Որոնել

Պահքը․ Ապաշխարութեան եւ նորոգման ժամանակ. Լեւոն ԺԴ. Պապին մոխրոց օրուան քարոզը

«Այս ծիսական Ժամանակի սկիզբը միշտ նորոգուած ուրախութեամբ վերաբացայայտենք շնորհքը ըլլալու Եկեղեցի մը` որ կոչուած է ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. սկիզբ տալով քարոզին ու յիշեց Յովել մարգարէին զղջումի ի սպաս կոչին խօսքերը, հաւաքելու ժողովուրդը եւ լալու իրենց մեղքերուն համար, ընդգծելով` որ Պահքը զօրաւոր ժամանակ է նաեւ հասարակութեան համար, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ գտնել իր տեղը եւ ճանչնալ իր մեղքերը։ Բոլորն ալ հրաւիրուած են լալու եւ գտնելու շիտակ բառերը. «Ներէ Տէր քու Ժողովուրդիդ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 18 փետրուարին ըստ լատինաց օր մոխրոց օրուան առիթով, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, Հռոմի ''Aventino'' շրջանի մէջ գտնուող ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարին մէջ, գլխաւորեց սուրբ պատարագը` որ սկիզբ առաւ ''ապաշխարութեան'' թափօրով,  մեկնելով Ավենթինօ շրջանի Սուրբ Անսելմոս  եկեղեցիէն եւ հասնելով Սանթա Սապինա պազիլիքայ, մասնակցութեամբ կղերական դասին, երկու եկեղեցիներու կրօնաւորական Միաբանութիւններու անդամներուն եւ աշխարհական հաւատացեալներուն։

Սանթա Սապինա տաճարին մէջ մատուցեցած  պատարագին ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ մոխրոց օրհնութեան արարողութիւնը, որուն առիթով Սրբազան Պապը արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզը, զայն կեդրոնացնելով օրուան խորհուրդին ու նշնանակութեան վրայ, ընդգծելով Պահքի կարեւորութիւնը` որպէս ապաշխարութեան եւ նորոգման ժամանակ։

Ապաշխարութեան կոչը

«Այս ծիսական Ժամանակի սկիզբը միշտ նորոգուած ուրախութեամբ վերաբացայայտենք շնորհքը ըլլալու Եկեղեցի մը` որ կոչուած է ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. սկիզբ տալով քարոզին ու յիշեց Յովել մարգարէին զղջումի ի սպաս կոչին խօսքերը, հաւաքելու ժողովուրդը եւ լալու իրենց մեղքերուն համար, ընդգծելով որ Պահքը զօրաւոր ժամանակ է նաեւ հասարակութեան համար, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ գտնել իր տեղը եւ ճանչնալ իր մեղքերը։ Բոլորն ալ հրաւիրուած են լալու եւ գտնելու շիտակ բառերը. «Ներէ Տէր քու Ժողովուրդիդ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Համայնքային մարգարէութիւն

«Քառասնորդացը այսօր եւս հասարակական զօրեղ ժամանակ է» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով որ պէտ է ընդունիլ որ «Եկեղեցին գոյութիւն ունի նաեւ որպէս համայնքային մարգարէութիւն, որ կը ճանչնայ իր մեղքերը եւ կը դառնայ Աստուծոյ։

Մեղքը անձնական է, սակայն ան կ՛արտայայտուի նաև հասարակական, տնտեսական, մշակութային և կրօնական իրականութիւններուն մէջ՝ երբեմն դառնալով «մեղքի կառուցուածք», նշեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը, Կռքապաշտութիւնը հակադրելու համար անհրաժեշտ նկատելով վերագտնել կենդանի Աստուած՝ ձեռնարկելով դարձի ճանապարհ մը, որ կը պահանջէ ազատութիւն, փոփոխութիւն և սեփական սխալները ընդունելու կարողութիւն, բան մը որ այսօր հազուադէպ կը նկատուի։

