Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը ի նպաստ Ուքրանիայի եւ միջուկային ապազինման եւ փոխադարձ վստահութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 4 Փետրուար 2026-ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող հազարաւոր ուխտաւորները, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը հրաւիրեց ներկաները «աղօթքով աջակցելու Ուքրանիոյ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք ծանր կերպով կը տառապին ռմբակոծումներու հետեւանքներէն, որոնք անգամ մը եւս կը հարուածեն նաեւ ելեկտրական ենթակառուցուածքները» ըսաւ Ան, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Լեհաստանի եւ այլ երկիրներու կաթողիկէ թեմերուն որոնք նախաձեռնած են, «ուքրանացի ժողովուրդին ի նպաստ զօրակցութեան քայլեր», որոնք կը ջանան օգնել բնակչութիւնը դիմանալու այս ժամանակաշրջանի մեծ ցուրտին»։
Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ապա թէ «վաղը կ՛աւարտի 2010 թուականին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահներուն կողմէ ստորագրուած New START պայմանագիրի ժամկէտը, որ նշանակալից քայլ եղած է միջուկային զէնքերու տարածումը սահմանափակելու ուղղութեամբ»։
«Վերանորոգելով իմ քաջալերանքը ապազինման եւ փոխադարձ վստահութեան ի նպաստ իւրաքանչիւր կառուցողական ջանքի, ես յատկապէս զօրեղ կոչ կ՛ուղղեմ թոյլ չտալու, որ այս գործիքը կորսուի առանց անոր գործնական եւ արդիւնաւէտ շարունակութիւնը ապահովելու փորձի» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «Ներկայ իրավիճակը կը պահանջէ ընել ամէն ինչ՝ կանխելու նոր սպառազինութեան մրցավազքը, որ աւելի եւս կը սպառնայ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան»։
«Աւելի քան երբեք հրատապ է վախի եւ անվստահութեան տրամաբանութիւնը փոխարինել համատեղ բարոյականութեամբ մը, որ ի վիճակի ըլլայ կողմնորոշելու որոշումները դէպի հասարակաց բարիքը եւ խաղաղութիւնը դարձնելու բոլորին կողմէ պահպանուած ժառանգութիւն» հաստատեց Լեւոն ԺԴ.։
Յայտնենք` որ New START պայմանագիրը միջուկային զէնքերու նուազեցման մասին պայմանագիր մըն է, որ ստորագրուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսական Դաշնութեան կողմէ՝ Փրակայի մէջ, 8 Ապրիլ 2010-ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
