Որոնել

2026.02.04 Udienza Generale

Լսողութիւն և ծոմապահութիւն։ Մեծ Պահքը որպէս դարձի գալու ժամանակ. Լեւոն ԺԴ. Քառասնորդացի պատգամը

«Որպէս մեր ներքին ջանքերու տեսանելի նշան, որոնց միջոցաւ մենք մեզ կը փորձենք, շնորհքի օգնութեամբ, զերծ պահուիլ մեղքէ եւ չարիքէ, պահքը պէտք է ներառէ նաեւ զրկանքի այլ ձեւեր, որոնք նպատակ ունին մեզ տանիլ դէպի աւելի զուսպ կեանքի ձեւի մը, քանի որ «միայն ճգնակեցութիւնը քրիստոնէական կեանքը կը դարձնէ զօրաւոր եւ ճշմարիտ», կը գրէ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով հաւատացեալները շօշափելի եւ գործնական զրկանք մը կատարելու այն է «ձեռնպահ մնալ բառերէ, որոնք կը խոցեն եւ կը վիրաւորեն մեր մերձաւորը»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեծ Պահքը այն ժամանակաշրջանն է, երբ Եկեղեցին, մայրական հոգատարութեամբ, մեզ կը հրաւիրէ Աստուծոյ խորհուրդը կրկին ընտրելու որպէս մեր կեանքի կենտրոն, որպէսզի մեր հաւատքը վերագտնէ իր թափը և մեր սրտերը չկորսուին առօրեայ կեանքի անհանգստութիւններու ու շեղումներուն մէջ». Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Պապը կը սկսի 2026 տարուայ Քառասնորդացին նուիրած պատգամը, որ լոյս տեսաւ այսօր` 13 Փետրուար 2026-ին։

«Իւրաքանչիւր դարձի ուղեւորութիւն կը սկսի երբ մենք թոյլ կու տանք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզի հասնի ու զայն կ՜ընկալենք հոգիի հեզութեամբ», կը գրէ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «զօրեղ կապ մը կայ Աստուծոյ Խօսքի պարգեւի եւ անոր մեր տրամադրած հիւրընկալութեան տարածքի ու վերափոխումի միջեւ, զոր ան կը գործադրէ»։

«Ասոր համար քառասնորդացի ճանապարհորդութիւնը կը դառնայ պատեհ առիթ ականջալուր դառնալու Տիրոջ ձայնին եւ նորոգելու Քրիստոսի հետեւելու մեր որոշումը, անոր հետ կտրելով ճանապարհը` որ կը տանի Երուսաղէմ, ուր իր լիութեան կը հասնի անոր չարչարականի, մահուան եւ յարութեան Խորհուրդը» կը նշէ նորին Սրբութիւնը եւ ասկէ մեկնելով խօսքը կը կեդրոնացնէ Ունկնդրել, Ծոմ Պահել եւ Միասին բառերուն վրայ։

Ունկնդրել

«Այս տարի ես կը ցանկամ նախ եւ առաջ ուշադրութիւնը դարձնել Աստուծոյ Խօսքին տեղ տալու կարեւորութեան, ունկնդրութեան միջոցաւ, որովհետեւ ունկնդրելու տրամադրութիւնը առաջին նշանն է` որով կը բացայայտուի ուրիշի հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու մեր ցանկութիւնը» կը Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով Աստուծոյ Մովսէսին այրող փուշին մէջ յայտնուելու մասին, ուր ցոյց կը տրուի, որ «լսելը Աստուծոյ էութեան յատկանշական ոճն է»:

«Ընկճուածի ճիչը ունկնդրելը ազատագրութեան պատմութեան սկիզբն է, որուն մէջ Տէրը Մովսէսը կը ներգրաւէ, անոր յանձնարարելով բանալ իր որդիներուն ազատութեան ճանապարհ մը: Աստուած ներգրաւուող Աստուած մըն է, որ այսօր եւս մեզի կը հասնի մտքերով» կը գրէ Քահանայապետը աւելցնելով. «Ասոր համար ծիսակատարութեան մէջ Աստուծոյ Խօսքը ունկնդրելը մեզ կը դաստիարակէ աւելի ճշմարիտ կերպով լսելու իրականութեան, եւ Սուրբ Գիրքը մեզ կը դարձնէ ընդունակ անդրադառնալու այն ձայնին, որ տառապանքէն եւ անարդարութենէն բարձրացող ձայնն է` որպէսզի անպատասխան չմնայ»:

«Այս ներքին ընդունակութեան մէջ մտնելը կը նշանակէ թոյլ տալ` որ Աստուծոյ մեզ դաստիարակէ լսելու, մինչեւ որ ճանչնանք աղքատներուն վիճակը` որպէս մարդկութեան պատմութեան մէջ ճիչ մը, որ կը հարցաքննէ մեր կեանքը, մեր ընկերութիւնը, ու նաեւ Եկեղեցին» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը։

Պահեցողութիւն

Քահանայապետին մեկնաբանած երկրորդ բառը Պահեցողութիւնն է. «Եթէ Քառասնորդացը լսելու ժամանակ է, ապա պահքը կը կազմէ գործնական վարժութիւն մը, որ կը յայտնէ Աստուծոյ Խօսքին ընդունելու մեր ընդունակութիւնը» կա հաստատէ Նորին Սրբութիւնը։

«Ուտելիքէն ձեռնպահութիւնը, իրականին մէջ, դարձի ճանապարհին մէջ հնագոյն եւ անփոխարինելի վարժութիւն մըն է: Ճիշտ որովհետեւ ան մարմինը կը ներգրաւէ, աւելի յայտնի կը դարձնէ, թէ ի՞նչ բանի սովը ունինք եւ ի՞նչ բան կը համարենք անհրաժեշտ մեր գոյութեան համար: Ուստի, ան կը ծառայէ, մեր «ցանկութիւնները» զատորոշելու եւ արթուն պահելու արդարութեան սովն ու ծարաւը, զայն փրկելով յուսալքումէն, եւ դաստիարակելով, որպէսզի դառնայ աղօթք եւ պատասխանատուութիւն մերձաւորին հանդէպ» կը կարդանք հուսկ Լեւոն Պապին քառասնորդացի պատգամին մէջ ուր ան ապա յղում կը կատարէ Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն. «Երկրային կեանքի ընթացքին մարդոց մտահոգութիւնն է արդարութեան սով եւ ծարաւ ունենալ, բայց յագենալը կը պատկանի միւս կեանքին: Հրեշտակները կը յագենան այդ հացէն, այդ կերակուրէն: Մարդիկ, ընդհակառակը, անոր սովն ունին, բոլորովին ձգտած են անոր ընծայութեան: Այդ ձգտիլը կը լայնցնէ հոգին, կը մեծցնէ անոր տարողութիւնը»:

«Այս իմաստով հասկցուած պահքը մեզ ոչ միայն թոյլ կը տայ կարգապահել ցանկութիւնը, զայն մաքրել եւ ազատել, այլ նաեւ ընդարձակել, որպէսզի ան Աստուծոյ ընծայուի եւ դէպի բարի գործեր ուղղուի: Սակայն, որպէսզի պահքը պահէ իր Աւետարանական ճշմարտութիւնը եւ հեռու մնայ սիրտը փառաբանելու գայթակղութենէն, ան միշտ պէտք է ապրուի հաւատքով եւ խոնարհութեամբ: Ան կը պահանջէ մնալ արմատացած Տիրոջ հետ հաղորդակցութեան մէջ, քանի որ «իրական պահք չի պահեր, ան որ չի գիտեր Աստուծոյ Խօսքով սնանիլ»:

«Որպէս մեր ներքին ջանքերու տեսանելի նշան, որոնց միջոցաւ մենք մեզ կը փորձենք, շնորհքի օգնութեամբ, զերծ պահուիլ մեղքէ եւ չարիքէ, պահքը պէտք է ներառէ նաեւ զրկանքի այլ ձեւեր, որոնք նպատակ ունին մեզ տանիլ դէպի աւելի զուսպ կեանքի ձեւի մը, քանի որ «միայն ճգնակեցութիւնը քրիստոնէական կեանքը կը դարձնէ զօրաւոր եւ ճշմարիտ», կը գրէ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով հաւատացեալները շօշափելի եւ գործնական զրկանք մը կատարելու այն է «ձեռնպահ մնալ բառերէ, որոնք կը խոցեն եւ կը վիրաւորեն մեր մերձաւորը»:

