Լեւոն ԺԴ Պապին ճառը Իգական երկու Միաբանութիւններու անդամներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 21 Փետրուար 2026-ին Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց երկու իգական միաբանութիւններու անդամները` Անարատ Յղացեալ Մարիամի Միսիոնար Օպլաթները, միաբանութեան Կանոններու եւ Սահմանադրութիւններու հաստատման 200-ամեակին առիթով եւ Առաքեալներու Տիրամօր Քոյրերը՝ Միաբանութեան հիմնադրութեան 150-ամեակին առիթով։
Ողջունելով ներկաները եւ միաբանութիւններու մեծաւորները Սրբազան Պապը դիտել տուաւ որ հակառակ որ միաբանութիւնները իրարմէ տարբեր պատմութիւններ ունին անոնք կը կիսեն համատեղ տարրեր` ինչպէս հիմնադրութեան երկիրը ու միսիոներական կոչումը։
«Զիս ուղարկեց աւետարանելու աղքատները»
Նորին Սրբութիւնը նախ խօսեցաւ Eugenio de Mazenod-ի մասին որ եղաւ վերոնշեալ Օպալթներու միաբանութեան հիմնադիրը եւ որդեգրած էր «Զիս ուղարկեց աւետարանելու աղքատները» կարգախօսը, որով ըսաւ Սրբազան Պապը ի յայտ կու գայ անոր արի յանձնառումը ծան տագնապներով յատկանշուած Երւոպայի մը մէջ։
Ան պաշտպանեց աղքատներու, բանուորներու եւ գիւղացիներու արժանապատուութիւնը եւ, որպէս Մարսէյի եպիսկոպոս, առատաձեռնօրէն պատասխանեց իրեն բարեկամ` Մոնրէալի արքեպիսկոպոսին օգնութեան խնդրանքին՝ նախ Քանատա, ապա նաեւ Եւրոպա, Ափրիկէ եւ Ասիա միսիոնարներ ուղարկելով։
Սուրբ Հոգիին հանդէպ անոր այս բացուածքին ու սիրոյ հրատապ պահանջներուն նկատմամբ զգօնութեան արդիւնքը եղաւ միսիոներական եւ կոչումի մեծ ծաղկում մը, յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով միաբանութեան այսօրեայ դրութեան, ուր անոնք ներկայ են աւելի քան վաթսուն Երկիրներու մէջ եւ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը յատուկ ուշադրութիւնը դարձնելով վերջիններուն, հարստացած մեծ խարիզմաթիք ընտանիքով և աճող միջ-մշակութային կապերով։
Լեւոն ԺԴ. մէջբերեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին անոնց ուղղած խօսքերը կենդանի պահելու սկզբնական հոգին, Եկեղեցւոյ նուիրելով միսիոներական սլացք ու երթալով աշխարհիս ծայրամասերը։
«Յիսուսի Մօր՝ Մարիամին հետ»
Սրբազան Պապը խօսեցաւ ապա Առաքեալներու Տիրամօր Քոյրերուն դերի մասին, որոնց նշանաբանն է՝ «Յիսուսի Մօր՝ Մարիամի հետ» (Գործք 1,14), եւ կը ներշնչուի Սրբուհի Կոյսի ներկայութենէն՝ Առաքեալներուն մէջ, Վերնատան մէջ։
Միաբանութիւնը հիմնուած է մօտ 150 տարի առաջ, հայր Օգոստինոս Փլանքէի կողմէ, Ափրիկեան Առաքելութիւններու Ընկերութեան գործերուն մէջ ապահովելու համար կիներու անհրաժեշտ ներկայութիւնը։
Արդարեւ բազմաթիւ կիներ՝ Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէն, ընդունեցին միսիոներական կոչումը։ Անոնցմէ շատեր իրենց «այո»-ին գինը վճարեցին իրենց կեանքով՝ առաքելական ծառայութեան դժուարութիւններուն, հիւանդութիւններուն կամ նահատակութեան պատճառով։
Այսօր եւս քոյրերը ներկայ են դժուար պայմաններու մէջ՝ ծառայելով հաւատքով եւ բոլորին նկատմամբ յարգանքով, եւ կը քաջալերուին շարունակելու իրենց առաքելութիւնը՝ որպէս եղբայրութեան եւ խաղաղութեան վկաներ, յարեց Նորին Սրբութիւնը, շեշտը դնելով երկու միաբանութիւնները միացնող շնորհապարգեւին վրայ` որ է «ընտանեկան մերձեցումը»։
«Ընտանեկան մերձեցումը»
«Երկու միաբանութիւններու հիմնադիրները հրաւիրած են հասարակութեան մէջ պահպանելու իսկական ընտանեկան հոգին։ Այս հոգին կը ծնի Աստուծոյ հետ հանդիպումէն՝ յատկապէս Սուրբ Հաղորդութենէն, աղօթքէն եւ Խորհուրդներէն, եւ Սեղանէն կը տարածուի սրտերուն մէջ՝ ծնելով բաժնեկցութիւն, սէր, հոգատարութիւն եւ համբերատար մերձեցում, դարձնելով հաւատացեալները Աստուծոյ սիրոյ արտացոլումը աշխարհին մէջ» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը ճառին աւարտին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն այն բարիքին համար զոր կը գործեն անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
