Որոնել

2026.02.01 Gentiluomini di Sua Santità; Addetti di Anticamera; Sediari Pontifici

Լեւոն ԺԴ. ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետի Ազնուականներուն Նախասենեակի ծառայողներուն եւ Պապական Գահակալներուն

Սրբազան Քահանայապետին եւ Քահանայապետական Ազնուականներու միջեւ հանդիպումը նշանակալի առիթ հանդիսացաւ մտածելու Եկեղեցւոյ մէջ ծառայութեան եւ նուիրուիմին կարեւորութեան մասին: Քահանայապետը խրախուսեց ներկաները շարունակելու իրենց աշխատանքը հաւատքով եւ նուիրուածութեամբ, եւ խնդրեց անոնցմէ որ վկաները դառնան կաթողիկէ հաւատքի գեղեցկութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` մէկ Փետրուար 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց եւ ունկնդրութիւն շնորհեց իր անմիջական օգնականներուն, այսինքն Քահանայապետի Ազնուականներուն (Ճէնթըլմաններ) Նախասենեակի Ծառայողներուն եւ Պապական Գահակալներուն։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Պապը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոնց մատուցած ծառայութեան համար, որ նուիրուած է Պապին եւ Եկեղեցւոյ, եւ, ըսաւ Ան, «ինծի կ՛օգնեն առաքելական առաքելութեանս մէջ` ըլլայ Պետական այցելութիւններու, ըլլայ ունկնդրութիւններու ըլլայ պաշտօնական ու նաեւ ընտանեկան հանդիպումներու ժամանակ»։

Կարգաւորել, ընդունիլ, ողջունել

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Քահանայապետական տան տեղակալ Կառավարիչ Գերապ. Լէոնարտօ Սափիենցային եւ փոխ կառավարիչ ` Օգոստինեան միաբանութեան անդամ` Հայր Էտուարտ Տանինակ Տալենկին որոնք կը համադրեն համայն գործունէութիւնը ապա ընդգծեց հաւատարմութեան եւ նուիրուածութեան կարեւորութիւնը Քահանայապետական Տան ծիրէն ներս աշխատանքին մէջ, որ կ՛իրականանայ կարգաւորելու, ընդունելու եւ ողջունելու մէջ ազնիւ եւ համեստ ձեւով:

Հանդիպման Որակը

«Հանդիպման որակը կախուած է նախապատրաստական աշխատանքներու որակէն», ըսաւ Քահանայապետը նշելով` որ պատմութեամբ եւ արուեստով հարուստ վայրը, որուն մէջ կը բնակին, «կը պահանջէ ուշադիր ու խոնարհ ծառայութիւն մը» որուն ծիրէն ներս Պետրոսի Յաջորդին խնամքը նոյնը կը մնայ բոլորի նկատմամբ, անկախ պաշտօնէն կամ դիրքէն։

Արժանապատուութեան եւ հաւատքի վկայութիւն

«Քահանայապետական արարողակարգը բնորոշող սթափ գեղեցկութիւնը արտացոլուած է ձեր իւրաքանչիւր շարժումի մէջ։ Մտաբերելով ձեր նախորդներուն պատմութիւնը՝ վկայեցէ՛ք այդ արժէքները հետեւողական կեանքով մը, գիտնալով, որ պատուոյ ծառայութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն առանձնայատուկ մասնագիտական բարեվարք, այլ՝ նախ եւ առաջ ամուր հաւատք, եւ հետեւաբար՝ հոգեւոր ոճ մը, որ կ՛առաջնորդուի Եկեղեցւոյ եւ Սրբազան Քահանայապետին հանդէպ նուիրումով» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. հրաւիրելով զանոնք արտացոլալու այդ իրականութիւնը իրենց ամենօրեայ գործերուն, կեցուածքին եւ հայեացքներուն մէջ։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց խրախուսելով ներկաները շարունակելու իրենց աշխատանքը եւ նորոգեց անոնց ուղղուած իր շնորհակալութեան խօսքերը անոնց շնորհելով նաեւ իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2026, 11:20