Երիտասարդները  եւ աւելի լաւ կեանքի մը կարելիութիւնը

«Պատահական չէ, որ շատ մը երիտասարդներ, նոյնիսկ աշխարհիկացած միջավայրերու մէջ, աւելի քան անցեալին կը զգան մոխրոց չորեքշաբթի օրուան կոչը։ Իրենք են` երիտասարդները, որ յստակօրէն կ՛ ըմբռնեն, թէ աւելի արդար կեանք մը կարելի է, և որ կան պատասխանատուութիւններ այն բաներուն համար, որ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին լաւ չեն ընթանար» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ հաստատելով որ Մեծ Պահքը նպաստաւոր ժամանակ է անձնական և համայնքային նորոգման համար՝ նաև առաքելական չափանիշով,․ ոչ միայն աշխատելու մենք մեր վրայ, այլեւ բացուելու ուրիշներուն առջև՝ միասին որոնելու կեանքի իսկական նորոգումը` Աստուծոյ Թագաւորութեան և անոր արդարութեան հորիզոնին մէջ։

Ապաշխարութեան դաստիարակութիւն

Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց Սուրբ Պօղոս Զ Պապին խօսքերուն, որ Պահքը նկարագրած էր որպէս «ապաշխարական դաստիարակութիւն», որ կը զարմացնէ ժամանակակից մարդը իր խստութեամբ եւ գեղեցկութեամբ։ Ան շեշտեց, թէ Պահքը մեզի կ’օգնէ ճանչնալու մեր մեղքերը եւ դառնալու Աստուծոյ՝ պատրաստուելով Սուրբ Զատկուայ Խորհուրդին։

Խօսելով ապա հաւատացեալներուն գլուխներուն վրայ սրսկուող մոխիրին Լեւոն ԺԴ. Պապը հրաւիրեց անոնց մէջ զգալ այն աշխարհի ծանրութիւնը, որ կ՛ այրի, ամբողջ քաղաքներ՝ պատերազմի կողմէ փոշիացած. միջազգային իրաւունքի եւ ժողովուրդներու միջեւ արդարութեան մոխիրները, ամբողջ էկոհամակարգերու եւ մարդոց միջեւ համերաշխութեան մոխիրները, քննադատական մտածողութեան եւ հին տեղական իմաստութիւններու մոխիրները, այն սրբութեան զգացման մոխիրները, որ կը բնակի իւրաքանչիւր արարածի մէջ»։

Նահատակներու Վկայութիւնը

Ան առ այդ յիշեց հին եւ արդի նահատակներու վկայութիւնը, որոնք կը փայլին որպէս առաջնակներ մեր ճամբուն վրայ դէպի Զատիկ։ Ան շեշտեց անոնց հետքերուն հետեւելու եւ Յարութեան վկայութիւնը տալու կարեւորութիւնը։

Աստուծոյ ուղղել մեր ամբողջ էութիւնն ու սիրտը

«Քառասնօրեայ պահքը, ինչպէս մեզի յուշեց Աւետարանը, մեզ ազատելով ամէն գնով երեւալու փափաքէն (հմմտ. Մտ 6, 2.5.16), կը սորվեցնէ աւելի շուտ տեսնելու այն ինչ որ կը ծնի, կը մեծնայ, եւ մեզ կը մղէ անոր ծառայելու։ Ասիկա խոր ներդաշնակութիւնն է, որ կը հաստատուի` ծոմ պահող, աղօթող եւ սիրող մարդուն սրտին մէջ, կեանքի Աստուծոյ՝ մեր եւ բոլորին Հօր հետ։ Անոր կ’ուղղենք դարձեալ, ժուժկալութեամբ եւ ուրախութեամբ, մեր ամբողջ էութիւնը, մեր ամբողջ սիրտը» եղան Սրբազան Քահանայապետի քարոզին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2026, 17:54