Figure Skating - Team Event - Pair Skating - Short Program

Առատ Կեանք. Լեւոն ԺԴ Պապին մարզանքի արժէքի մասին նամակը

Միլանօ - Քորթինա Ողիմպիական Ձմեռնային Խաղերուն եւ Պարալիմպիական Խաղերուն առիթներով Սրբազան Պապը պատգամ մը յղեց` որուն մէջ ողջունեց եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր այն անձանց, որոնք ներգրաւուած են այդ միջոցառումներուն մէջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ մարզանքի արժէքի մասին նկատել տալով` որ անիկա կրնայ ըլլալ մասնագիտական եւ յատուկ, բայց նաեւ առողջ գործունէութիւն մը` մարմինին եւ հոգւոյն համար, բաց բոլորին եւ համամարդկային արտայայտութիւն:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ես եկայ՝ որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան, եւ առատութեամբ ունենան» (Յովհ 10,10). Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Լեւոն ԺԴ. Պապին մարզանքի արժէքին նուիրուած յատուկ մէկ նամակին, որ հրատարակուեցաւ այսօր` 6 Փետրատուին, Միլան եւ Քորթինա Տ՜ամփեցցօ քաղաքներու մէջ կայանելիք Ողիմպիական Ձմեռնային Խաղերուն եւ Պարալիմպիական Խաղերուն մեկնարկին օրը, որոնք պիտի աւարտին 22 Փետրուարին։

Սրբազան Պապը նամակը սկսաւ ողջունելով և լաւագոյն մաղթանքներ յղելով բոլոր անոնց, որոնք անմիջականօրէն ներգրաւուած են այս կարեւոր միջազգային միջոցառումին մէջ, ապա առիթէն օգտուելով մտորումներ առաջարկեց մարզանքի մասին.

«Գիտենք, որ մարզական գործունէութիւնը կրնայ ունենալ մանկավարժ եւ բարձր մասնագիտացուած բնոյթ. այդ ձեւով անիկա կը համապատասխանէ մի քանի անձերու կոչման, թէեւ շատերու մէջ կը յառաջացնէ հիացմունք եւ խանդավառութիւն... մարզական գործունէութիւնը ընդհանուր գործունէութիւն մըն է, բաց բոլորին համար եւ առողջ մարմինին եւ հոգւոյն համար, այնքան որ անիկա կը կազմէ համամարդկային արտայայտութիւն մը» գրեց Սրբազան Քահանայապետը նամակին սկիզբը։

Լեւոն ԺԴ Պապին նամակին բնագիրը

Մարզանք եւ խաղաղութեան կառուցումը

Ան ապա ընդգծեց մարզանքի կարեւորութիւնը խաղաղութիւնը խթանելու գործին մէջ այս առնչութեամբ յղում կատարելով «Ողիմպիական Խարտիային» եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Խօսքերուն ինչպէս նաեւ հաշտուած աշխարհի մը յոյսի խորհրդանիշ հանդիսացող ողիմպիական զինադադարի պայմանագիրին` որով Ողիմպիական խաղերու ընթացքին կը կասեցուին թշնամութիւնները։

Մարզանքը, երբ գործուած է առաքինի ոգիով եւ գերազանցութեամբ, կրնայ յառաջացնել հասարակական միութիւն եւ ընդհանուր բարիք, յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Խաղաղութեան ծարաւը ունեցող աշխարհի մը մէջ, մեզի պէտք են գործիքներ, որոնք վերջ կը դնեն «անիրաւութեան, ուժի ցուցադրութեան եւ օրէնքին հանդէպ անտարբերութեան» եւ քաջալերեց Պետութիւնները վերագտնելու եւ յարգելու ողիմպիական հրադադարը.

