Որոնել

Սրբազան Պապին շնորհակալութիւնը Հոգեւոր Կրթութիւններու քարոզիչին «Ես ինձ զգացի հրաւիրուած խորհրդածելու»

Լեւոն ԺԴ. Պապ ուրբաթ 27 փետրուար 2025-ին Վատիկանի Պօղոսեան Մատրան մէջ Հռոմէական Քուրիայի հետ միասին աւարտեց Պահոց հոգեւոր կրթութիւններու շաբաթը՝ զայն բնորոշելով որպէս «խոր, հոգեւոր եւ շատ կարեւոր փորձառութիւն» Զատիկին ուղղուած ճամբուն վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Մեծ Պահքի շրջանին առիթով Վատիկանի Պօղոսեան Մարտան մէջ, այս օրերուն կայացած Հոգեւոր Կրթութիւնը իր աւարտին հասաւ ուրբաթ 27 Փետրուարի երեկոյեան։ Անոր մասնակցած էին Հռոմի Քուրիայի անդամները եւ նոյնինքն Լեւոն ԺԴ. Պապը որ խորհրդածութիւններու նիստերու աւարտին շնորհակալութեան ինքնաբուխ խօսք մը արտասանեց, որուն մէջ շեշտեց Հոգեւոր Կրթութիւններու կարեւորութիւնը յայտնելով որ. «Բոլորս միասին գտնուիլը մեր կեանքին շատ կարեւոր պահ մըն է»։

Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ապա քարոզիչ Գերապ. Erik Varden-ին՝ մենաստանային կեանքի վկայութեան ինչպէս նաեւ յոյսի, ազատութեան եւ ճշմարտութեան մասին  խորհրդածութիւններուն համար, խոստովանելով, թէ ինք անձամբ ինքզինք զգացած է «խորհելու հրաւիրուած», մատնանշելով նաեւ Էուճենիօ Գ Պապի ընտրութեան մասին հատուածի մը եւ Սուրբ Bernardo di Chiaravalle-ի մեկնաբանութեան, որ ժպիտ պատճառեց ներկաներուն։

Պապը ապա յղում կատարելով Սուրբ Պօղոս առաքեալի մատրան մէջ արձանագրուած Փիլիպպեցիներուն ուղղուած նամակէն խօսքին՝ «Ինծի համար կեանքը Քրիստոս է, իսկ մեռնելը՝ շահ»,  վերահաստատեց, թէ յոյսին իսկական աղբիւրը Քրիստոսն է։

Իր եզրափակիչ ողջոյնին մէջ ան հրաւիրեց բոլորը «ապրիլ Քրիստոսի Աւետարանին արժանի կերպով», ընդգծելով հաղորդութեան եւ միասնական աղօթքի կարեւորութիւնը՝ որպէս Եկեղեցւոյ կեանքին հիմնական պահեր։

Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ երգչախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք հոգ տարին ծիսական արարողութիւններուն, որովհետեւ երաժշտութիւնը, ինչպէս նշեց Սրբազան Քահանայապետը, կը նպաստէ հոգին բարձրացնելու դէպի Աստուած  աւելի  քան այն ինչ որ կարող են ընել միայն բառերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2026, 08:00