Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Իրլանտացի սեռային չարաշահումի զոհ մը հանդպիեցաւ Պապին. «Ան զգաց իմ ցաւս»։

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ հիւրընկալեց իրլանտացի Տէյվիտ Ռայանը՝ ներողութիւն խնդրելով եկեղեցականներու կողմէ կատարուած բռնարարքներուն համար եւ սփոփելով զոհերուն բազմամեայ տառապանքը։ Այս հանդիպումը կը վերահաստատէ Վատիկանի յանձնառութիւնը՝ կոտրելու լռութեան պատը եւ տէր կանգնելու արդարութեան ու վստահութեան վերականգնման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 2 փետրուարին, Վատիկանի մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը առանձնական եւ դռնփակ հանդիպում ունեցաւ Տէյվիտ Ռայան՝ Իրլանտայի «Պլեքրոք» քոլէճի մէջ տասնամեակներ առաջ տեղի ունեցած սեռային չարաշահումի զոհերէն մէկուն հետ, որուն եղբայրը նաեւ Մարքը սեռային չարաշահումի զոհ դարձած է ու մահացած է 2023 թուականին։

Հանդիպումէն ետք, լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Ռայան նշեց որ «Երբեք պիտի չմոռնամ այս փորձառութիւնը։ Ան հասկցաւ իմ ցաւս»։ Ռայան Պապը նկարագրեց որպէս անկեղծ մարդ մը, որ նոյնիսկ առանց նման տառապանք կրած ըլլալու, կրցաւ լիովին զգալ զոհերուն ծանրութիւնը։ Լեւոն ԺԴ. Պապը ներողութիւն խնդրեց Իրլանտայի եկեղեցւոյ զոհերէն եւ յոյս յայտնեց, որ միւս վերապրողներն ալ քաջութիւնը ունենան առաջ գալու եւ խօսելու։

Ան հասկցաւ իմ ցաւս», ըսաւ Ռայանը՝ նկարագրելով Պապին անկեղծութիւնն ու կարեկցանքը։ Ըստ Ռայանի, Լեւոն ԺԴ. Պապը ոչ միայն լսած է իր պատմութիւնը, այլեւ խորունկ շունչ քաշած է իւրաքանչիւր հարցումէ առաջ՝ ցուցաբերելով մարդկային բացառիկ զգայնութիւն։ Քահանայապետը յորդորած է բոլոր զոհերը, որոնք դեռ լուռ կը մնան, քաջութիւնը ունենալ առաջ գալու եւ խօսելու իրենց փորձառութեան մասին։

Հանդիպման ընթացքին Ռայանը Պապին նուիրած է Իրլանտայի պաշտպան Սուրբ Բրիջիտայի խաչը եւ ցոյց տուած իր ու իր եղբօր լուսանկարը՝ յարգելով Մարքի յիշատակը, որ մահացած էր 2023-ին՝ առանց տեսնելու այս յաղթական պահը։

Նշենք թէ, Լեւոն ԺԴ. Պապը վերջին ամիսներուն յաջորդաբար ընդունած է զոհերու խմբակներ Պելճիքայէն եւ միջազգային «ECA Global» կազմակերպութենէն։ Իր վերջին ճառերուն մէջ Պապը շեշտած է, որ եկեղեցւոյ համար «գայթակղութիւն» է, երբ բռնութեան ենթարկուածները չեն գտներ գրկաբաց ընդունելութիւն եւ սփոփանք։

Այս քայլերով Վատիկանը կը փորձէ վերականգնել կորսուած վստահութիւնը եւ ցոյց տալ, որ եկեղեցին այլեւս չի հանդուրժեր լռութեան պատը։ Իրլանտայի կառավարութեան կողմէ 2024-ին հաստատուած քննիչ յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքները, մինչդեռ Պապին այս ժեսթը կը դիտուի որպէս բարոյական մեծ աջակցութիւն զոհերու իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Քահանայապետը վերջերս կայացած ժողովներուն ընթացքին շեշտած էր, որ եկեղեցւոյ համար մեծագոյն «գայթակղութիւնը» զոհերուն նկատմամբ անտարբերութիւնն է։ Այսօրուան այս ընդունելութիւնը եւս մէկ անգամ կը հաստատէ Վատիկանի կամքը՝ դիմագրաւելու անցեալի մութ էջերը եւ սատարելու արդարութեան վերականգնման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2026, 10:55