Մարզանքի կազմաւորող արժէքը

Նորին Սրբութիւնը հուսկ մատնանշեց Մարզանքի կազմաւորող արժէքի մասին, որ կարող է օգնել մարդիկը ապրելու լիարժէք առատ կեանք մը։

Յիսուս արդարեւ որպէս կեդրոն ընտրեց մարդ անհատը եւ փափաքեցաւ որ ան ունենայ առատ կեանք մը, նշեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն որ քրիստոնէական կեանքը նկարագրելու համար օգտագործած է մարզանքի «պատկերներ» ընդգծելու համար «քրիստոնէական կեանքի կարևորութիւնը և անձնական ինքնակարգապահութիւնը»։

Եկեղեցին արդարեւ կը ճանչնայ մարզանքի կազմաւորող արժէքը եւ ան սատարեց զարգացնելու մշակոյթ մը, որ կ՛արժեւորէ մարմինն ու հոգին, դիտել տուաւ Լեւոն ԺԴ, որպէս այս ուսուցումներու տիպարներ ներկայացնելով Ugo di San Vittore-ն եւ Սուրբ Թովմաս Աքուինացին, որոնք ընդգծեցին ֆիզիկական գործունէութեան եւ խաղի կարեւորութիւնը` որպէս աղբիւր հաճոյքի եւ հանգիստի հոգւոյն եւ մարմնին համար։

«Մենք չենք դաստիարակեր միայն հոգի մը, չենք դաստիարակեր միայն մարմին մը. մենք դաստիարակեր ենք անձ մը: Անհրաժեշտ չէ անոր երկուքի բաժանել» գրած է մարդաբան Michel de Montaigne։

Մարզանք. Կեանքի եւ Ժամանակակից Արէոսպագոսի դպրոց մը

«19-րդ եւ 20-րդ դարերու սահմանագիծին, մարզական երեւոյթը դարձաւ զանգուածային։ Աւելին, ծնունդ առին արդի դարաշրջանի ողիմպիական խաղերը (1896)։ Աշխարհականներ եւ հոգեւոր հովիւներ այս իրականութեան հանդէպ աւելի ուշադիր եւ համակարգուած հայեացք ուղղեցին։ Սուրբ Պիոս Ժ-ի (1903-1914) գահակալութենէն սկսեալ, մարզանքի նկատմամբ զարգացաւ աճող հետաքրքրութիւն մը, որ կը վկայուի բազմաթիւ պապական արտայայտութիւններով» գրած է Լեւոն ԺԴ. նամակին մէջ։

Մարզանքի պատմութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ

Կաթողիկէ Եկեղեցին արդարեւ կ՜ընդգծէ մարզանքի կարեւորութիւնը իբրեւ գործիք եղբայրութեան, զօրակցութեան եւ խաղաղութեան արժէքներուն: Մարզական գործունէութիւնը կրնայ օգնել մարդոց զարգացնելու իրենց անհատականութիւնը եւ բարելաւել իրենց ֆիզիկական եւ մտաւոր առողջութիւնը:

Հայրեր ինչպէս Ս. Ֆիլիփօ Ների եւ Ս. Ճովաննի Պոսքօ օգտագործած են մարզանքը իբրեւ գործիք աւետարանութեան եւ դաստիարակութեան: Լեւոն ԺԳ Պապի Rerum Novarum կոչական նամակը խթան հանդիսացաւ բազմաթիւ կաթողիկէ մարզական միութիւններու ծնունդին:

Վատիկանի Բ ժողովը եւս դրական գնահատական տուաւ մարզանքին՝ զայն ներառելով մշակոյթի աւելի լայն շրջանակին մէջ եւ յանձնարարելով, որ ազատ ժամանակը օգտագործուի հոգիի եւ մարմնի առողջութեան ամրապնդման համար:

Մարզանքը իբրեւ Համամարդկային Լեզու

Մարզանքը համամարդկային լեզու մըն է, որ կրնայ միացնել տարբեր մշակոյթներու եւ աւանդութիւններու մարդիկը: Եկեղեցին ճանչցուց մարզանքի կարեւորութիւնը իբրեւ գործիք երկխօսութեան եւ յարաբերութեան այլ կրօնական աւանդութիւններու մարդոց հետ եւ անոնց հետ, որոնք չեն նոյնանար որեւէ կրօնական աւանդութեան հետ:

Մարզանքը եւ անհատի զարգացումը

Մարզանքը գործունէութիւն մըն է, որ կրնայ օգնել մարդոց աճիլ եւ զարգանալ իբրեւ անհատներ:

Մարզական գործունէութիւնը կրնայ օգնել մարդոց զարգացնելու անձնական արժէքներ ինչպէս կարգապահութիւն, համառութիւն եւ համագործակցութիւն: Խմբային մարզանքները, յատկապէս, կրնան օգնել երիտասարդներուն սորվիլ միասին աշխատիլ եւ հասնիլ ընդհանուր նպատակներու: Մարզիչներ եւս ունին կարեւոր դեր մը յառաջ մղելով հոգեւոր արժէքներ` ինչպէս սէրը եւ այլոց հանէդպ յարգանքը:

Մարզանքի հասանելիութեան կարեւորութիւնը

Կարեւոր է, որ մարզանքը հասանելի ըլլայ բոլոր մարդոց, անկախ իրենց տարիքէն, սեռէն կամ ընկերային դիրքէն: Մարզական գործունէութիւնը կրնայ օգնել մարդոց զարգացնելու իրենց անհատականութիւնը եւ բարելաւելու իրենց ֆիզիկական եւ մտաւոր առողջութիւնը, եւ կարող է նաեւ դառնալ հզօր գործիք մը զօրակցութեան եւ ընդգրկման յառաջ մղման համար:

“«Մարզանքը ներդաշնակութիւն է, բայց եթէ փողի և յաջողութեան մոլեգին հետապնդումը գերակշռէ, այդ ներդաշնակութիւնը կը խաթարուի»”

Մարզանքի արժէքներուն սպառնացող վտանգներ

Մարզանքը կրնայ բացասական կերպով ազդուել իրականութիւններէ, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն անոր հիմնարար արժէքներուն: Գլխաւոր վտանգներէն մէկը մարզանքի անհատականացումն է, որ կրնայ հանգեցնել մարդոց արժանապատւութենէն ու ընդհանուր բարիքէն աւելի շատ գնահատելու արդիւնքներն ու դրամը` որոնք կրնան հանգեցնել ոչ բարոյական վարքի մը։

Մարզիկները կրնան մղուիլ կեդրոնանալու իրենց տնտեսական բարեկեցութեան վրայ աւելի, քան իրենց մարզաձեւին հանդէպ հաւատարմութեան եւ խաղի հասարակական չափանիշին։

Բացասական հետեւանքներ

Այս երեւոյթներուն հետեւանքները կրնան բացասական ըլլալ ոչ միայն մարզիկներու, այլեւ ամբողջ հասարակութեան համար: Մարզական արժէքներու կորուստը կրնայ հանգեցնել հասարակութեան անհաւատութեան։ Ուստի կարեւոր է ճանաչել այս վտանգները եւ աշխատիլ մարզանքի աւելի համաչափ եւ յարգալից մօտեցում երաշխաւորելու, որ կը գնահատէ մարդոց արժանապատւութիւնը եւ ընդհանուր բարիքը:

Միայն այս պարագային մարզանքը կրնայ պահպանել իր ներուժը անհատի եւ հասարակութեան զարգացման համար:

Մարզական մրցակցութիւնը եւ հանդիպման Մշակոյթը

Մարզական մրցակցութիւնը կրնայ հնարաւորութիւն ըլլալ անձերու միջեւ միութիւնը յառաջացնելու եւ արժէքներ քաջալերելու, ինչպէս հաւատարմութիւն, կիսում եւ փոխադարձ յարգանք: Մրցակցութիւն բառը լատինական "cum" եւ "petere" բառերէն է, որ կը նշանակէ "միասին փնտռել", եւ այդ կ'ընդգծէ համագործակցութեան եւ կանոններու հանդէպ յարգանքի կարեւորութիւնը, դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «արդար մրցակցութիւնը հիմնարար է հանդիպման եւ փոխադարձ յարգանքի մշակոյթը յառաջացնելու համար»:

Անիկա կը նշանակէ խաղի կանոններն ու սահմանները ընդունիլ եւ ճանչնալ իւրաքանչիւր անձի արժանապատւութիւնն ու արժէքը:

Հանդիսատեսներու եւ երկրպագուներու դերը

Հանդիսատեսներն ու երկրպագուները կարեւոր դեր կարող են խաղալ հանդիպման եւ փոխադարձ յարգանքի մշակոյթը յառաջացնելու մէջ: Սեփական խումբին պատկանելիութեան զգացումը կարող է շատ մարդկանց համար ինքնութեան կարևոր տարր մը ըլլալ, բայց կարևոր է, որ ան չվերածուի «մոլեռանդութեան» կամ բռնութեան:

