Քալենք միասին Յիսուսի սրտին մէջ. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի 22 Փետրուարին Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելեց Հռոմի Սալեզեան Միաբանութեան Յիսուսի Սուրբ Սիրտ Ժողովրդապետութիւնը այնտեղ մատուցելով կիրակնօրեայ պատարագը եւ պատարագէն ետքը հանդիպում ունեցաւ Սալեզեաններու հասարակութեան ու Ծխական Խորհուրդի անդամներուն հետ։
Ասիկա ձեր տունն է, Տունը բոլորին.
Խօսքը ուղղելով Ժողովրդապետական Խորհուրդի անդամներուն Քահանայապետը իր անկեղծ շնորհակալութիւնը յայտնեց այցելութեան կազմակերպման համար եւ ներգրաւելով Ժողովրդապետը յատուկ ծափահարութիւն խնդրեց անոր ու համայն Սալեզեան ընտանիքին համար։
Ան ապա ակնարկեց Ժողովրդապետութեան վայրին` որ կը գտնուի քաղաքի սրտին մէջ, եւ որ Սալեզեաններուն վստահուած կառոյցէն անդին անիկա ամբողջ համայնքի մը հաւատացեալներուն եւ ամէն օր Թերմինի շրջանը կտրող «ուխտաւորներու հոսքին» տունն է։
«Տեղ մը, որ ոչ միայն քաղաքի աշխարհագրական սիրտը կը ներկայացնէ, այլ խորհրդանշաբար՝ Յիսուսին Սիրտը, սիրոյ եւ ողորմութեան անսպառ աղբիւրը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, յայտնելով` որ այդ ողորմութիւնը շօշափելի կը դառնայ ամէն օր առաջարկուող բազմաթիւ ծառայութիւններու ընդմէջէն, ողորմութիւն, ընդունելութիւն, ուղեկցութիւն եւ մերձեցում, որոնք շօշափելի նշաններ են Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ ներկայութեան տառապող եւ որոնող մարդոց կողքին։
Միասին քալող սիւնհոդոսական Եկեղեցի
Նորին Սրբութիւնը ապա ցաւ յայտնեց, որ ժամանակը չի ներէր անոնց այլ փորձառութիւններու մասին տեղեկութիւններ ունենալու համար եւ արժեւորեց «Հովուական Խորհուրդի» կարեւորութիւնը` որպէս Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսականութեան իսկական արտայայտութիւն։
«Սիւնհոդոս կը նշանակէ միասին քալել» յիշեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով նաեւ բաժնեկցուած ծառայութեան, համապատասխանատութեան, եւ տարբերութիւններու մէջ միութեան կարեւորութիւնը։
Ան ապա Տիրոջ օրհնութիւններուն հետ միասին անոնց համար հայցեց Տիրոջ սիրոյ շնորհքը ու քաջալերեց յառաջ ընթանալու իրենց աշխատանքին մէջ։
Սալեզեան Միաբանութիւնը Յիսուսին սրտին մէջ գրուած նշան
Երկրորդ հանդիպման ընթացքին, Սալեզեան հասարակութեան հետ, մէջբերելով Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած մէկ հատուածը ուր կը խօսուի Յիսուսի գործած «նշաններուն» մասին՝ որոնք բոլորը գրուած չեն գրքին մէջ, բայց եւ այնպէս նպատակ ունին արթնցնելու հաւատքն ու կեանքը Անոր անունով, Լևոն ԺԴ. Պապը հաստատեց թէ նուիրեալ կեանքը եւ, յատկապէս, սալեզեան միաբանութիւնը եւս նշաններ են, որոնք թուղթին վրայ ամրագրուած չեն, այլ «գրուած են Յիսուսի սրտին մէջ»։
Քահանայապետին յատուկ կապը Սալեզեան միաբանութեան հետ
Հզօր ճանաչում մը այն խարիզմին, որ՝ Giovanni Bosco-ի օրինակով, կը շարունակէ ծառայել երիտասարդներուն ամբողջ աշխարհին մէջ, յաճախ պատերազմով, աղքատութեամբ եւ բախումներով յատկանշուած միջավայրերու մէջ, դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց իր երիտասարդութեան անձնական դէպք մը.․ «նախքան Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան միանալս, ես այցելեցի Սալեզյան հասարակութիւն մը» ըսաւ Քահանայապետը եւ ժպիտով հաստատեց. «Դժբախտաբար դուք երկրորդ տեղը գրաւեցինք», բայց, աւելցուց Ան, «այդ հանդիպումէն բան մը մնաց իր սրտիս մէջ եւ պատահական չէ, որ քահանայապետութեանս առաջին ամիսներուն աւելի սալեզեան համայնքներ այցելեցի, քան Օգոստինեան», ըսաւ միշտ Նորին Սրբութիւնը։
Ան ապա գնահատեց Սալեզեան Միաբանութեան շնորհապարգեւը յատկապէս անոնց երիտասարդներուն նուիրուած կրթական հովուական ծառայութիւնը, որ պատուած է տարբեր ձեւերով բազմաթիւ Երկիներու մէջ։
Ապրիլ սիրոյ հոգին՝ հետեւելով Տոն Պոսկոյի վկայութեան
Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ թէ «ԱՓՍԱ» ի նախագահը եւս Սալեզեան միաբանութեան անդամ է ապա գեղեցիկ հաարեց միասին ապրիլ հաւատքը եւ անգամ մը եւս շեշտը դրաւ թաղամասի իրականութեան վրայ եւ Սալեզեան միաբանութեան յատուկ ու վեհանձն ծառայութեան վրայ ի սպաս երիտասարդներուն, իտալացի եւ օտար, անոնք նուիրելով կազմաւորումի եւ ընդելուզման հնարաւորութիւն, կազմակերպելով, զոր օրինակ Իտալերէն լեզուի դասընթացքներ, «որոնց ես ալ մեծ հաճոյքով կը մասնակցի» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ծիծաղելով։
«Ապրեցէք այս սիրոյ հոգին՝ հետեւելով Տոն Պոսկոյի վկայութեան։ Ամենալաւ մաղթանքներս ձեզի, շնորհակալութիւն ձեր ծառայութեան համար։ Քալենք միասին՝ միացած Եկեղեցւոյ մէջ, միացած Յիսուսի Սուրբ Սրտին մէջ։ Շնորհակալութիւն» եղան Նորին Սրբութեան եզրափակիչ խօսքերը որմէ ետքը հրաւիրեց միասին աղօթել Հայր մեր աղօթքը ու անոնց շնորհեց իր օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
