Աղօթական խոր հոգիով ապրինք Մեծ Պահքի ծիսական ժամանակաշրջանը. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Յառաջիկայ 22 Փետրուարին կը լրանայ Ողորմած Յիսուսի` Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքային առաջին երեւման 95-րդ տարեդարձը Այդ օրուանէն սկսաւ նոր էջ մը Աստուածային Ողորմութեան պաշտամունքի տարածման մէջ՝ «Աստուածային Ողորմութեան Պսակ»-ին եւ «Յիսուս, քեզի կը վստահիմ» պատկերին միջոցաւ։ Պահքը թող ըլլայ Քրիստոսի հետ հանդիպման ժամանակ՝ Ապաշխարութեան Խորհուրդին եւ ողորմութեան գործերուն միջոցաւ». Խօսքերն ասոնք` զոր Լեւոն ԺԴ. Պապը ուղղեց չորեքշաբթի 18 Փետրուարին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ունկնդրութեան մասնակցող Լեհ ուխտաւորներուն։
Ան ապա այլ լեզուներով եւս ողջունելէ ետք հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն խրախուսելով զանոնք այսօր սկիզբ առնող քառասնորդաց շրջանի ընթացքին աղօթական խոր հոգիով ապրելու այս ծիսական ժամանակաշրջանը, որպէսզի ներքնապէս նորոգուած հասնին Քրիստոսի Զատկական մեծ Խորհուրդին` որ է, ըսաւ Ան, Աստուծոյ ողորմած սիրոյն գերագոյն յայտնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
