեց բոլորը  յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պետրոս Առաքեալի պաշտպանութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2026, 09:45