Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Եղբայրութեան լոյսը կրնայ յաղթել եղբայրասպանութեան խաւարին»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Մարդկային Եղբայրութեան Միջազգային օրուան եւ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Մեծ Իմամ Ահմատ Ալ-Թայյեպի կողմէ Մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթի ստորագրման 7-րդ տարեդարձի առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղելով շեշտեց, որ եղբայրութիւնը լոկ վերացական գաղափար մը չէ, այլ անքակտելի կապ մը, որ կը միաւորէ բոլոր մարդիկը՝ որպէս Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էակներ։
Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ներկայիս տիրող բռնութիւններուն եւ պատերազմներուն, որոնք կը հարուածեն մարդկային ընտանիքի բուն կոչումը։ Ան զգուշացուց, որ խաղաղութեան երազը չի կրնար համարուիլ «հին ժամանակներու ցնորք», այլ «պէտք է համոզումով հռչակենք, որ մարդկային եղբայրութիւնը ապրուած իրականութիւն մըն է, որ աւելի զօրաւոր է, քան բոլոր հակամարտութիւնները, տարբերութիւններն ու լարուածութիւնները։ Անիկա ներուժ մըն է, որ պէտք է իրականացուի յարգանքի, բաժնեկցութեան եւ կարեկցութեան հանդէպ ամէնօրեայ շօշափելի յանձնառութեամբ», նշեց Սրբազան Հայրը ու այս առնչութեամբ վերահաստատեց Զայետ մրցանակի յանձնախումբի անդամներուն փոխանցած յորդորը թէ «լոկ խօսքերը բաւարար չեն» նկատել տալով, որ գաղափարներու աշխարհին մէջ մնալը՝ առանց անձնական եւ զգալի արարքներու, կրնայ կործանել մարդկութեան ամենանուիրական երազները։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն եւ բարի կամքի տէր մարդոց՝ դուրս գալու մեկուսացած «արուարձաններէն» եւ քալելու դէպի փոխադարձ պատկանելիութեան գիտակցութիւն։ «Որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք բոլորս կոչուած ենք դուրս գալու արուարձաններէն անդին եւ ձգտելու դէպի փոխադարձ պատկանելիութեան աւելի լիակատար զգացում մը»։
Յիշելով ապա «Զայետ» մրցանակի դափնեկիրները Քահանայապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտրութիւնը՝ որպէս խաղաղութեան կամուրջներ ստեղծողներ ու յիշեց նաեւ Զարքա Եաֆթալին եւ պաղեստինեան «Թաաուոն» կազմակերպութիւնը նկատի տալով, թէ այդ յաղթողները, «յոյսի սերմանողներ են այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ կամուրջներու փոխարէն պատեր կը կառուցէ ու ընտրելով համերաշխութեան դժուարին ուղին՝ փոխանակ անտարբերութեան դիւրին ճամբուն, անոնք փաստեցին, որ նոյնիսկ ամենախոր հակամարտութիւնները կրնան բուժուիլ շօշափելի գործունէութեամբ»նշեց Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ «Զայետ» մրցանակի դափնեկիրներու աշխատանքը կը վկայէ այն համոզումը, թէ «եղբայրութեան լոյսը կրնայ յաղթել եղբայրասպանութեան խաւարին։
Իր պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. երախտագիտութիւն յայտնեց Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու նախագահ Շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահեանին եւ մրցանակի յանձնախումբին՝ իրենց բարոյական կեցուածքին համար։ Ան մաղթեց, որ «ուրիշը» այլեւս երբեք չդիտուի որպէս սպառնալիք, այլ ճանչցուի որպէս հարազատ եղբայր կամ քոյր, հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը ողջ մարդկութեան վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
