Լեւոն ԺԴ. ունկնդրութիւն շնորհեց Հունգարիոյ Նախագահին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Այսօր առաւօտեան, Սրբազան Հայր Լեւոն ԺԴ-ը Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ ընդունեց Հունգարիոյ Նախագահ՝ Նորին Գերազանցութիւն պարոն Թամաս Շույոքին։ Ան ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՚ընկերանար Գեարպ. Միհայիցա Պլաժը, Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու հարցերով Ենթաքարտուղար։
Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած զրոյցներուն ընթացքին, որոնք կայացան ջերմ մթնոլորտի մէջ, գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններուն համար եւ այն նպաստին, զոր Կաթողիկէ Եկեղեցին կը բերէ երկրի կեանքին՝ զանազան հասարակական ոլորտներէն ներս։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու մասին, յատկապէս ընտանիքի կեդրոնական դերին եւ աշխարհի մէջ աւելիով խոցելի քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանութեան մասին։
Զրոյցին շարունակութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում միջազգային արդի իրավիճակներու շուրջ, յատկապէս հակամարտութիւններու վերաբերեալ, մաղթելով խաղաղութեան խթանման ուղղութեամբ աւելի մեծ յանձնառութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
