Պատերազմի չորրորդ տարին. Լեւոն ԺԴ. Պապին օգնութիւնը՝ ընդդէմ ցուրտին եւ տագնապին»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապին բարձրացուցած աղօթքը վերածուեցաւ գործնական սիրոյ։
Ի պատասխան եպիսկոպոսներուն տագնապալից կոչերուն, Վատիկանէն ճամբայ ելան երեք մեծ բեռնատարեր՝ օժտուած 80 ելեկտրածին սարքերով, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին այն բնակչութեան համար,որ կը դիմագրաւէ մինչեւ նուազ 15 աստիճան ցուրտը, յատկապէս երբ ենթակառոյցները լուրջ վնասներ կրած են վերջին ռմբակոծումներուն հետեւանքով։
Այս սարքերուն շնորհիւ տաքնալու վայրերուն մէջ ապաստանած քաղաքցիները կրնան ոչ միայն տաքնալ, նաեւ տաք կերակու ուտել։
Դեղորյայք եւ յոյս՝ պատերազմի 4-րդ տարուան մէջ։
Հռոմի Սուրբ Սոֆիա ուքրանական եկեղեցիէն մեկնած օգնութիւնը արդէն հասած է Քիեւ եւ Ֆասթիւ։ Բացի ուժանիւթի աղբիւրներէն, ուղարկուած են նաեւ. Հազարաւոր Անթիպիոթիք եւ հակաբորբոքային դեղեր։
Բարեգորական Ծառայութեան վերատեսչութեան, վերտեսուչ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր այն ընկերութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք «չեն յոգնիր օգնելէ»։ Օգնութեան բաշխումը պիտի կատարուի թեմական ու ծխական ցանցերու միջոցով՝ հասնելով ամենէն կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
