Որոնել

2026.02.08 Personale dei Servizi della Floreria e dell'Edilizia

Քահանայապետին ողջոյնը Վատիկանի Ծաղկաբոյծի և Շինարարական բաժնի ղեկավարներուն և անձնակազմին

«Տարածքներու զարդարանքը եւ կառոյցներու անվտանգութիւնը իրենց ամենաբարձր իմաստը կը գտնեն հաւատացեալներու նուիրումին եւ Եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան տրուած աջակցութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 8 փետրուարի առաւօտեան նախ քան իր գրասենեակի պատուհանէն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը. Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ Վատիկանի Ծաղկաբոյծի և Շինարարական բաժնի ղեկավարներուն և անձնակազմին այնպէս ինչպէս անցեալ կիրակի օր հանդիպած էր Քահանայապետի Ազնուականներուն, Նախասենեակի ծառայողներուն եւ Պապական Գահակալներուն։

Մեծ նուիրումով աշխատանք

Հանդիպումին առիթով ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց «մեծ նուիրումով կատարած աշխատանքին համար» ու այն կիրքին հանար զոր անոնք ցուցաբերեցին, յատկապէս Յոբելենական տարուան ընթացքին։

«Ձեր միասնական յանձնառումին շնորհիւ միլիոնաւոր ուխտաւորներ կարողացան Սուրբ Դուռէն անցնիլ կարգուկանոնով և հանդարտութեամբ՝ արդիւնաւէտ կերպով մասնակցելով ծիսական արարողութիւններուն, ունկնդրութիւններուն, եւ և այլ ձեռնարկներուն» ըսաւ Քահանայապետը խրախուսելով զանոնք այս երախտագիտութիւնը ընկալելու` որպէս մղիչ ուժ մը ապագայի ծրագիրներուն համար։

«Տարածքներու զարդարանքը եւ կառոյցներու անվտանգութիւնը իրենց ամենաբարձր իմաստը կը գտնեն հաւատացեալներու նուիրումին եւ Եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան տրուած աջակցութեան մէջ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Սուրբ Պետրոս պազիլիքային ու անոր յատուկ խնամք տանելու անհրաժեշտութեան, որպէս վայր` մտորումի, լռութեան եւ հոգեկան զարմանքի, ինչպէս նաեւ ս. Պետրոս հրապարակին, «որ իր հրաշալի սիւնաշարով ամբողջ աշխարհը կ'ընդգրկէ» եւ որ «բոլորին ընդունելութեան «այցեքարտն» է»:

Հաւատքը եւ աղօթքը իմաստ կու տան գործունէութեան

Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները իրենց առօրեայ գործունէութեան ընթացքին մտածելու բոլոր անոնց, որոնք կ՛անցնին այն վայրերէն` որոնց անոնք խնամք կը տանին եւ աղօթելու անոնց համար, որովհետեւ «հաւատքը եւ աղօթքը իմաստ կու տան բոլոր այն բաներուն զոր կը կատարենք»։

Կառոյց որուն նպատակն է Աւետարանի վկայութիւնը

Սիրելիներ, ամէն օր ձեր կատարած աշխատանքը անկասկած կը ներկայացնէ զուսպ, բայց չափազանց արժէքաւոր ծառայութիւն մը Սրբազան Պապի առաքելական առաքելութեան համար։ Ան կը ներառուի Վատիկանի Պետութեան Կառավարութեան եւ Ենթակառուցուածքներու եւ Ծառայութիւններու Տնօրէնութեան բարդ գործունէութեան շրջանակին մէջ, զոր կը գովեմ Վատիկանի Պետութեան ներքոյ խնամքով եւ արագութեամբ իրականացուցած բազմաթիւ պարտականութիւններուն համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով ներկաները յիշելու թէ «մաս են մէկ կառոյցի մը», որ «որպէս նպատակ ունի Աւետարանի վկայութիւնը, Տիրոջ պատուէրին համաձայն, Բարի Հովիւ եւ Եկեղեցւոյ Գլուխ»՜

«Որպէս նշան իր երախտագիտութեան ի սրտէ կ՛օրհնեմ ձեզ, ձեր ընտանիքները որ այսօր ձեզի կ՛ընկերանան ու նաեւ ձեր աշխատանքը» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2026, 11:14