2026.02.18 Udienza Generale

Լեւոն ԺԴ. Պապի՝ Իտալիոյ մէջ Հովուական այցելութիւններու ծրագիրը

Քահանայապետական Տան Կառավարութիւնը հրապարակած է Սրբազան Քահանայապետին 2026 թուականի մայիս-օգոստոս ամիսներու հովուական այցելութիւններուն օրացոյցը, որ կը ներառէ իտալական հետեւեալ քաղաքները՝ Փոմփէյ, Նափոլի, Աչեռռա, Փավիա, Լամփետուզա, Ասսիզի, Ռիմինի
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 19 Փետրուարին, Քահանայապետական Տան Կառավարութիւնը հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Պապի 2026 թուականի մայիս-օգոստոս ամիսներուն նախատեսուող հովուական այցելութիւններուն օրացոյցը։

Ան առաջին ճամբորդութիւնը կը կատարէ 8 Մայիսին, իր Քահանայապետ ընտրուելու առաջին տարեդարձին առիթով, դէպի ՝ Փոմփէյի Սրբավայր` ուր պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ եւ աղերսական աղօթք Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածմօր, մինչ յետմիջօրէին կը փոխադրուի Նափոլի, ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը կղերի եւ կրօնաւորներուն հետ։

23 Մայիս, առաւօտեան Սրբազան Պապը կը մեկնի Աչեռռա` զոր մաս կը կազմէ «Terre dei Fuochi» տարածքին, այսինքն «կրակի հողատարածք»ը ուր պիտի հանդիպի տեղւոյն  հաւատացեալներուն հետ։

«Terre dei Fuochi» արտայայտութիւնը կը գործածուի նշելու համար ընդարձակ տարածքներ, յատկապէս Նափոլիի եւ Քազերթայի նահանգներուն միջեւ՝ Քամբանիա շրջանին մէջ (Իտալիա), որոնք տուժած են լուրջ բնապահպանական եւ առողջապահական խնդիրներէ՝ թափօններու անօրինական հեռացումէն եւ զանոնք ոչնչացնելու համար հրահրուած թունաւոր հրդեհներէն։ Այս երեւոյթները պատճառ դարձած են հողի, ստորերկրեայ ջուրերու եւ օդի աղտոտման, որոնց բերումով վտանգուած է նաեւ տեղւոյն բնակչութեան առողջութիւնը։

20 Յունիսին Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Փավիա` ուր պահպանուած են «Սուրբ Օգոստինոսի» մասունքները։ Այս հանգրուանը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին սրտին խօսող հանգրուան է տրուած ըլլալով` որ ինք կը պատկանի Օգոստինեան Միաբանութեան եւ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «Սուրբ Օգոստինոսի զաւակ»։

Չորս Յուլիսին ան պիտի մեկնի Լամփետուզա կղզի, որ եղած է Ֆրանչիսկոս Պապին իտալիոյ տարածքին կատարած առաջին պատմական  ճամբորդութեան վայրը, իր ընտրութենէն ետքը` 2013 թուականին։

Ապա 6 Օգոստոսի առաւօտեան՝ Ան պիտի այցելէ Ասսիզի քաղաքը ու մասնաւորապէս «Սանթա Մարիա Տէլյի Անճելի» տաճարը այնտեղ հանդիպում ունենալով երիտասարդներուն հետ, որոնք Ասսիզի պիտի համախմբուին Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան 800ամեակին առիթով։

22 Օգոստոսի յետմիջօրէին Լեւոն ԺԴ. պիտի այցելէ Ռիմինի քաղաքը ու անցք պիտի կատարէ «Ռիմինիի Միթինկ» հանդիպելով այդ հաւաքին մասնակիցներուն հետ, այնուհետեւ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Թեմի հաւատացեալներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2026, 12:15