Որոնել

2026.02.22 Visita Pastorale alla Parrocchia Sacro Cuore di Gesu' a via Marsala

Լեւոն ԺԴ. «Քուարթիչչոլօ»ի ժողովրդապետութեան մէջ. յոյս մը խոցելի տարածքի համար

Լեւոն ԺԴ. Կիրակի մէկ Մարտին, պիտի այցելէ «Քուարթիչչոլօ»ի Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման եկեղեցին, որպէս Զատիկէն առաջ Հռոմի Թեմի մէկ ծուխին կատարած իր երրորդ այցելութիւնը։ Քահանայապետը պիտի հանդիպի Տէհոնեան Հայրերուն յանձնուած համայնքի զանազան խաւերուն՝ ներառեալ քրիստոնէականի մանուկներուն, պատանիներուն ու անոնց ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ ներկայիս բանտարկուած թմրամոլներու չորս մայրերուն հետ։ Ժամը 5-ին ան պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Quarticciolo»-ն «մեծ յուզումով» կը սպասէ Լեւոն ԺԴ.ի այցելութիւնը։  Սրբազան Քահանայապետը` Տէհոնեան Հայրերուն յանձնուած` «Ascensione di Nostro Signore Gesù Cristo» ժողովրդապետութիւն` կը ժամանէ Կիրակի՝ մէկ Մարտի ժամը 16-ին։

Զայն պիտի դիմաւորեն, ի շարս այլոց, Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պալտօ Ռէյնա եւ համայնքի ժողովրդապետ` Հայր Տանիելէ Քանալի։

Սրբազան Քահանայապետը նախ կանգ պիտի առնէ «օրաթորիօ» բակին մէջ, ուր պիտի հանդիպի քրիստոնէականի մանուկներուն, պատանիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Ապա ժողովրդապետութեան սրահին մէջ զինք պիտի դիմաւորեն  «տարածքի խոցելիները»,  այսինքն տարեցներու, հիւանդներու, աղքատներու եւ հաշմանդամներու ներկայացուցիչները, անոնց հոգ տանող կամաւորներուն հետ միասին։

Այս թաղամասին մէջ, որ կը նկատուի Հռոմի ամենամեծ թմրանիւթի վաճառքի կեդրոններէն մին, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ բանտարկուած թմրամոլներու չորս մայրեր։ «Անոնք յոյսի նշաններ են․ մէկը կրօնուսոյց, իսկ միւսը՝ Քարիթասի կամաւոր», կը յայտնէ հայր Քանալին։

Յուզում եւ սպասում

Նորին Սրբութիւնը ապա պիտի հանդիպի ժողովրդապետութեան հովուական խորհուրդին հետ՝ եւ ժամը 5-ին պիտի մատուցանէ Սուրբ Պատարագը Վերջապէս ան պիտի միանայ քահանաներու համայնքին։ Իսկ անոնց համար, որոնք տեղ պիտի չի գտնեն եկեղեցւոյ մէջ, դուրսը պիտի տեղադրուի մեծ պաստառ մը։

«Մեր համայնքին համար այս երրորդ պապական այցելութիւնն է,— կը նշէ ժողովրդապետը -   3 Մարտ 1963-ին եկաւ մեզի այցելեց Յովհաննէս ԻԳ, իսկ 3 Մարտ 1980-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.։ Իսկ այժմ կարգն է Լեւոն ԺԴ. Պապին։

«Մեծ յուզում եւ մեծ սպասում կայ այս այցելութեան համար. Կը պատրաստուինք ոչ միայն գործնական կերպով՝ բոլոր տարածքներու կարգաւորմամբ, այլ մանաւանդ հոգեւոր առումով՝ շաբաթական մտածականներով։ Բոլոր խումբերուն մէջ խորհրդածեցինք Պետրոսի կերպարի մասին» ըսաւ միշտ տեղւոյն ժողովրդապետը։

Վերածնունդի նշան

Սրբազան Քահանայապետի ներկայութիւնը մեծ յոյսի նշան մըն է, մանաւանդ այնպիսի շրջանի մը համար, ինչպիսին է «Quarticciolo»ն,  «բայց պէտք է վկայեմ, որ ոչ մէկը նահանջեց եւ համայնքը միշտ կանգուն մնաց» ըսաւ Ժողովրդապետը աւելցնելով թէ իր միտքը կու գան Եսայի մարգարէին խօսքերը. “Պահապա՛ն, որքա՞ն մնաց գիշերէն”։

«Պապը կու գայ մեզի ըսելու, թէ առաւօտը մօտ է։ Ես այսպէս կը կարդամ զայն՝ որպէս վերածնունդի նշան մեզի համար» հաստատեց համայնքի ժողովրդապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2026, 15:32