«Եկէք սկսինք զսպել լեզուն, հրաժարինք կտրող բառերէ, անմիջական դատաստանէ, բացակայի մը մասին վատ խօսելէ, որ կարող չէ ինքզինք պաշտպանել եւ զրպարտութենէ» կը յորդորէ Քահանայապետը հրաւիրելով «ջանք դափել հաւասարակշռելու բառերը եւ մշակելու ազնուութիւնը` ընտանիքի մէջ, բարեկամներու միջեւ, աշխատավայրերուն մէջ, ընկերային ցանցերու եւ քաղաքական բանավէճերու մէջ, ինչպէսն նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ։

«Այդ պահուն բազմաթիւ ատելութեան խօսքեր տեղի պիտի տան յոյսի եւ խաղաղութեան բառերու» գրեց Նորին Սրբութիւնը։

Միասին

Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց Միասին բառի վրայ. «Վերջապէս, Մեծ Պահքը կը շեշտէ Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեան ւ եւ պահեցողութեան գործադրութեան համայնական չափանիշը։ Սուրբ Գիրքը նոյնպէս բազմաթիւ կերպերով կը շեշտէ այս կողմը։ Օրինակ՝ երբ Նէեմիայի գրքին մէջ կը պատմուի, թէ ժողովուրդը համախմբուեցաւ Օրէնքի գրքին հրապարակային ընթերցումը լսելու համար եւ, պահեցողութիւն գործադրելով, պատրաստուեցաւ հաւատքի խոստովանութեան ու պաշտամունքի՝ որպէսզի նորոգէ Աստուծոյ հետ ուխտը (տե՛ս Նէեմիա 9,1-3)։

«Նոյնպէս մեր ժողովրդապետութիւնները, ընտանիքները, եկեղեցական խումբերը եւ կրօնական համայնքները կոչուած են Մեծ Պահքի ընթացքին ապրելու միացեալ ճանապարհ մը, ուր Աստուծոյ Խօսքին, ինչպէս նաեւ աղքատներու եւ երկրի աղաղակին ունկնդրութիւնը դառնայ ընդհանուր կեանքի ձեւ, եւ պահեցողութիւնը զօրացնէ իսկական ապաշխարութիւնը։ Այս հորիզոնին մէջ դարձի գալը կը վերաբերի ոչ միայն անհատի խղճին, այլ նաեւ յարաբերութիւններու ոճին, երկխօսութեան որակին, իրականութենէն հարցաքննուելու եւ ճշմարտապէս մեր փափաքին ուղղութիւն տուողը ճանաչելու կարողութեան՝ թէ՛ մեր եկեղեցական համայնքներուն մէջ, թէ՛ արդարութեան եւ հաշտութեան ծարաւ մարդկութեան մէջ։

Սիրելինե՛ր, խնդրենք շնորհքը այնպիսի Մեծ Պահքի մը, որ մեր ականջը աւելի ուշադիր դարձնէ Աստուծոյ եւ վերջիններուն նկատմամբ։ Խնդրենք պահեցողութեան մը զօրութիւնը, որ անցնի նաեւ լեզուէն, որպէսզի նուազին վիրաւորող խօսքերը եւ աճի ուրիշի ձայնին համար տարածքը։ Եւ յանձնառու, որ մեր համայնքները դառնան վայրեր, ուր տառապողին աղաղակը ընդունելութիւն կը գտնէ, եւ ունկնդրութիւնը ծնի ազատութեան ուղիներ՝ մեզ աւելի պատրաստ եւ ջանասէր դարձնելով սիրոյ քաղաքակրթութիւնը կառուցելու գործին մէջ

Սրտանց կ՛ օրհնեմ բոլորդ եւ ձեր քառասնորդացի ընթացքը։

Տուեալ ի Վատիկան 5 Փետրուար 2026, Կոյս եւ Մարտիրոս Սրբուհի Ակաթայի տօն։

Լեւոն ԺԴ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2026, 12:00