Papa Leone XIV riceve il Primo Ministro di Capo Verde

Լեւոն ԺԴ Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Cabo Verde-ի վարչապետին

Առաքելական պալատին մէջ Քահանայապետը ընդունեց վարչապետ Խօսէ Ուլիսես Քորէյա է Սիլվան։ Պետական ​​քարտուղարութեան մէջ քննարկումները կենտրոնացած էին նաև Արևմտեան Աֆրիկայի տարածաշրջանի անվտանգութեան վրայ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր՝ փետրուարի 14-ի առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ, Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց Քափօ Վերտէի Հանրապետութեան վարչապետ Խօսէ Ուլիսես Քորէյա է Սիլվան։ Այս մասին տեղեկացուց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։

Հանդիպումէն ետք՝ Պետական Քարտուղարութեան մէջ, վարչապետը հանդիպում ունեցաւ պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՚ընկերակցէր գերապայծառ Միհայիծա Պլաժը, Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու փոխ քարտուղարը։

«Ջերմ եւ բարեկամական զրոյցներու ընթացքին, — կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, — վերահաստատուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Քափօ Վերտէի Հանրապետութեան միջեւ դրական յարաբերութիւններու վիճակը, յատուկէն ակնարկ կատարելով երկրի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ունեցած ներդրումին եւ 2014 թուականին վաւերացուած երկկողմանի համաձայնագրի կիրարկման առնչութեամբ»։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրի հասարակական եւ տնտեսական իրավիճակի որոշ կողմեր։ Կատարուեցաւ կարծիքներու փոխանակում տարածաշրջանային արդիական հարցերու շուրջ, յատկապէս Արեւմտեան Ափրիկէի շրջանին մէջ անվտանգութեան խնդիրներու մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2026, 13:38