2026.02.16 Partecipanti alla Plenaria della Pontificia Accademia per la Vita

Սրբազան Պապին ճառը Կեանքի Քահանայապետական Ակադեմիայի Լիագումար Ժողովի մասնակիցներուն

Պատերազմներով յատկանշուած աշխարհի մը մէջ, ուր հսկայական միջոցներ կը տրամադրուին զէնքի արտադրութեան, կեանքի պաշտպանութեան նուիրուիլը կը դառնայ հակահոսանքային եւ անհրաժեշտ ընտրութիւն մը նշեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ, յիշելով իրեն նախորդ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը հայող առողջութեան. «անիկա սպառման բարիք չէ, այլ ընդհանուր իրաւունք, ուստի առողջապահական ծառայութիւններուն հասանելիութիւնը չի կարող ըլլալ առանձնաշնորհում»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 16 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Կեանքի Քահանայապետական Ակադեմիայի Լիագումար Ժողովին մասնակիցները ուրախութիւն արտայայտելով անոնց հետ հանդիպելուն համար ու շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց «մարդկային կեանքին ի սպաս գիտական հետազօտութիւններուն համար»։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց եւ գնահատեց ապա անոնց Ժողովին համար ընտրած նիւթը. «Առողջապահութիւն բոլորի համար։ Կայունութիւն և հաւասարութիւն»։

Համաշխարհային առողջութիւն եւ համատեղ պատասխանատուութիւն

Սրբազան Հայրը ընդգծեց իւրաքանչիւրի առողջութեան եւ բոլորին առողջութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր կապը՝ յիշեցնելով, թէ համաճարակը յստակ կերպով բացայայտեց մարդկային կեանքին բնորոշ փոխկապուածութիւնը։

Առողջութեան պաշտպանութիւնը — ըսաւ ան — չի կրնար սահմանափակուիլ միայն բժշկական շրջանակներով, այլ կը պահանջէ երկխօսութիւն բժշկութեան, քաղաքականութեան, բարոյագիտութեան, տնտեսագիտութեան եւ կառավարման միջեւ։

Պատերազմներով յատկանշուած աշխարհի մը մէջ, ուր հսկայական միջոցներ կը տրամադրուին զէնքի արտադրութեան, կեանքի պաշտպանութեան նուիրուիլը կը դառնայ հակահոսանքային եւ անհրաժեշտ ընտրութիւն մը, նշեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ, յիշելով իրեն նախորդ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը հայող առողջութեան. «անիկա սպառման բարիք չէ, այլ ընդհանուր իրաւունք, ուստի առողջապահական ծառայութիւններուն հասանելիութիւնը չի կարող ըլլալ առանձնաշնորհում»։

Անհաւասարութիւններ եւ կանխարգիլում

Խօսքին կեդրոնական թեմաներէն մէկը առողջապահական անհաւասարութիւններն էին։ Կեանքի տեւողութեան եւ առողջ կեանքի որակի տարբերութիւնները տարբեր երկիրներու եւ հասարակական խումբերու միջեւ կը պայմանաւորուին այնպիսի գործօններով, ինչպիսիք են եկամուտը, կրթութիւնը, բնակավայրի միջավայրը եւ աշխատանքային պայմանները։ Պատերազմները, իրենց հերթին, կը հարուածեն քաղաքացիական կառոյցներուն եւ հիւանդանոցներուն՝ աւելի խորացնելով առողջապահական համակարգերու խոցելիութիւնը։

Այս պատճառով Սրբազան Պապը շեշտեց կանխարգիլման եւ հանրային քաղաքականութիւններու կարեւորութիւնը, որոնք ի վիճակի են ազդելու անհաւասարութիւններու կառուցուածքային պատճառներուն վրայ՝ անցնելով զուտ հռչակագիրային յայտարարութիւններէն դէպի գործնական քայլեր։

«One Health» մօտեցումը եւ արարչութեան խնամքը

Լեւոն ԺԴ մատնանշեց «One Health» տեսլականին որպէս համապարփակ եւ բազմամասնագիտական տիպար, որ կը ճանչնայ մարդկային առողջութեան, շրջակայ միջավայրի եւ կենսահամակարգերու փոխկախուածութիւնը։

Այս շրջանակէն ներս ան յիշեց Laudato si' շրջաբերականը՝ ընդգծելով, թէ բոլոր կենդանի արարածները միացած են անտեսանելի կապերով եւ կը կազմեն «համընդհանուր ընտանիք» մը։

Այս սկզբունքը գործնական քաղաքականութեան վերածելը կը նշանակէ առողջապահական չափանիշը ներառել բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ փոխադրամիջոցներէն եւ գիւղատնտեսութենէն մինչեւ քաղաքաշինութիւն, աշխատանք եւ կրթութիւն։ Արդարեւ ըստ Սրբազան Պապին առողջութիւնը կը կերտուի հասարակական եւ բնապահպանական յարաբերութիւններու խաչմերուկին վրայ։

Հանրային բարիք եւ խնամքի մշակոյթ

Քահանայապետը ի վերջոյ վերահաստատեց հանրային բարիքի սկզբունքը՝ որ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հիմնաքարերէն մէկն է, եւ որ պէտք է արմատաւորուի մերձաւորութեան յարաբերութիւններու եւ ժողովրդավարական մասնակցութեան մէջ։

Միայն խնամքի մշակոյթ մը վերագտնելով է որ կարելի պիտի ըլլայ կառուցել աւելի արդիւնաւէտ եւ կայուն առողջապահական համակարգեր եւ վերականգնել վստահութիւնը բժշկութեան եւ գիտութեան նկատմամբ, նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ու վերահաստատեց միջազգային եւ բազմակողմանի համագործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ հակամարտութիւններու կանխարգիլման եւ աւելի արդար ու համերաշխ համաշխարհային առողջապահական կառավարման խթանման համար։

Պատասխանատուութեան կոչ

Լեւոն ԺԴ. խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ գիտական եւ հաստատութենական նուիրուածութիւնը արտայայտէ փոխադարձ խնամքի այն ոճը, որ կ՚արտացոլացնէ Աստուծոյ հոգածութիւնը իւրաքանչիւր անձի նկատմամբ։ «Որովհետեւ, ըսաւ Ան, Աստուած իր բոլոր զաւակներուն հոգ կը տանի» ապա օրհնեց բոլոր ներկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2026, 11:06