Միջազգային մրցումներ եւ Մարդկային ընտանիք

Մարզանքի կողմէն խթանուած արժէքները, ինչպէս հաւատարմութիւն եւ փոխադարձ յարգանք, ընդհանուր են իւրաքանչիւր անձի համար եւ կարող են օգնել ազգերու միջեւ խաղաղութեան եւ միութեան յառաջացումին։

Մարզանքը յարաբերական եւ կրթական փորձառութիւն մըն է, որ կը յառաջացնէ հանդիպում, կապերու կառուցում եւ անձնական աճ դաստիարակութեան արժէքներու միջոցաւ, ինչպէս կարգապահութիւն, համառութիւն եւ խոնարհութիւն: Յաղթանակն ու պարտութիւնը կ'օգնեն հասկնալու սեփական սահմաններն ու հնարաւորութիւնները: Սակայն մարզանքը կրնայ ենթարկուիլ աղաւաղումներու, ինչպէս աւելորդ սրբացում, նարսիսիզմ եւ քաղաքական գործիքականացում, որոնք զայն կը զրկեն իր իմաստէն եւ կը վնասեն բարեկեցութիւնը:

Ճիշտ գործելով՝ անիկա կրնայ դառնալ արժանապատւութեան, մասնակցութեան եւ ծառայութեան գործիք նաեւ եկեղեցւոյ մէջ, նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ ակնարկելով նաեւ «Athletica Vaticana» մարզական խումբի փորձառութեան որ Սուրբ Աթոռի մարզական պաշտօնական խումբն է ստեղծուած 2018 ու վկայ է այն իրականութեան թէ մարզանքը կարելի է ապրիլ նաեւ եկեղեցական ծառայութիւն` մասնաւորապէս հանդէպ աղքատներուն եւ դիւրաբեկներուն։ Այստեղ մարզանքը ներկայացում չէ, այլ մերձեցում; ոչ թէ ընտրութիւն, այլ ուղեկցութիւն; ոչ թէ սաստիկ մրցակցութիւն, այլ համատեղ առաջնորդութիւն» գրեց Նորին Սրբութիւնը:

Մարզանքի Հովուական ծառայութիւնը. Կեանքի ճանապարհ դէպի առատութիւն

Լեւոն ԺԴ. ապա ակնարկեց «Տալ Լաւագոյնը» մարզանքին հայող Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ փաստաթուղթին որ նուիրուած է մարզանքի հովուական եւ լոյս կը սփռէ մարզանքի կարեւորութեան վրայ իբրեւ անձնական եւ հոգեւոր աճի գործիք:

Փաստաթուղթը կ'ընդգծէ քրիստոնէական տեսլականի մը անհրաժեշտութիւնը, որ կը գնահատէ անձի արժանապատւութիւնը եւ կը յառաջացնէ արժէքներ, ինչպէս եղբայրութիւն, համերաշխութիւն եւ խաղաղութիւն:

Մարզանքի Քրիստոնէական տեսլականը

Եկեղեցին կը համարէ, որ մարզանքը համամարդկային երեւոյթ մըն է, որ կարող է օգտագործուիլ անձերու անձնական եւ հոգեւոր աճը յառաջացնելու համար: Մարզական գործունէութիւնը կրնայ օգնել զարգացնելու արժէքներ, ինչպէս ժուժկալութիւն, խոնարհութիւն եւ քաջութիւն, եւ կրնայ ըլլալ առիթ Աստուծոյ հետ հանդիպման:

Առ այս մարզական հովուական ծառայութիւնը կարեւոր է եւ Եկեղեցին պէտք է աջակցի մարզիկներուն եւ օգնէ անոնց ապրիլ իրենց մարզական փորձառութիւնը ամբողջական ձեւով, գնահատելով անձի արժանապատւութիւնը եւ յառաջացնելով քրիստոնէական արժէքներ:

Կեանք Առատութեան մէջ

Նամակը եզրափակելով Սրբազան Պապը կ'ընդգծէ «կեանքի առատութեան» կարեւորութիւնը, որ կարելի է ապրիլ մարզական գործունէութեան միջոցաւ: Այս առատ կեանքը չի վերաբերիր միայն յաջողութիւններու կամ արդիւնքներու, այլ կեանքի լիարժէքութեան, որ կ'ընդգրկէ մարմին, յարաբերութիւնները եւ ներաշխարհը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2026, 12:00