Քառասնորդացը` Սուրբ Մկրտութեան վերաբացայայտումի ժամանակ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի, 22 Փետրուարի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այցելեց Հռոմի կեդրոնական շրջանի մէջ գտնուող` Յիսուսի Սուրբ Սիրտ ժողովրդապետութիւնը, որ եղաւ Անոր իր Թեմին` այսինքն Հռոմի Թեմին այցելած երկրորդ ժողովրդապետութիւնը, անցեալ կիրակի այցելած Օսթիայի «Սուրբ կոյս Մարիամ Թագուհի Խաղաղութեան» ժողովրդապետութենէն ետքը։
Սրբազան Պապը այցելութեան վայր ժամանեց ժամը 8,15 անց` ուր դիմաւորուեցաւ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտօ Ռէյնայի եւ Ժողովրդապետութեան պատասխանատուներու կողմէ ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան զանազան խումբերու ներկայացուցիչներու կողմէ որոնց շարքին «Ունկնդրութեան Կեդրոնը, Տաղանդներու Դրամատունը, երիտասարդները, քրիստոնէական դասընթացքի մանուկները, Ժողովրդապետութեան մօտ խնամուող աղքատները, եւ հինգ Երախաներ, որոնք Զատկուան Հսկումին պիտի ստանան մկրտութեան խորհուրդը։
Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքը երիտասարդներուն եւ պատանիներուն
Նախ քան սուրբ պատարագը մատուցելը Լեւոն ԺԴ. ողջոյնի խօսք մը ուղղեց բոլոր ներկաներուն ուրախութիւն յայտնելով անոնց հետ հանդիպելուն համար ու մատնանշելով որ այս կիրակին եւս կը յիշատակէ Յիսուսին յարութիւնը ու թէ Քառասնորդացը ժամանակ է ապաշխարութեան որ պէտք է ապրուի ուրախութեամբ որովհետեւ Տէրը բոլորը կ՛ընկալէ ուրախութեամբ։
Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար ու շեշտը դրաւ Ժողովրդապետութեան «Սուրբ Սիրտ» բառի իմաստի վրայ, ընդգծելով թէ ան Յիսուսի ողորմած եւ անսահման սիրոյ խորհրդանիշn h, որ զանազան երկիրներէ եկած մարդիկ կը միաւորէ միասնութեան եւ եղբայրութեան մէջ։
Սալեզեան Միաբնաութիւնը եւ Ժողովրդապետութիւնը
Նորին Սրբութիւնը առ այդ յատուկէն ողջունեց Սալեզեան Միաբանութեան հասարակութեան անդամները, յիշելով թէ ինչպէս ժողովրդապետութեան պատմութիւնը կապուած է Սուրբ Տոն Պոսքոյին որ Միաբանութեան հիմնադիրն եւ Լեւոն ԺԳ Պապին։
Արդարեւ 1880 թուականի ապրիլ 5-ին Լեւոն ԺԳ-ը Տոն Պոսքոյին կը յանձնարարէ ստանձնել ծրագիրին պատասխանատուութիւնը՝ յստակեցնելով, թէ անոր տրամադրելիք դրամական միջոցներ չունի. Փիէմոնթցի քահանան կ’ընդունի՝ որպէս միակ պայման դնելով շինարարական հրապարակը ընդարձակելու կարելիութիւնը, որպէսզի կառուցուող եկեղեցիին կից այլ շինութիւն մը եւս իրականացուի»։
Չենք ապրիր միայն անցեալի պատմութիւն մը
«Մենք կ’ապրինք պատմութիւն մը, որ միայն անցեալի պատմութիւն չէ։ Այսօր պատմութիւնը կը կերտենք, որովհետեւ այսօր ալ կ’ուզենք ապրիլ այս գեղեցիկ աւանդութիւնը՝ ծառայութեան, գթութեան եւ երիտասարդներուն հետ աշխատանքի», ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը գեղեցիկ նկատելով մանուկներուն ներկայութիւնը ու ծափայարութիւն խնդերց անոնց համար։
Ան ապա նախ քան եկեղեցի մուտք գործելվ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ բարի տօնակատարութիւն։
Սուրբ Պատարագը
Ժամը ինին Սրբազան Պապը Յիսուսի Սուրբ Սիրտ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագը` որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց քառասնորդաց շրջանի Մեծ Պահքի կարեւորութեան վրայ որպէս ժամանակ վերագտնելու Մկրտութեան խորհուրդի նշանակութիւնը։
Մկրտութիւնը. Շնորհք` որ կը հանդիպի մեր ազատութեան
Քահանայապետը յիշեցուց, որ Մկրտութիւնը շնորհք մըն է, որ մշտապէս մեզի կ՛ուղեկցի եւ կը մղէ մեզ՝ կերպարանափոխուելու Յիսուսի համաձայն։
Ան ընդգծեց Մկրտութեան յարաբերական բնոյթը, որ մեզ կը կոչէ ապրելու Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը եւ մտնելու Անոր Հօր հետ հաղորդակցութեան մէջ։
Ժողովրդապետութիւնը մերձաւորութեան եւ գթութեան վայր մը
Նորին Սրբութիւնը յիշեց թէ Լեւոն ԺԳ Պապն եղած է ան որ Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյէն խնդրած է այնտեղ կառուցել Եկեղեցի մը. Ան ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հասկցած էր այս վայրին կեդրոնականութիւնը, որ մօտ է Թերմինի Կայանին եւ որ քաղաքի եզակի խաչմերուկ մըն էր, որ «ժամանակի ընթացքին դարձաւ միշտ աւելի կարեւոր» յարեց Քահանայապետը ակնարկելով Ժողովրդապետութեան մէջ ու անոր մօտակայքը մատուցուած ծառայութիւններուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սալեզեան միաբանութեան անոնց մատուցած ամենօրեայ անդադար ծառայութեան համար, եւ քաջալերեց բոլորը շարունակելու իրենց տարածքին մէջ ըլլալու լոյսի եւ յոյսի փոքրիկ բոց մը։
Ժամանակի հակասութիւնները
«Քանի մը մեթրի մէջ կարելի է շօշափել այս ժամանակի հակասութիւնները՝ բոլոր յարմարութիւններով մեկնողներու եւ հասնողներու անհոգութիւնը եւ տանիք չունեցողներունը. Բարիի բազմաթիւ ներուժները եւ տարածուող բռնութիւնը. ազնիւ կերպով աշխատելու փափաքը եւ թմրամիջոցներու եւ մարմնավաճառութեան ապօրինի առեւտուրը» ըսաւ Սրբազան պապը ակնարկելով թաղամասին մէջ տիրող հակասութիւններուն որմէ մեկնելով ընդգծեց ժողովրդապետութեան կարեւորութիւնը որպէս մերձաւորութեան եւ գթութեան վայր, ուր կարելի է շօշափելի կերպով դպչիլ մարդոց եւ կացութիւններու իրականութեան։
«Ձեր ժողովրդապետութիւնը կոչուած է այս ստանձնելու մերձեցումի իրականութիւններուն պատասխանատուութիւնը, եւ ըլլալու Աւետարանի թթխմոր եւ մերձաւորութեան ու սիրոյ նշան» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ քարոզը աւարտեց հայցելով Մարիամ` Օգնութեան Մօր հովանին, որպէսզի աջակցի անոնց ճանապարհորդութեան եւ զանոնք զօրացնէ փորձութեան ու փորձանքի պահուն, որպէսզի կարողանան լի օրէն ապրիլ եղբայրութիւնը եւ Աստուծոյ զաւակներու ազատութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
