Լեւոն ԺԴ. Նոր միութիւն Եւրոպայի համար՝ լարուածութիւններէ եւ բաժանումներէ անդին
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Սուրբ Քիրիլն ու Մեթոտիոսը՝ սլավներու առաքեալներն ու Եւրոպայի պահապան սուրբերը, կրնան օգնել Եւրոպային՝ նոր կենսունակութիւն ձեռք բերելու»։ Լեւոն ԺԴ. Պապը այս խօսքերը արտասանեց Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, տարբեր լեզուներով ողջունելով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները, այս պարագային յատուկէն խօսքը ուղղելով լեհ ուխտաւորներուն եւ յիշեցնելով «սլավ ժողովուրդներու քրիստոնէութեան, լեզուին եւ մշակոյթին հայրերը»։
«Վերադառնանք անոնց առաքելական գործունէութեան,— ինչպէս կը յորդորէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.— Եւրոպական ցամաքամասի նոր միութեան մը կերտումին համար, որպէսզի յաղթահարուին լարուածութիւնները, բաժանումներն ու հակամարտութիւնները՝ թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ քաղաքական» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Աղօթք հիւանդներուն համար
Եւրոպայի միութեան ի սպաս այս կոչը հնչեց Հիւանդներու Համաշխարհային 34րդ Օրուան օրը։ Արդարեւ Սրբազան Պապը, հազիւ Պօղոս Զ. անուան սրահ ժամանած եւ Նախ քան խորհրդածութիւնը ներկայացնելը կանգ առաւ եւ մոմ մը վառեց սրահին մէջ տեղադրուած Լուրտի Տիրամօր արձանին առջեւ, Լուրտի Տիրամօր տօնին առիթով։
Այս առնչութեամբ Իտալերէն լեզուով ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը նշեց թէ ունկնդրութեան աւարտին պիտի երթայ Վատիկանի Այգիներուն մէջ գտնուող Լուրտի քարայրը եւ մոմ պիտի վառէ՝ իբրեւ իր աղօթքին նշան բոլոր հիւանդներուն համար, «զորս այսօր՝ Հիւանդներու Համաշխարհային Օրուան առիթով, յատուկ սիրով կը յիշենք» ըսաւ Ան ։
Հոգեւոր մօտիկութիւն հիւանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն
Սպաներէն լեզուով ողջոյնի խօսքին մէջ ան յիշեց, որ այս տարուան տօնակատարութիւնը կը կայանայ Չիքլայոյի «Nuestra Señora de la Paz» սրբավայրին մէջ, որ Քահանայապետին սրտին մօտիկ վայր է` ուր Ան կատարած էր իր Եպիսկոպոսի առաքելութիւնը իր «հոգեւոր մօտիկութիւնը» արտայայտելով բոլոր անոնց որոնք կը տօնախմբեն այդ օրը եւ Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնփլով հիւանդներն ու անոնց ընտանիքները։
Զօրակցութեան կոչ Քոլոմպայի համար
«Անոր հովանաւորութեան տակ կը դնեմ նաեւ Քոլոմպիայի մէջ ծանր ջրհեղեղներու զոհերը եւ բոլոր տուժածները, եւ կը յորդորեմ համայն հասարակութիւնը՝ սիրով եւ աղօթքով զօրակցելու տուժած ընտանիքներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը մինչ իտալերէն լեզուով ուղղուած ողջոյնին մէջ երիտասարդները, հիւանդները եւ նորապսակները յանձնեց Սուրբ Կոյսի բարեխօսութեան, որպէսզի «Ան միջնորդէ ձեզի համար Աստուծոյ առջեւ եւ շնորհնքեր պարգեւէ, որոնք պիտի զօրացնեն ձեր կեանքի ընթացքին մէջ»։
Մեծ Պահքը աղօթքի ժամանակ
«Յաջորդ Չորեքշաբթի կը սկսի Մեծ Պահքի շրջանը», յայտնեց հուսկ Լեւոն ԺԴ անգլերէնով, այս շրջանը ներկայացնելով որպէս անհրաժեշտ ժամանակ «մեր գիտութիւնը եւ սէրը Տիրոջ հանդէպ խորացնելու, մեր սրտերը եւ կեանքերը քննելու, եւ մեր հայեացքը կրկին Յիսուսի եւ Անոր սիրոյն վրայ կեդրոնացնելու համար»։
«Թող այս աղօթքի, պահեցողութեան եւ ողորմածութեան օրերը ըլլան զօրութեան աղբիւր, մինչ մենք ամէն օր կը ջանանք մեր խաչը վերցնել եւ հետեւիլ Քրիստոսին» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին յառաջիկայ օրերուն սկիզբ առնով մեծ պահքի շրջանին նուիրած մաղթանքները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
