2026.01.17 Sua Altezza Serenissima il Principe Albert II di Monaco

Ուսումնասիրութեան մէջ է Լեւոն ԺԴ-ի այցը Մոնաքոյի Իշխանութիւն

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը լրագրողներուն հաստատած է, որ այժմ ուսումնասիրութեան ընթացքի մէջ է Սրբազան Պապին մէկ այցելութիւնը Մոնաքօ որ կարող է տեղի ունենալ Մարտ ամսուայ աւարտին։ Աննցեալ 17 Յունուարին Վատիկան կատարած այցի ընթացքին Իշխան Ալպերթ Բ. հրաւէր ուղղած էր Քահանայապետին այցելելու Իշխանութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Կարճատեւ, մէկօրեայ այցելութիւն, նման այն ճամբորդութեան, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը կատարեց Քաորսիքա կղզի 2024 թուականի Դեկտեմբեր 15-ին։ Այս է Լեւոն ԺԴ. Պապին ապագայի մէկ Ճամբորդութեան ծրագիրը, որ ներկայիս ուսումնասիրութեան մէջ է, ինչպէս կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը՝ ի պատասխան լրագրողներու հարցումներուն։ Այս մէկը պիտի հանդիսանայ Քահանայապետի մը առաջին այցելութիւնը Մոնաքոյի Իշխանութիւն, որ կը գտնուի Ֆրանսայի հարաւ-արեւելք շրջանին մէջ։

Մոնաքոն աշխարհի երկրորդ ամենափոքր պետութիւնն է՝ Վատիկանէն ետքը։ Իշխանութիւնը ունի շուրջ 39.000 բնակիչ՝ 2 քառակուսի քիլոմեթր մակերեսի վրայ։ Բնակիչներուն երեք քառորդը օտարներ են , որոնք գրաւուուած են միջերկրածովեան կլիմայով եւ որոշ հարկային արտօնութիւններով։ Կաթողիկէութիւնը Իշխանութեան պետական կրօնն է։

Երկրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը

Թուրքիա եւ Լիբանան կատարուած այցելութիւններէն ետք՝ 2025 թուականի Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն, Մոնաքոն կրնայ հանդիսանալ Լեւոն ԺԴ-ի երկրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը՝ իր ընտրութենէն ետքը, որ տեղի ունեցաւ 2025-ի Մայիս 8-ին։ Լեւոն ԺԴ-ը ցանկութիւն յայտնած է նաեւ այցելելու Ափրիկէ։

Արդարեւ Լիբանանէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքին ընթացքին, ան լրագրողներուն վստահեցուցած էր իր փափաքը՝ ոտք դնելու այդ ցամաքին մէջ, յատկապէս Ալճերիա, Սուրբ Օգոստինոսի հայրենի երկիրը.

«Անձամբ կը յուսամ այցելել Ալճերիա՝ Սուրբ Օգոստինոսի կեանքին առնչուող վայրերը տեսնելու համար, բայց նաեւ շարունակելու երկխօսութիւնը եւ կամուրջներ կառուցելու քրիստոնէական եւ իսլամական աշխարհներուն միջեւ։ Նախկինին ալ առիթ ունեցած եմ այս նիւթը շօշափելու, այլ շրջանակի մը մէջ։ Հետաքրքիր է. Սուրբ Օգոստինոսի կերպարը էական դեր կը խաղայ իբրեւ կամուրջ մշակոյթներու միջեւ, որովհետեւ Ալճերիոյ մէջ ան խորապէս յարգուած է իբրեւ հայրենի զաւակ», յայտարարած էր Լեւոն ԺԴ-ը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2026, 07:00